Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԴՀԿ ԴՈՒՐՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ (CCAF)

June 28, 2025
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ՍԴՀԿ ԴՈՒՐՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ (CCAF)

 

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան  Ֆրանսայի Վարիչ մարմինը պաշտօնական յայտարարութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ քաշուած է Ֆրան­սա­յի Հայ­կա­կան միու­թիւն­ներն ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը հա­մակար­գող խոր­հուրդէն՝ CCAF-էն:

Կուսակցութեան  յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

« Նախ եւ առաջ կը նկա­տենք հա­ւասար ներ­կա­յացուցչու­թեան բա­ցակա­յու­թիւն՝ ան­հատնե­րու եւ ան­հա­տական նա­խաձեռ­նութիւննե­րու՝ շրջա­նային  մա­կար­դա­կի վրայ, հոն ուր միու­թե­նական աշ­խա­տան­քը ամե­նաար­դիւնա­ւէտն է:

Երկրորդ, կը դա­տապար­տենք պաշ­տօ­նի ան­սահմա­նափակ կու­տակման ան­փո­փոխու­թիւնը, որ թոյլ կու տայ քա­նի մը պա­տաս­խա­նատուի ան­վերջօ­րէն կառ­չած մնալ որո­շումներ կա­յաց­նո­ղի դիր­քե­րուն: Իշ­խա­նու­թեան նման առե­ւան­գում կը հա­կասէ վե­րանո­րոգ­ման հիմ­նա­կան պահանջին եւ կ՚ամ­րապնդէ դիր­քը ղե­կավա­րու­թեան մը, որ կը հա­կազ­դէ դոյզն փո­փոխու­թեան փոր­ձի, խա­փանե­լով վե­րա­նո­րոգ­ման որե­ւէ հե­ռան­կար, որ անհրա­ժեշտ է առողջ կազմակերպութեան մը հա­մար:

Բա­ցի ատ­կէ, CCAF կը յա­ւակ­նի այնպի­սի ներ­կա­յացուցչու­թեան մը, որ դուրս կը մնայ իր իրա­կան սահ­մաննե­րէն: Ան իրա­ւասու­թիւնն ու­նի ար­տա­յայ­տուելու մի՛այն իր ան­դամնե­րուն անու­նով եւ սահ­մա­նափակ տա­րած­քի մը մէջ: Յա­ւակ­նիլ ամ­բողջ հայ­կա­կան գա­ղու­թին ներկայացուցչութեան՝ կը նշա­նակէ ինքն իրեն թոյլ տալ այնպի­սի օրի­նակա­նու­թիւն մը, որ գաղութը չէ պար­գե­ւած իրեն:

Եւ վեր­ջա­պէս, մե­զի հա­մար անըն­դունե­լի է, որ նման կա­ռոյ­ցի ան­դամ մը իրա­ւազրկուի պաշտպա­նուե­լու հիմ­նա­կան կա­րելիու­թե­նէն, երբ ներ­քա­շուած է ան­հա­մաձայ­նութեան մը մէջ: Մեր­ժել լսել կողմ մը՝ կը նշա­նակէ անար­գել ար­դա­րու­թիւնը եւ ոտ­նա­կոխել թա­փանցկու­թեան սկզբունքը:

Նկա­տի առ­նե­լով այս խո­տորումնե­րը, մե­զի հա­մար բա­րոյա­պէս անհնար է կա­պակ­ցուիլ նոյնանման հա­մակար­գի մը հետ, որուն կա­նոն­նե­րը կը հա­կասեն մեր ար­ժէքնե­րուն: Այ­սու, Սոցիալ Դե­մոկ­րատ Հնչա­կեան Կու­սակցու­թիւնը կը բաժ­նուի CCAF-էն»:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՍԿՍԻ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԵԱՅԻ ԾՐԱԳԻՐԸ

Next Post

ԴԵՌ ԿԸ ՇՆՉԷ ՀԱԼԷՊԸ (2) ՄՐՑՈՒՄ ՄԸՆ ԷՐ, ԲԱՅՑ ՊԱՅՔԱՐ ԷՐ՝ ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Next Post
ԴԵՌ ԿԸ ՇՆՉԷ ՀԱԼԷՊԸ (2)  ՄՐՑՈՒՄ ՄԸՆ ԷՐ, ԲԱՅՑ ՊԱՅՔԱՐ ԷՐ՝ ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

ԴԵՌ ԿԸ ՇՆՉԷ ՀԱԼԷՊԸ (2) ՄՐՑՈՒՄ ՄԸՆ ԷՐ, ԲԱՅՑ ՊԱՅՔԱՐ ԷՐ՝ ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.