Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԴԵՌ ԿԸ ՇՆՉԷ ՀԱԼԷՊԸ (1) ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ՕԳՃԵԱՆԻ ՄՕՏ

ՆԱԶՕ ՃԷՐԷՃԵԱՆ

June 26, 2025
in Գաղութային, Յօդուածներ
0
ԴԵՌ ԿԸ ՇՆՉԷ ՀԱԼԷՊԸ (1)     ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ՕԳՃԵԱՆԻ ՄՕՏ

 

 

Երազային քաղաքին մէջ իննօրեայ հաճելի կեցութեանս շրջանին «Արարատ»ի բարգաւաճման համար օգտաշատ հանդիպումներ ունեցայ, նախկին ծանօթներուս, հարազատներուս եւ ընկերներու հետ կապերս ամրապնդեցի, նոր դէմքերու ծանօթացայ եւ հոգեւոր, կրթական եւ մտաւորական անձնաւորութեանց հետ նոր կապեր հաստատեցի:

Տոքթ. Յակոբ Օգճեանը նախկին ծանօթներէս է: Ոչ միայն կուսակցական ընկեր, այլ՝ մտերմական ամուր թելերով հիւսուած խնամի: 1989-90 թուականներուն Հալէպի մէջ ժողովականներ էինք՝ շրջանի մտահոգութիւնները կիսող: Անթիլիասի մեր բնակարանը հիւրընկալած ենք զինք ու իր կայտառ կողակիցը՝ խնամի Ալինը, որ կեանքէն անժամանակ հեռացաւ երկու տարի առաջ:

Ատամնաբոյժ բարեկամիս եւ տիկնոջ հետ վերջին անգամ հանդիպած եմ 2022-ին, հայրենի երկնակամարին տակ, երկու թոռներուն՝ Վանիկին եւ Վանէին մկրտութեան առիթով: Ուրախ էր ան, աշխարհով մէկ սփռուած հարազատները շրջապատած էին զինք: Սակայն երբեմն անտրամադիր պահեր ալ կը զգացնէր: Կը մեկուսանար հանգստանալու համար: Աշխարհը իր առօրեայէն «քորոնա»ն նոր թօթափած էր եւ մենք՝ «ամենագէտներս», տոքթորին այս անհանգիստ վիճակը «անոր» կը վերագրէինք: Սխա՞լ կը մտածէինք արդեօք, թէ՞ ոչ, կը մնայ վարկածի ծիրին մէջ, իսկ հետագային կեանքի ժապաւէնը տոքթորին կամքին հակառակ ընթացք առաւ: Կորսնցուց իր բուժքոյրն ու խնամակալ կողակիցը, վերադարձաւ Հալէպ, ձախ սրունքի առողջական խնդիրներ ունեցաւ եւ քամուեցաւ բազկաթոռին:

Եւ ճիշդ հո՛ն ալ գտայ զինք, երբ այցելեցի իր բնակարանը՝ Հալէպի Սուլէյմանիէի կեդրոնը: Լաւ կը ճանչնամ լռակեաց տոքթորը: Շատ պատմելիք, խօսելիք կ’ունենար, սակայն սակաւախօս էր: Փայլուն աչքերը կը խօսէին իր փոխարէն: Եւ այդ քննական աչքերէն շատ բան պէտք էր հասկնայինք: Այդ օրն ալ նոյն տոքթորն էր: 80-ամեայ խամրած աչքերը կը խօսէին միայն, անցկալիր հայեացքով:

Եւ թէ ի՜նչեր կ’ուզէր պատմել տոքթորը, յստակ էր իմ եւ ուղեկցորդներուս՝ տէր եւ տիկին, ընկեր եւ ընկերուհի Ժագ եւ Մարալ Սնունուներուն համար: «Այս բոլորը ինչպէ՜ս անցան, ինչքա՜ն փութով մեկնեցան, թող առողջութիւնս վերականգնուէր, կարենայի հասնիլ Կիլիկեան ճեմարան, բարձրանալ ակումբին աստիճաններէն, հասնիլ ատամնաբուժարանս ու շարունակէի օգտակար ծառայութիւնս սիրելի գաղութիս ու հայրենիքիս»:

Չկայ հալէպահայ մը, որուն ծանօթ չէ տոքթոր Յակոբ Օգճեանը: Իսկ անծանօթ ընթերցողներուն համար տոքթորին կենսագրականը կը մէջբերեմ Կիլիկեան կրթական հաստատութեան հրատարակած «Յուշամատեան»էն օգտուելով:

«Տոքթ. Յակոբ Օգճեան ծնած է 1946-ին, Հալէպ: Որդին է տէր եւ տիկ. Յարութիւն եւ Մարի Օգճեաններու: Ան իր նախակրթական ուսումը ստացած է Ռագգայի (Սուրիա) Ազգային Նուպարեան վարժարանի մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1959-1960 տարեշրջանին, բացառիկ յաջողութեամբ: Ապա յաճախած է տեղւոյն պետական ​​երկրորդական վարժարանը, որուն ընթացքը բոլորելով ձեռք ձգած է սուրիական պաքալորիա՝ բարձր գնահատականով:

Այնուհետեւ ընդունուած է Դամասկոսի Բժշկական համալսարանը, որուն Ատամնաբուժական ֆաքուլթէտը աւարտած է 1974-1975 տարեշրջանին, արժանանալով իր դասախօսներու գովասանքին։ Աշխատած է իր անձնական բուժատան մէջ՝ իր մասնագիտութեան գծով, որպէս սիրուած ատամնաբոյժ։

Ան կանուխէն մտած է հանրային-հասարակական կեանքէն ներս եւ վարած է պատասխանատու պաշտօններ: Եղած է Ազգային մշակութային միութեան եւ Ուրֆայի Վերածնունդ միութեան վարչութեանց անդամ։ Ան մաս կազմած է այս վերջնոյն «Գերագոյն խորհուրդ»ին։

Ան անդամակցած է Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան, անոր սոցիալիստական գաղափարաբանութիւնը համապատասխան գտնելով իր ընկերային հաւատամքին։ 1992-էն ի վեր ան ձեռնհասօրէն վարած է Կիլիկեան ճեմարանի հոգաբարձութեան ատենապետի պաշտօնը, զարկ տալով դպրոցի բարգաւաճման։ Ան անդամ է Կիլիկեան մշակութային միութեան վարչութեան եւ վարած անոր փոխատենապետի պաշտօնը:

Տոքթորը քաջածանօթ է արաբերէն լեզուին եւ տիրացած է թարգմանչական արուեստին: Ան արաբերէնի թարգմանած է Լիբանանի հռչակաւոր իրաւագէտ Մուսա Բրէնսի մէկ պատմական երկասիրութիւնը, որ կը կրէ «ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ՈՃԻՐ» խորագիրը, հրատարակուած Կիլիկեան մշակութային միութեան կողմէ, դպրոցին 75-ամեակին առիթով:

1975-ին, ան լոյս ընծայած է նաեւ «Մանուկներու ատամնային առողջապահութեան մասին գիտելիքներ» վերտառութեամբ գրքոյկ մը, որ ներկայացուցած է որպէս աւարտական թեզ, արժանանալով (DDS) կոչումին։

Ան վերցուցած է զանազան պաշտօններ «Ատամնաբուժական Սենտիքայի» զանազան յանձնախումբերու մէջ:

Տոքթ. Օգճեան ամուսնացած է Ալին Թառխանեանի հետ եւ բախտաւորուած են երեք զաւակով, երկու մանչ՝ Յարութ եւ Պայքար, ու աղջիկ մը՝ Մարիա։ Մեծ հայր է վեց թոռներու՝ Վանիկ, Վանէ (Յարութ եւ Զանի Օգճեաններու զաւակները՝ Սիտնի-Աւստրալիա), Ալպեր, Բերլա (Պետիկ եւ Մարիա Պետերեաններու զաւակները՝ Թորոնթօ-Գանատա), Կալին եւ Սելին (Պայքար եւ Փաթիլ Օգճեաններու զաւակները՝ Ապու Տապի-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)»:

Տոքթոր Օգճեանին Հալէպի մէջ ապրող հարազատներու եւ ընկերներու շարքին, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ի մասնաւորի ընկեր Ժագ Սնունուին եւ ընկերուհի Մարալ Քիւփելեան-Սնունուին, վաստակաշատ ատամնաբոյժ խնամիիս առաւելագոյն հոգատարութիւն ընծայելնուն համար:

Քաջառողջութիւն կը մաղթեմ աննկուն հայրենասէր գաղափարական, կրթանուէր եւ հասարակական երբեմնի գործիչին։

 

 

Share68Tweet42
Previous Post

  ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒ, ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՁՈՒԼՈՒՄ

Next Post

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ՈԳԵԿՈՉԷ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԸ

Next Post
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ՈԳԵԿՈՉԷ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԸ

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ՈԳԵԿՈՉԷ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.