Քսաններու նահատակութեան 110-րդ տարելիցի ոգեկոչումին առթիւ Լիբանան գտնուող Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Համբիկ Սարաֆեան խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ լիբանանահայ յարանուանական երեք պետերուն հետ: Երէկ, 27 Յունիսի առաւօտեան Պիքֆայայի վանքին մէջ տեսակցեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ, ընկերակցութեամբ վարչութեան անդամ ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանի եւ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի ու փոխատենապետ ընկ. Մարտիկ Ժամկոչեանի: Հնչակեան կուսակցութեան պատուիրակութիւնը ապա այցելեց Ժաաթաուի, ուր տեսակցեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքին հետ: Իսկ երեկոյեան, ընկ. Համբիկ Սարաֆեանն ու ընկերակիցները Հայկազեան համալսարանին մէջ տեսակցեցաւն ՄԱՀԱԵՄ նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի հետ: Հանդիպումները պատեհ առիթ էին քննարկելու հայութիւնը հետաքրքրող նիւթերը՝ ներառեալ լիբանանահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ապահովական ու ընկերատնտեսական խնդիրները, զանոնք յաղթահարելու ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը, վերջին շրջանին լիբանանեան ու տարածաշրջանային պատերազմներուն լոյսին տակ Միջին Արեւեքի մէջ պարզուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ համահայկական թղթածրարները եւ Հայաստանի նորագոյն մտահոգիչ զարգացումները: ՍԴՀԿ-ի պատուիրակութիւնը գնահատեց համայնքային եւ ընդհանրապէս ազգային կեանքին մէջ յարանուանական պետերուն եւ եկեղեցիներուն առանցքային դերակատարութիւնը՝ յարատեւ յաջողութիւն եւ անխափան երթ մաղթելով անոնց: Ժողովականները կարեւորեցին աչալրջութիւնը եւ շեշտեցին մանաւանդ այս անկայուն օրերուն մնայուն հաղորդակցութեան ու համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը՝ նուազագոյն ցնցումներով բոլորելու համար այս փուլը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ տարածաշրջանի հայաշատ երկիրներուն մէջ: