Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒ, ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՁՈՒԼՈՒՄ

ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ (Քուէյթ)

June 26, 2025
in Յօդուածներ
0
   ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒ, ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ  ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՁՈՒԼՈՒՄ

 

 

Մայրենի լեզուն՝ մարդկային հիմնական իրաւունք

Ինչո՞ւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն վտանգուած լեզուներու ցանկ մը ունի։

Որովհետեւ մայրենի լեզուն խորապէս միահիւսուած է անհատի եւ համայնքի մը ինքնութեան, մշակոյթին, եւ ժառանգութեան հետ։ Մայրենի լեզուն գործածելու եւ պահպանելու կարողութիւնը կարեւոր է մշակութային բազմազանութեան եւ անհատական արժանապատուութեան պահպանման համար։ Արտայայտուելու ազատութեան իրաւունքը կը ներառէ լեզուի ընտրութիւնը, որով պէտք է արտայայտուի։ Այսինքն մէկու մը մայրենի լեզուն փոխանցելու, սորվեցնելու եւ գործածելու սահմանափակումը կրնայ դիտուիլ որպէս այս հիմնական իրաւունքի խախտում։ Իմացած լեզուով հասկնալու եւ հաղորդակցելու կարողութիւնը էական նշանակութիւն ունի մարդկային այլ իրաւունքներու հասանելիութեան համար, ինչպէս կրթութեան իրաւունքը, արդար դատավարութիւնը, եւ հասարակական կեանքին մասնակցութիւնը։

Ահա թէ ինչու ՄԱԿ-ը, 1999-ին, Փետրուար 21-ը Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր յայտարարեց: Այս Օրը կը ջատագովէ լեզուական բազմազանութիւնը եւ բազմալեզուութիւնը՝ շեշտելով որ մայրենի լեզուով կրթութիւնը կենսական է որակեալ ուսուցման եւ աւանդական գիտելիքներու սերունդէ-սերունդ փոխանցման համար։

Մշակութային ձուլումը՝ վտանգի առաջնահերթ գործօն

Անցեալ յօդուածին մէջ անդրադարձանք լեզուներու մեծաքանակ անհետացումի զանազան պատճառներուն, սակայն մեծագոյն դրդապատճառին պիտի անդրադառնանք հոս՝ մշակութային ձուլում։

Մշակութային ձուլում կը նշանակէ, թէ ընկերութեան մը անդամները ողջ են եւ կ’ապրին իրենց աւանդական հողերուն վրայ, բայց իրենց լեզուն կը տկարանայ, վերջաւորութեան կ’անհետանայ եւ կը փոխարինուի ուրիշ լեզուով մը: Պատճառներէն մէկը մեծ թիւով մարդոց ժամանումն է բնիկ ժողովուրդի մը հողամասին վրայ, ինչպէս պատահեցաւ գաղութատիրութեան ժամանակ:  Աւստրալիա եւ հիւսիւսային Ամերիկա ամէնէն ցայտուն օրինակներէն են:  Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, փոքրաթիւ ժողովուրդի մը լեզուն՝ իր ռազմական գերակայութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման համար, տիրապետութեան խորհրդանիշը կրնայ դառնալ, ինչպէս յաճախ պատահեցաւ եւրոպացիներուն Ափրիկէ ներխուժումէն ետք:

Օրինակի համար, քենիացի հեղինակ Նկուկի ուա Թիօնկօ կը գրէ, թէ իր մայրենի լեզուն գործածող աշակերտը ծեծի կ’ենթարկուէր եւ իր վիզէն կախուած տախտակի մը վրայ գրուած կ’ըլլար. «Ես ապուշ եմ», «ես էշ եմ»:  Ան պէտք էր անգլերէն խօսէր: Ալասքայի Դլինկլիդ ցեղախումբէն մէկը կը գրէ. «Մինչեւ օրս, երբ Դլինկլիդ խօսիմ, բերանիս մէջ օճառին համը կը զգամ»: Անոր բերանը օճառով կը լուային ամերիկացի ուսուցիչները իր մայրենի լեզուն խօսելուն համար: Հետեւա՞նքը: Նսեմութեան եւ ամօթի զգացում մայրենի լեզուին հանդէպ, ամչկոտութիւն եւ դժկամութիւն մայրենի լեզուն գործածելու:

Երբեմն, սակայն, աշխարհագրական մօտիկութիւնը կարեւոր չէ որ մշակոյթ մը ազդէ ուրիշ մշակոյթի մը վրայ: Այսօր, 21-րդ դարուն թափ առած արեւմտեան սպառողական մշակոյթը թափանցած է բոլոր աշխարհը, եւ տիրապետող լեզուն սորվիլը՝ սպաներէն հարաւային Ամերիկայի մէջ, սուահիլի արեւելեան Ափրիկէի մէջ, եւ անգլերէնը, իրականութեան մէջ ամէնուրեք, կը դիւրացնէ մշակութային ձուլումի ընթացքը:

Երեք ճակատագրական փուլեր

Ի՞նչ է պատահածը։

Լեզուաբաններ, ընկերալեզուաբաններ եւ ընկերաբաններ կը հաստատեն, որ վտանգուած լեզու մը կ’անցնի երեք փուլէ.

Առաջին փուլ՝ մեծ ճնշում կը դրուի ժողովուրդին վրայ տիրապետող լեզուն խօսելու (կրնայ այդ գալ քաղաքական, տնտեսական կամ ընկերային աղբիւրներէ):

Այս փուլը կ’առաջնորդէ երկրորդին՝ երկլեզուութիւն:  Այսինքն, ժողովուրդը կը սկսի ատակ դառնալ նոր լեզուին, պահելով իր հին/մայրենի լեզուին ատակութիւնը:  Յետոյ, յաճախ շատ արագ, այս երկլեզուութիւնը կը սկսի տկարանալ եւ հին/մայրենի լեզուն տեղի կու տայ նորին:

Այս փուլը կ’առաջնորդէ երրորդին՝ երիտասարդ սերունդը ատակ կը դառնայ նոր լեզուին եւ հին/մայրենի լեզուն ոչ մէկ առնչութիւն կ’ունենայ անոր նոր պէտքերուն հետ:  Այս, յաճախ, զուգահեռ կ’ընթանայ ամօթի զգացումով ծնողներու եւ զաւակներու մօտ: Ծնողներ կը սկսին աւելի քիչ գործածել հին/մայրենի լեզուն իրենց զաւակներուն հետ կամ անոնց առջեւ: Նոր ծնող մանուկները միայն նոր լեզուն կը սորվին: Տունէն դուրս, փոքրիկները միայն նոր լեզուն կը գործածեն, եւ տասնամեակի մը ընթացքին ընտանիքի մը երկլեզուութիւնը կը փոխուի մէկլեզուութեան՝ նոր լեզուն կը փոխարինէ մայրենին, որ իր կարգին աւելիով կը մօտենայ անհետացումի:

Ընկերալեզուաբաններ քաջատեղեակ են, թէ անկարելի է առաջին փուլին հետ առնչուած ազդակները փոխել եւ պահպանել լեզուն, եւ թէ շատ ուշ է երրորդ փուլին հասած լեզու մը փրկել: Ուերմն, կը մնայ երկրորդ փուլը՝ երկլեզուութեան շրջանը, ուր կարելի է ազատել մայրենի լեզու մը:

 

Կեցուածքի եւ դիրքորոշումներու ազդեցութիւնը

Այս իմաստով, կեցուածք, դիրք, վարք, բարք, ընթացք, վերաբերմունք կորիզը կը կազմեն վտանգուած լեզուներու հետազօտութիւններուն: Ի՞նչ կը նշանակէ մայրենի լեզուի հանդէպ կեցուածք, եւ ի՞նչ են դրական կամ ժխտական դիրքերու հետեւանքները։

Այսպէս, երբ խօսողներ հպարտ զգան իրենց լեզուով, ուրախանան երբ լսեն իրենց լեզուն, իրենք միշտ գործածեն իրենց լեզուն, ստեղծագործեն այդ լեզուով, հաւատան թէ մայրենի լեզուն կարեւոր է իւրայատուկ ինքնութիւն արտայայտելու, ընտանեկան սերտ յարաբերութիւններ կերտելու, պատմական կապեր պահելու, ազգային հպարտութիւն մշակելու, եւ միշտ առիթներ ստեղծեն լեզուն գործածելու, այդ կը նշանակէ, թէ պարագաները նպաստաւոր են լեզուն պահպանելու համար:

Սակայն, երբ մարդիկ ամչնան իրենց լեզուն գործածելու, նախընտրեն մեծամասնութեան լեզուն խօսիլ, մայրենի լեզուն ծաղրանքի նիւթ դարձնեն եւ յետամնացներու լեզու համարեն զայն, այդ կը նշանակէ, թէ կարելի չէ որ վտանգուած լեզուն երկար գոյատեւէ:

 

Ժխտական կեցուածքներու հետեւանքները

Ի՞նչ են ժխտական դիրքերու հետեւանքները։ Թուենք անոնցմէ քանի մը հատը. աւանդական լեզուի ուսուցման բացակայութիւն, ազգային եւ եկեղեցական կեանքին մէջ մասնակցութեան տկարացում, աւանդական արժէքներէ հեռացում, ինքնութեան տագնապ, մեծ ծնողներու հետ հաղորդակցութեան խզում, պատկանելիութեան զգացումներու կորուստ, տան մէջ մայրենի լեզուին գործածութեան պակաս, լեզուի վտանգում եւ լեզուի անհետացում։

Ուրեմն, անհրաժեշտ է դրական կեցուածք սնուցանել լեզուներ պահպանելու համար, չէ՞։ Այո՛, բայց դժբախտաբար, յաճախ դրական կեցուածքներ բացակայ են քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական պատճառներու համար:

Բացատրենք:

 

Քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական տուեալներ

Ընդհանրապէս Ափրիկէի բոլոր կառավարութիւնները լեզուներու զանազանութիւնը կը դիտեն որպէս սպառնալիք ազգային միասնականութեան, որովհետեւ շրջանի պատմութիւնը լի է ցեղային պայքարներով: Մինչեւ օրս, Էրէթրիա, օրինակի համար, կը մերժէ իր լեզուներէն որեւէ մէկը հռչակել որպէս երկրին պաշտօնական լեզուն՝ խռովութեան առաջքը առնելու համար: Որովհետեւ մայրենի լեզուն մօտէն առնչուած է ինքնութեան հետ, փոքրամասնութիւն կազմող լեզու մը զօրացնելու առաջարկները կասկածով կը դիտուին ոչ միայն Ափրիկէի մէջ, այլ նաեւ Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զելանտայի մէջ:

Լատին Ամերիկայի մէջ բնիկ լեզուները չեն դիտուիր որպէս սպառնալիք ազգային միասնականութեան, սակայն հոն ալ անտարբերութիւնը կը տիրէ:  Փոքրամասնութիւններու լեզուները պաշտօնապէս անտեսուած են կառավարական գրասենեակներուն, լսատեսողական մամուլին, դրամատուներու, առեւտուրի եւ բարձր ուսման հաստատութիւններուն մէջ: Հետեւաբար, լեզուն կը կորսնցնէ բառամթերք, շարահիւսութեան ձեւեր, դիրք, կ’անհետանայ կեանքի լուրջ մարզերէն, ոչ մէկը կ’ուզէ գործածել զայն եւ ընկերային դիտանկիւնէն դիտուած կը սկսի անհետանալ:

Փերուի քիւէչուայ եւ այմարա լեզուները մէկ միլիոնէ աւելի խօսողներ ունին:  Սակայն, այս լեզուները խօսողներուն թիւը հետզհետէ կը պակսի, երբ անոնք տնտեսական պատճառներու համար իրենց գիւղերը ձգելով կը գաղթեն դէպի ծովեզերեայ քաղաքները եւ իրենց լեզուն կը փոխեն սպաներէնի: Իսկ գիւղերը մնացողները սկսած են իրենց մայրենի լեզուն դիտել որպէս յետամնացութեան նշան եւ խոչընդոտ իրենց տնտեսական բարելաւման համար:

 

ԵՈՒԵՍՔՕ-ի վտանգուած լեզուներու դասակարգումը

Վստահ կարդացողը արդէն համեմատեց համաշխարհային լեզուներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները աշխարհատարած հայկական գաղութներուն եւ անոնց մայրենիին ճակատագիրին հետ։ ճիշդ է ձեր վերլուծումը։ Այս իմաստով, վստահ կարդացողը նաեւ հարց կու տայ, թէ ի՞նչ է պատահածը: Ի՞նչ կը պատահի արեւմտահայերէնին՝ մեր մայրենի լեզուին։

Նախ արժեւորենք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի յայտարարութիւնը։ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի վտանգուած լեզուներու ցանկը կը պարունակէ հինգ դասակարգեր՝

