«ԱՐԱՐԱՏ», 15-20 Յունիս 1970
Զահլէի մէջ բացումը կատարուեր է Հ.Մ.Մ.-ի նոր ակումբին…։
Ա՛յս լուրն է որ իմ ուշադրութիւնը կը գրաւէ թերթին այս շաբթուան թիւերուն մէջ, նկատի ունենալով որ Զահլէն փոքրաթիւ հայութիւն մը ունի իր ծոցը ու մամուլի էջերուն քիչ անգամ արձագանգներ կը հասնին հոնկէ։ Եւ սակայն, ահաւասիկ, քա՛յլ մըն ալ Զահլէն առեր է՝ ամրացնելու համար իր մարզական, սկաուտական եւ մշակութային առօրեային յենարանները։
Խանդավառութիւն բուրող պատկերազարդ թղթակցութիւն մը տպուեր է այս մասին։ Հոն կ՛ըսուի, թէ այս առթիւ Պէյրութէն ալ միութենական պատասխանատուներ փութացեր էին Զահլէ։ Օրը Կիրակի էր (31 Մայիս)։ Բացման արարողութեան ընթացքին յաջորդաբար ուղերձներ կարդացեր են ընկ. Տիգրան Սարաֆեան (ատենապետ Պէյրութի Հ.Մ.Մ.-ի), օրդ. Սիլվա Ճէրէճեան (Զահլէի ակումբին անունով), ընկ. Աբրահամ Աշըգեան (Զահլէի Հ.Մ.Մ.-ի վարչականներէն), Գաբրիէլ Մոլոյեան (արաբերէնով) եւ մտաւորական ընկ. Գէորգ Տարօնի (Պէյրութէն), որ յիշեցուցեր է թէ Հ.Մ.Մ.-ի Զահլէի մասնաճիւղը կը գործէ 1927-էն իվեր։ Կիրարկուեր է գեղարուեստական յայտագիր մըն ալ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերեր են երգիչ Սահակ Խաչատուրեան եւ Նազարէթ Աջապահեան։
Կարդալէ ետք այս լրատուութիւնը, հարց տուի ես ինծի, թէ արդեօք ի՞նչ եղաւ ճակատագիրը Հ.Մ.Մ.-ի Զահլէի այս ակումբին։ Կը գոյատեւէ՞ր անիկա առ այսօր։ Ու պատասխանը ստացայ Պէյրութէն՝ իրազեկ աղբիւրէ մը։ Ո՛չ, ակումբը շատո՜նց գոյութենէ դադրեր էր արդէն…։ Է՜հ, ակումբին բացման օրը ուղերձով հանդէս եկողներէն մին մարգարէացե՞ր էր երբ կ՛ըսէր. «Դժուար է ակումբ ունենալը, սակայն միեւնոյն ատեն աւելի դժուար ու աւելի նուիրական է զայն պահելը»…։
Անցեալ շաբթուան նման՝ դրական արձագանգները կը շարունակուին Նոր Սերունդ մշակութային միութեան «Արտաւազդ» թատերախումբի բեմականացուցած «Քաջ Նազար» փիէսին մասին (հեղ.՝ Դերենիկ Դեմիրճեան, բեմադրիչ՝ ԼութՖի Թապագեան)։ Յովսէփ Ս. Պ. Ճիռեան (գրականութեան տոքթոր Սորպոնէն) դիտելէ ետք բեմադրութիւնը, յօդուածի մը մէջ նկատել կու տայ որ անիկա «մտաւորական հանդիսատեսը գոհացնելու սահմանուած թատերախաղ մըն է, որքան ալ զուարճալի ըլլայ»։
Թատերական ճակատի վրայ, միւս կողմէ, կը պարզուի հետաքրքրական երեւոյթ մըն ալ։ Արդարեւ, «Արտաւազդ» հազիւ աւարտած «Քաջ Նազար»-ի ներկայացումները, այս անգամ Հ.Մ.Մ.-ի թատերասէրներու Արդի Հայ Թատրոնը ծանուցեր է, թէ պիտի բեմադրէ «Կոյսը» անունով փիէս մը, Սարգիս Գրիգորեանի բեմադրութեամբ (Թէաթր տը Պէյրութ, Այն Մրէյսէ, Յունիս 20-21)։ Կը նշանակէ, թէ այդ թուականներուն, միեւնոյն շրջանակին մէջ (Ն.Ս.Մ.Մ.\ Հ.Մ.Մ.) կը գործէին ԵՐԿՈՒ թատերախումբեր, երկու բեմադրիչներով…։ Շռայլութի՞ւն, թէ՞ իսկապէս թատերական ոսկեդար…։
Ինքնուրոյն յօդուածներ քիչ են այս շաբաթ, ցանցառ։
