Հայաստանի մէջ կը շարունակուի առճակատումը պետական ու եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն միջեւ, ընկերակցութեամբ լարուած յայտարարութիւններու, ժողովրդային ցոյցերու, խուզարկումներու եւ ձերբակալութիւններու: Բագրատ արք. Գալստանեանի ձերբակալութենէն ետք, առճակատումին նորագոյն փուլը երէկ կեդրոնացաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը բուռն քննադատող` Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանին վրայ: Քրէական գործի մը հիման վրայ, ապահովական ուժերը երէկ կանուխ առաւօտեան այցելեցին Շիրակի թեմի առաջնորդարան, ուր խուզարկումներ կատարեցին, նիւթեր առգրաւեցին, սակայն չկրցան գտնել առաջնորդը: Քննչական կոմիտէն յայտնեց, թէ սրբազանին կեցութեան վայրին մէջ կը կատարուին քննչական անհրաժեշտ գործողութիւններ:
Իմանալով, որ ան Էջմիածին է, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան եւ ոստիկանութեան ուժերու կեդրոնացում եղաւ այնտեղ եւս: Իսկոյն մայրավանք ուղղուեցան բազմաթիւ քաղաքացիներ՝ պաշտպանելու համար սրբազանը: Իսկ երբ ան փորձեց ներկայանալ ԱԱԾ-ին, քաղաքացիները դէմ դրին ապահովութեան ուժերուն, ԱԱԾ յայտարարեց, թէ «քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին որոշում կայացուած է ձերբակալել արքեպիսկոպոսը, ուստի անոր կոչ կ’ուղղուի չթաքնուելու, այլ ներկայանալու ԱԱԾ-ի խումբին»: Վեհարանէն դուրս եկաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, ղօղանջեցին Երեւանի եւ այլ շրջաններու եկեղեցիներու զանգեր, իսկ մայրաքաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին հաղորդագրութեամբ մը հաւատացեալներուն յորդորեց ուղղուիլ Էջմիածին: Վեհափառ Հայրապետը նշեց, թէ, քննարկումները պիտի շարունակեն եւ որոշեն հետագայ գործողութիւնները: «Բոլորս ջանք պիտի թափենք, որ արդարութիւնը գործէ մեր եկեղեցւոյ, մեր հոգեւորականներուն, սրբազաններուն ու երկրին պարագային», ըսաւ ան, չբացառելով որ սրբազանէն ետք իրենք եւս յայտնուին դատական մարմիններուն առջեւ: Ի տես յառաջացած պայթիւնավտանգ դրութեան, ապահովական ուժերը որոշեցին հեռանալ այր աթոռէն: Իսկ երեկոյեան, հակառակ իր հետեւորդներու յորդորին, սրբազանը հոգեւորականներու եւ քաղաքայիներու ընկերակցութեամբ երթով ուղղուեցաւ Քննչական կոմիտէ: Այնտեղ, ապահովական ուժերուն եւ ցուցարարներուն միջեւ տեղի ունեցաւ հրմշտուք, որուն յաջորդեցին ձերբակալութիւնները: Ներքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ խումբ մը անձեր ձերբակալուած են քրէական գործի ծիրին մէջ եւ փոխադրդուած ոստիկանատուներ: Անոնք կ’ամբաստանուին մանաւանդ արդարադատութեան իրականացումը խոչընդոտելու մէջ: