Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԴԵՌ ԿԸ ՇՆՉԷ ՀԱԼԷՊԸ (2) ՄՐՑՈՒՄ ՄԸՆ ԷՐ, ԲԱՅՑ ՊԱՅՔԱՐ ԷՐ՝ ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

ՆԱԶՕ ՃԷՐԷՃԵԱՆ

June 28, 2025
in Գաղութային
0
ԴԵՌ ԿԸ ՇՆՉԷ ՀԱԼԷՊԸ (2)  ՄՐՑՈՒՄ ՄԸՆ ԷՐ, ԲԱՅՑ ՊԱՅՔԱՐ ԷՐ՝ ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

 

Ակումբին բակը, ներքնայարկի սրահէն նուագախումբի փորձի մեղեդիներուն ունկնդրութեամբ, տխրունիական, Հ.Մ.Մ.-ական տղոց ու աղջիկներու եւ ղեկավար ընկերներու հետ սեղաններու շուրջ ընկեր Գօգոյին հիւրասիրած թէյը կամ սուրճը համտեսելով աշխոյժ զրոյցի մէջ էինք: Յանկարծ ակումբ մուտք գործեցին ճերմակ տարազներուն վրայ անգլերէնով ՀՈՄԵՆՄԵՆ արձանագրուած ֆութպոլիստներու ջոկատ մը:

– Ի՞նչ ըրիք,- հարցուցին:

= Փենալթիներով յաղթեցինք, անցանք կիսաւարտական,- պատասխանեց խմբապետ ընկեր Կարօն:

Կարելի՞ բան էր ֆութպոլային հաղորդում մը ստանամ ու հանգիստ մնամ: Ընկեր Կարօ Մաթոսեանէն իմացայ յաջորդ մրցումին թուականն ու վայրը: Երեքշաբթի, 17 Յունիսին, ընկեր Յովսէփ Այվազեանի առաջնորդութեամբ ուղղուեցանք Ազիզիէի շրջան «Ժալա» մինի ֆութպոլի դաշտը:

«Քրիստոնէական ընտանիքներ»ու կազմակերպած «Խաղաղութեան 10-րդ մրցաշարք»ի ծիրին մէջ ընդգրկուած էին 20 խումբեր: Հ.Մ.Մ-.ի մինի ֆութպոլի խումբը կիսաւարտական հանգրուան հասած էր նախորդ մրցումները յաղթելով. «Մութաալիմ Եարանի»ի դէմ՝ 7-4  եւ «Սէն Թէրէզ»ին՝ 3-3 (փենալթի հարուածներով՝ 3-1):

Այդ օր, «ոտքս խերով չեկաւ» մեր տղոց համար: Կիսախաղը 2-4 հաշուով ետ մնալէ ետք, Հալէպի Հ.Մ.Մ.-ի տղաքը երկրորդ կիսախաղին յաջողեցան ոչ միայն հաւասարեցնել հաշիւը, այլ մրցումի աւարտէն 5 վայրկեան մնացած մէկ կօլի առաւելութիւն մըն ալ արձանագրած էին: Սակայն ֆութպոլային չգրուած եւ անբացատրելի օրէնքը,ոմանց համար՝ բախտը, երես թեքած էր ՀոՄենՄենի տղոցմէ: Մրցումը աւարտեցաւ 5-6 արդիւնքով:

Տղաքը խիստ նեղուած էին: Սակայն ես այլ բան կը մտածէի: Նախ ուրախ էի, որ օր ըստ օրէ ապաքինուող Հալէպի մէջ ներկայ գտնուեցայ ֆութպոլի մրցումի մը, թրիպիւնէն բազմաթիւ Հ.Մ.Մ.-ականներու հետ բարձրաձայն «Եալլա Հ.Մ.Մ. եալլա» աղաղակելու առիթը ունեցայ, ծափահարեցի, տագնապեցայ եւ այլն: Մարզադաշտին չորս կողմը լեփ-լեցուն ներկաներ կային: Բոլորն ալ յարգալից ու մարզավայել կը հետեւէին մրցումին: Ոչ մէկ անպատշաճ երեւոյթ մրցակիցներուն հանդէպ: Մէկ խօսքով զգացի, որ գաղութը կը փորձէ ինքզինք վերագտնել, Հալէպը սկսած է շնչել:

Խաղասկզբին առիթ տրուեցաւ նկարուելու եւ ձեռք սեղմելու խումբի պատասխանատու՝ ընկեր Գէորգ Փոնթիկեանի, մարզիչ՝ ընկեր Վահէ Թորոսեանի եւ մարզիկներուն հետ՝ խմբապետ ընկեր Կարօ Մաթոսեան, Ճորճ Օսիկեան, ՃորՃ Սայեղ, Գէորգ Համասեան, Կարօ Ապտուլմասիհ, Մայք Ապտուլմասիհ, Խաժակ Պոսնոյեան, Գարլոս Մաքտիսի, Ֆատի Ֆանօն եւ Անդօ Քոսայեան:

Յաջորդող օրերուն իմացայ, որ Հ.Մ.Մ.-ական ընկեր Կարօ Մաթոսեան 11 կոլով հռչակուած է մրցաշարքի լաւագոյն ռմբարկուն եւ մրցանակաբաշխութեան օրը պարգեւատրուած է կազմակերպիչներուն կողմէ:

1921 թուականին եւ անոր յաջորդող տարիներուն հայ ազգի պատմութեան ամէնէն դժնդակ օրերուն, անձնազոհ ընկերներ ջարդէն մազապուրծ եղած վերապրողները համախմբեցին, անոնց աչքերը յառած Արարատի կատարին՝ ներշնչեցին հաւատք ու կորով, ոգեւորեցին յուսահատ զանգուածները։ Այնթապի «Արարատ» խումբի հիմնադիր երիտասարդութիւնը՝ Վահրիճ Կէօքճեան, Յարութիւն Մոմճեան, Յովհաննէս Գասարճեան, Կարապետ Գասարճեան, Յարութիւն Մոմճեան, Յակոբ Կրպոյեան, Երուանդ Գուզուգեան, Գէորգ Նազարեան, բերդապահ Յովսէփ Սրապոնեան, Գրիգոր Տէյիրմէնճեան եւ ուրիշներ կեանքի կոչեցին իրենց մարզական միութիւնը՝ վերանուանելով Հ.Մ.Մ. «Արարատ», իսկ կարճ ժամանակ մը ետք՝ Հայ Մարմնամարզական Միութիւն։

Հիմնադիր սերունդին յաջորդեցին նորերը՝ Գէորգ Ֆըստգճեան (Եօրկի), Բարսեղ Յարութիւնեան, Կարապետ Աքիլեան, Վարդան Վարդանեան, Վահան Տարվիշեան, Կարապետ Արսլանեան, Աւետիս Վարդանեան, Գրիգոր Վարդանեան։

«Առողջ միտք՝ առողջ մարմնի մեջ» նշանաբանը շարունակուեցաւ թեւածել միջին սերունդի ֆութպոլիստներուն հետ՝ Փանոս Սինանեան, Անթուան Պերեճիգլեան, Յովհաննէս Պեքարեան, Յակոբ Գըզըլկէօզեան (Չօմալիքօ), Հապիպ Քելէ Նահաս, Գէորգ Պօղարեան, Թորոս Արապեան, Մուրատ Թորոսեան, Ճիմի, Ալպէր Պէքարեան, Անդրանիկ Պօպելեան, Նազար Տեր Պօղոսեան, Ռիմոն Պիսիլիս, բերդապահ Գրիգոր Պարոնեան, Վարդան Պաքարեան, Սարգիս Շէօհմէլեան, Յովսէփ Վասոյեան, Յակոբ Յակոբեան, Հապիպ Մխսեան, Գառնիկ Նաճարեան, Լեւոն Արապեան, Խաչիկ Պօպելեան, Նազար Տեր Պօղոսեան եւ շա՜տ ուրիշներ:

Այսօր եւս ղեկավարներուն եւ երիտասարդութեան մօտ նկատելի է շարքն ու համակիրները, յուսահատ զանգուածները (թէեւ նոսրացած) համախմբելու, անոնց հաւատքով ներշնչելու ոգեւորելու, օժանդակելու կորովը:

Ահա թէ ինչպէս կը մտածէի, այդ օր, Ազիզիէի «Ժալա» դաշտին վրայ, մրցումէն ետք:

Հալէպի տխրունիական եւ Հ.Մ.Մ.-ական տղոց մէջ տիրող եռանդը ինծի համար յաղթանակ էր՝ առանց «փենալթիներու» օգնութեան:

Վարձքերնիդ կատար:

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՍԴՀԿ ԴՈՒՐՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ (CCAF)

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 35 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 35 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.