Անոնցմէ մին է Մինաս Գանգրունիի գրութիւնը, ուր յօդուածագիրը կը շարունակէ իր ընթերցողներուն ծանօթացնել «ազգային ու միջազգային երաժշտական գործիքներ» (վերնագիրն է)։ Հոս կը գտնենք պոնկօն (զոյգ թմբուկներ), մենաանէյմը (քշոցի տեսակ մը), բիսթոնը (մխոցներ ունեցող փողային նուագարան) եւ ռապապը։ Այս վերջինը, արաբերէնով, իգական անուն է, սակայն Մ. Գանգրունիի բացատրութիւններէն կը պարզուի, թէ անիկա միաժամանակ անունն է նախնական ջութակի մը, կաշեպատ ձկնաձեւ տուփով եւ երկու լարով։
Երեւանի «Հայրենիքի Ձայն» շաբաթաթերթէն արտատպուեր է հայրենի ռատիոյի արտասահմանեան հաղորդումներու աւագ խմբագիր Շահէ Տատուրեանի լիբանանեան տպաւորութիւնները ամփոփող մէկ յօդուածը։ Ան Յունուարին այցելեր էր Լիբանան, հանդիպումներ ունեցեր էր զանազան շրջանակներու հետ եւ շփումներ հաստատեր մշակութային գետնի վրայ։
Խորհրդային Հայաստանի նկատմամբ «Արարատ»-ի կեցուածքը, հինէն իվեր, յստակ էր։ «Արարատ» մի՛շտ հետամուտ էր դրական ու վարդագոյն տեսնելու խորհրդային վարչակարգը ու առիթ չէր փախցներ ջատագովելու հոն երեւցող մեծ ու փոքր ամէն յաջողութիւն, ամէն յառաջդիմութիւն։ Եւ ան կ՛ակնկալէր միաժամանակ, որ Սփիւռքի բոլոր շրջանակները նո՛յն անվերապահութիւնը ցուցաբերէին Հայաստանի հանդէպ։ Ահա ա՛յս մեկնակէտն է, որ մղած է զինք Ա. էջով տալու Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Խաչիկ Պապիկեանի (Հ.Յ.Դ.-ի մօտիկ անձնաւորութիւն) մէկ յայտարարութիւնը, ուր ան ըսեր է որ «մեր վրայ մեծ տպաւորութիւն ձգեց Հայաստանի յաջողութիւնը մշակոյթի եւ տնտեսութեան մարզերու մէջ» (խորագիրն է)։ Պապիկեան այս խօսքերը արտասաներ է լիբանանեան կառավարական պատուիրակութեան մը ուղեկցութեամբ Հայաստան այցելելէ ետք։ Նախարար Պապիկեան ըսեր է. «Մենք ծանօթացանք Հայաստանի նուաճումներուն, ականատես եղանք հայ ժողովուրդի բերկրալից աշխատանքի արդիւնքներուն, տեսանք միջնադարեան հայկական ճարտարապետութեան հիանալի կոթողները։ …Խորհրդային Հայաստանի մէջ հիւրընկալուելու օրերուն հաճոյքով նկատեցինք, որ կատարուած աշխատանքի եւ ազգային համերաշխ կեանքի շնորհիւ հանրապետութիւնը հասած է շատ գնահատելի մակարդակի։ Ուրախութիւն պատճառեցին մշակութային մարզի վրայ Հայաստանի ձեռք բերած նուաճումները, երաժշտութեան մէջ, քանդակագործութեան, գեղանկարչութեան, թատերական արուեստի, …նաեւ՝ արդիւնաբերութեան, կրթութեան, լուսաւորութեան ասպարէզներուն մէջ»։ Զգալի է, որ Պապիկեանի այս խօսքերուն մէջ թերթը կողմնակից մը, համախոհ մը գտած է իր համոզումներուն։
Հայաստանի առնչուող կարեւոր լուր մըն է նախագահ Նագուշ Յարութիւնեանի եւ մարաջախտ Բաղրամեանի այցը Մարսէյլ։ Այս մասին թղթակցութիւն մը յղած է Երուանդ Խ. Պապոյեան։ Գաղութին կողմէ հայրենի հիւրերուն ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթի մը ընթացքին զօր. Բաղրամեան խանդավառիչ բաներ պատմեր է Հայաստանի մասին։
Եւ ահա՛ ուշագրաւ լուր մը եւս. «Հայ մշակոյթի երեկոյ Ալճերիոյ մէջ»…։
Սխալ չկարդացիք. Ալճերիա։ Հոն հայ գաղութ չենք ունեցած, չունինք հիմա ալ։ Ուրեմն, ո՞վ ինչպէ՞ս կազմակերպեր է հայկական երեկոյ մը այնտեղ…։
