Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ԱՆԿԷ ԱՆԴԻՆ

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ

June 28, 2025
in Հայաստան, Յօդուածներ
0
ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ԱՆԿԷ ԱՆԴԻՆ

 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Էրտողանի հրաւէրով այցելեց Իսթանպուլ, ուր, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն, քննարկուած են տարածաշրջանային խաղաղութեան հետ առնչուող հարցեր։ Անցեալին եւս Հայաստանի ղեկավարներ այցելած են Թուրքիա, սակայն անոնք եղած են յատուկ միջոցառումներու հետ կապուած առիթներով։

Նախ այցելութեան արտաքին երեւոյթին մասին, որ կրնայ մեծ կարեւորութիւն չունենալ, սակայն հայ-թուրք յարաբերութիւններու պատմական շրջանակին մէջ կրնայ դիտուիլ որպէս ժեսթ Թուրքիոյ կողմէ՝ ուղղուած Հայաստանին։ Վարչապետը օդակայանին մէջ ու այլուր արժանացաւ բարձր մակարդակի ընդունելութեան, իսկ երկու ղեկավարներու հանդիպումը կայացաւ «Տոլմապահչա» պալատէն ներս, որ ժամանակին կառուցուած է հայ ճարտարապետներու կողմէ։

Գալով հանդիպումի քաղաքական մասին, նկատելի էր, որ միատեղ յայտարարութիւն չհրապարակուեցաւ եւ ոչ ալ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս։ Այս կրնայ թարգմանուիլ, որ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերու շուրջ ընդհանուր եզրեր չկան տակաւին։ Այս իմաստով հարց կը յառաջանայ, թէ ինչո՞ւ Էրտողան նման հրաւէր յղած էր Հայաստանի վարչապետին, երբ ինք տակաւին պատրաստ չէ դուրս գալու Ատրպէյճանի ազդեցութեան տակէն ու վարելու Հայաստանի նկատմամբ իր ուրոյն քաղաքականութիւնը։ Էրտողան նոյնիսկ ստիպուած եղաւ, օր մը առաջ հրաւիրելու նաեւ Ատրպէյճանի նախագահը ու վստահեցնլու անոր, որ անակնկալներ պիտի չպատահին Փաշինեանի հետ հանդիպումին ընթացքին։

Թէեւ Թուրքիա այցելութեան հրաւէրը եղած էր Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ սկսած պատերազմէն առաջ, սակայն Հայաստանի համար կարեւոր էր այս այցելութիւնը, երկիրը ապահովագրելու համար տարբեր վտանգներէ, որոնք կրնան յառաջ գալ Իրան-Իսրայէլ երկարատեւ պատերազմի մը պարագային։ Երեւանի որդեգրած քաղաքականութիւնը, որ կը ձգտի բոլորին հետ երկխօսութեամբ լուծելու առկայ խնդիրները ու հասնելու տարածաշրջանային խաղաղութեան, ամէնէն տրամաբանական մօտեցումը կը թուի ըլլալ, այն պարագային երբ Հայաստան չունի իր ապահովութիւնը երաշխաւորող որեւէ դաշնակից։ Այն պահէն սկսեալ երբ Ռուսաստան հրաժարեցաւ իր ստանձնած դաշնակցային պարտաւորութիւններէն, Երեւանի առջեւ չմնաց այլ ելք, բացի իր հարեւան երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելէ։

Այսօր աշխարհը մեծ փոփոխութիւններու եզրին է եւ ոմանք նոյնիսկ կը խօսին համաշխարհային երրորդ պատերազմի մը մասին։ Այս պայմաններուն տակ, քաղաքական անփութութիւն պիտի ըլլայ, եթէ բոլոր միջոցները չօգտագործուին՝ երկիրը հեռու պահելու նոր պատերազմէ։

Հանդիպումին վրայ եկաւ ստուեր ձգելու յաջորդ օրն իսկ կայացած Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան նախարարական համաժողովին կողմէ ընդունուած «Իսթամպուլի հռչակագիրը»։ Հոն Ատրպէյճան կարողացած էր մտցնել իր ամէն տեսակի հակահայ թէզերն ու յերիւրանքները, այդպիսով «սապոթաժի» ենթարկելով Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան այս փորձը եւս։ Այս առնչութեամբ Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը ստիպուած եղաւ յայտարարելու, որ Ատրպէյճանի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած բանաձեւերուն մէջ տեղ գտած խեղաթիւրուած եւ ծայրայեղ միակողմանի ձեւակերպումները եւ հոն արտայայտուած շեշտադրումները կը հակասեն տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման շահերուն եւ տրամաբանութեան։

Վերջաւորութեան կ’արժէ անդրադառնալ նաեւ մէկ այլ երեւոյթի՝ կապուած այս այցելութեան հետ։ Ինչպէս սովոր է, Փաշինեան արտասահման իր այցելութիւններուն ընթացքին կը հանդիպի տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Պոլսահայ կրօնական ու ազգային մարմիններուն հետ հանդիպումի ընթացքին Հայաստանի վարչապետը արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան ու պատասխանեց անոնց հարցումներուն։ Ուշագրաւ էր, որ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը ոչ մէկ ներկայութիւն ապահոված էր այդ հանդիպումին։ Այս բացակայութիւնը արժանացաւ բոլորի զարմանքին ու վրդովմունքին ու նկատուեցաւ ամէն բանէ առաջ վիրաւորանք՝ պոլսահայ համայնքին ու պոլսահայութեան ամէնուրեք։

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄԻՆ ՊԱՏՃԱՌԸ

Next Post

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՍԿՍԻ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԵԱՅԻ ԾՐԱԳԻՐԸ

Next Post
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՍԿՍԻ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԵԱՅԻ ԾՐԱԳԻՐԸ

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՍԿՍԻ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԵԱՅԻ ԾՐԱԳԻՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.