  1. Խոցելի (Vulnerable). Մանուկներ լեզուն կը խօսին, սակայն անոր գործածութիւնը կրնայ սահմանափակուած ըլլալ որոշ մարզերու (օրինակ՝ տան մէջ միայն)։
  2. Վստահաբար վտանգուած (Definitely Endangered). Մանուկներ այլեւս լեզուն չեն սորվիր որպէս իրենց մայրենի լեզուն տան մէջ։
  3. Սաստիկ վտանգուած (Severely Endangered). Լեզուն կը խօսուի միայն մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն ու աւելի մեծ սերունդներուն կողմէ. ծնողներու սերունդը կարելի է տակաւին հասկնայ զայն, բայց չի խօսիր զայն մանուկներուն հետ կամ իրար միջեւ։
  4. Ծայրայեղ վտանգուած (Critically Endangered). Խօսողները մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու սերունդէն են եւ աւելի մեծ, եւ անոնք լեզուն մասամբ եւ հազուադէպօրէն կը խօսին։
  5. Մեռած (Extinct). Այլեւս խօսող չկայ. մեռած կը համարուի եթէ 1950-ականներէն ի վեր ծանօթ խօսող չէ եղած։

Հետաքրքրական էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի լեզուներու վտանգումի հինգ դասակարգերէն արեւմտահայերէնի երկրորդ դիրք՝ վստահաբար վտանգուած, դասաւորումի ստեղծած հակազդեցութիւններուն հետեւիլ՝ նախ ընդվզում եւ ժխտում, յետոյ համաձայնութիւն, եւ վերջապէս՝ յանձնւում եւ անտարբերութիւն:  Ընկերալեզուաբանական դիտանկիւնէն դիտուած բոլորն ալ մտահոգիչ կեցուածքներ կը համարուին:  Ինչո՞ւ:

Նախ, երկու յստակացում.

Առաջին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի յայտարարութիւնը կը պարունակէ 100 տարուայ ժամանակամիջոց մը (հազուագիւտ են այդ լեզուները, որոնք իրենց բոլոր խօսողները կորսնցուցած են անակնկալօրէն կամ մէկ պատահարով)։ Այսինքն, սոյն յայտարարութենէն ետք, արեւմտահայերէնը՝ դասուած որպէս վստահաբար վտանգուած, տակաւին մօտաւորապէս 100 տարուայ կեանք ունի:

Երկրորդ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի յայտարարութիւնը նախազգուշացում մըն է, որ հիմնուած է երեք տուեալներու վրայ.

  1. խօսողներու տարիք,
  2. խօսողներու թիւ,
  3. սերնդական փոխանցում։

Եթէ լուրջի առնուի նախազգուշացումը եւ լեզուապահպանումի լուրջ, արհեստավարժ եւ հաւաքական քայլեր ի գործ դրուին, ինչպէս քաթալան, պասք, հաուայերէն, եւ մաուրի լեզուները, որոնք գրեթէ անհետացած էին բայց այսօր կ’ապրին, կարելի է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի յայտարարութիւնը որպէս նախազգուշացում նկատել եւ աշխատիլ որպէսզի արեւմտահայերէնը միւս 2922 լեզուներու ուղին չբռնէ մինչեւ այս դարուն վերջը:

 

Լեզուներու եւ կենսոլորտային այլազանութիւն

Ներկայիս չափահասներ գիտեն եւ փոքրեր կը սորվին, թէ որչափ անհրաժեշտ է պահպանել եւ խնամել բնութիւնը, աշխարհի անտառները, կենդանիներու տեսակները եւ կենսոլորտային այլազանութիւնը: Նմանապէս, ժամանակն է որ գիտակցինք, թէ որչափ անհրաժեշտ է ոչ միայն պահպանել եւ խնամել աշխարհի լեզուները, այլ նաեւ՝ արեւմտահայերէնը՝ մե՛ր մայրենի լեզուն։

Ինչպէ՞ս։

Պատասխանը՝ յաջորդիւ։

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՍԻՏՆԻԻ ՄԷՋ. ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ 110-ԱՄԵԱԿԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Next Post

ԴԵՌ ԿԸ ՇՆՉԷ ՀԱԼԷՊԸ (1) ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ՕԳՃԵԱՆԻ ՄՕՏ

Next Post
ԴԵՌ ԿԸ ՇՆՉԷ ՀԱԼԷՊԸ (1)     ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ՕԳՃԵԱՆԻ ՄՕՏ

ԴԵՌ ԿԸ ՇՆՉԷ ՀԱԼԷՊԸ (1) ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ՕԳՃԵԱՆԻ ՄՕՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.