Խորհրդային Հայաստանի վայելած առաւելութիւններէն մի՛ն էր այս։ Խորհրդային Միութեան ծիրին մէջ՝ Հայաստան յաճախ կը յաջողէր իր տոհմիկ մշակոյթին շողերը հասցնել մինչեւ հեռաւոր ափեր…։ Այս անգամ հայ ձայնն ու բառը հասեր են Ափրիկէի հիւսիսը՝ Ալճերիա։ Հայաստանէն արուեստագէտներու խմբակ մը տասնօրեայ այցով գտնուեր է այնտեղ։ Ձեռնարկը կայացեր է Ալճերիոյ մայրաքաղաքի Խորհրդային մշակութային կեդրոնին մէջ (Յունիս)։ Ներկայ հանրութեան Հայաստանի մասին պատմեր է «Սովետական Արուեստ» ամսագրի աշխատակցուհի Սաթիկ Խաչիկեան։ Լուսանկարներու ցուցահանդէսով մը պատկերացում մը տրուեր է հայ հանրապետութեան մասին։ Յետոյ սարքուեր է համերգ՝ հայ յօրինողներու գործերով. ալճերիացի գրասէրներուն ծանօթացուեր են Թումանեանն ու Չարենցը։
Լուրի մը մէջ կը հաղորդուի, թէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ընդհանուր տնօրէն Գրիգոր Կիրակոսեան հանգստեան պիտի կոչուի, տարիքի բերումով։ Նոյն պաշտօնին մէջ զինք պիտի փոխարինէ եղեր երիտասարդ ու մտաւորական ուժ մը՝ Միսաք Հայկենց։
Ներքին գաղութային լուրերէն մին է «Ալումնայ գլապ»-ին մէջ սարքուած «Նորահաս սերունդի ցուցահանդէսը» (Յունիս 5-11), արուեստի այլազան գործերով։ Թղթակցութիւնը ստորագրող Սամօ (Սարգիսեան) կը թուէ մասնակից հայորդիներուն անունները, սակայն շեշտը կը դնէ զինք տպաւորած չորս անուններու վրայ. Ռուբէն Նաճարեան (իւղանկարներ), Զաւէն Ճապուրեան (երգիծանկարներ), Հերի Պետրոսեան (արձանիկներ) եւ Յակոբ Սարգիսեան (մոզայիք)։ 55 տարի անց՝ հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ. այս շնորհալի տղաքը հետագային ալ շարունակեցի՞ն արդեօք իրենց վերելքը, նուաճումներ արձանագրեցի՞ն իրենց նախասիրած արուեստի բնագաւառներուն մէջ…։
Քսան կախաղաններու գլխաւոր դէմքը` Փարամազ, ոգեկոչուեր է իր կիսանդրիին շուրջ (Հ.Մ.Մ.-ի Տան մուտքին), նահատակութեան 55-ամեակին առիթով (Յունիս 15)։ Ընկերներ ու պատասխանատուներ ծաղիկներ դրեր են հոն։ Խօսք առեր են Յովհաննէս Ճէրէճեան եւ Հրանդ Գանգրունի։
Այլ լուր մըն է Մանուկներու միջազգային օրուան նշումը Սահակեան լիսէի մէջ (Յունիս 1)։ Հանդէսին բացումը կատարեր է բժշկուհի Հայկուհի Մահտեսեան։ Գործադրուեր է երգէ, նուագէ եւ արտասանութիւններէ բաղկացած յայտագիր մը։ Բանախօսեր է օրդ. Գոհարիկ Տէր Պօղոսեան։
Շաբթուան «Գրական էջ»-ին մէջ լայն հատուած մը տրուեր է Յովսէփ Ս.Պ. Ճիռեանի «Թարմերու խորշոմները» անտիպ թատերգութենէն։ Անիկա ներշնչուած է եղեր Փարիզի Քարթիէ Լաթէնի ուսանողական կեանքէն։ Կը նշուի միաժամանակ, թէ Ճիռեան ունի հայերէնով ու ֆրանսերէնով գրուած այլ թատերգութիւններ ալ։ Նոյն էջին վրայ Ազատուհի Սիմոնեան գրախօսեր է հայրենի ծանօթ արձակագիր Վարդգէս Պետրոսեանի «Հայկական էսքիզներ» երկը, խօսելով անկէ ստացած իր խորունկ տպաւորութեանց մասին։
Ազգային ծանուցումներու գրեթէ չհանդիպեցայ այս շաբաթ։ Բայց կար պսակադրութեան երկու լուր. պսակուեր ու ընտանիք կազմեր են Թոնի Կիւրլէքեան եւ օրդ. Սեւան Ատուրեան (Պէյրութ), Սարգիս Քիւփէլեան եւ օրդ. Մանուշակ Տալտալեան (Պէյրութ)։
Կը հաւատամ, որ հայ ընտանեկան նորակազմ բոյներու հաստատումը, որպէս հայապահպանման ազդակ, հի՛մքն է մեր հաւաքական գոյատեւումին…։