Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՍԿՍԻ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԵԱՅԻ ԾՐԱԳԻՐԸ

Կարեւորագոյն Նորութիւն 2025-2026 տարեշրջանէն սկսեալ

June 28, 2025
in Գաղութային
0
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՍԿՍԻ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԵԱՅԻ ԾՐԱԳԻՐԸ

 

 

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հպարտութեամբ կը յայտարարէ Ֆրանսական պետական պաքալորեայի (Baccalauréat Français) ծրագիրին մեկնարկը՝ 2025-2026 տարեշրջանէն սկսեալ։

Սա պատմական նուաճում մըն է վարժարանի պատմութեան մէջ եւ կը հանդիսանայ նոր էջ մը՝ ակադեմական գերազանցութեան եւ միջազգային հնարաւորութիւններու ապահովման ճանապարհին վրայ։

Նախաձեռնութիւնը կ՛արտայայտէ Մեսրոպեանի կրթական պարտաւորութիւնը եւ յանձնառու մօտեցումը՝ մատուցելու բարձրագոյն մակարդակի կրթութիւն Լիբանանի հայ համայնքի զաւակներուն։

Ֆրանսական պաքալորեան աշակերտութեան դիմաց կը բանայ կրթական նոր եւ լայն դռներ, կը զարգացնէ վերլուծական մտածողութիւնը, յառաջ կը մղէ լեզուական հմտութիւնը եւ կը պատրաստէ աշակերտը՝ Եւրոպայի եւ աշխարհի յառաջատար համալսարաններու մուտքին։

Ծրագիրը պիտի սկսի գործադրուիլ յառաջիկայ տարեշրջանի 10-րդ դասարանէն՝ Seconde-էն սկսեալ։ Արձանագրութիւնները սկսած են, կան սահմանափակ թիւով տեղեր։

Մանրամասնութիւններուն համար դիմել Մեսրոպեան վարժարանի քարտուղարութիւն, հեռաձայն՝ 01 260504, 262955, 254940, WhatsApp 03703991, ժամը 8։00-12։00, բացի Շաբաթ եւ Կիրակի օրերէն։

Տեղեկատուական Գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ԱՆԿԷ ԱՆԴԻՆ

Next Post

ՍԴՀԿ ԴՈՒՐՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ (CCAF)

Next Post
ՍԴՀԿ ԴՈՒՐՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ (CCAF)

ՍԴՀԿ ԴՈՒՐՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ (CCAF)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.