Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Աւստրալիոյ Վարիչ մարմինին հրաւէրով, Կիրակի, 15 Յունիսին, Մըքուարի Փարք գերեզմանատան Մեծ եղեռնի յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ Հնչակեան Քսան կախաղաններու 110-րդ յիշատակի հաւաքը, ներկայութեամբ Վարիչ մարմինին եւ խումբ մը քատրային ընկերներու:
Հաւաքը սկիզբ առաւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի քայլերգով, որմէ ետք, յանուն հնչակեան երիտասարդութեան ելոյթ ունեցաւ ընկեր Անդօ Կիւլվարդեան: Ան յատկապէս շեշտեց, թէ «տարբեր պիտի ըլլար արեւմտահայութեան ճակատագիրը, եթէ Քսաններն ու անոնց պատկանած կուսակցութիւնը յաջողէին իր լրումին հասցնել 1913-ին Ռումանիոյ մէջ գումարուած Ս.Դ.Հ.Կ. 7-րդ համագումարին գաղտնի որոշումը, որուն հիման վրայ պէտք էր ահաբեկել հայութեան դէմ ցեղասպանութիւն նախապատրաստող դահիճները: Քսանները չկրցան կանխել մեր ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը, սակայն անոնք կրցան յաջորդ սերունդներուն մէջ վառ պահել Հնչակեան կուսակցութեան գաղափարական հիմունքները, որոնցմով կ’առաջնորդուի Մայր կուսակցութիւնը իր պատմութեան անցնող 138 տարիներուն ընթացքին: Այդ սկզբունքները կը կայանան Հայաստանի հանդէպ անվերապահ նուիրումի, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, ընկերային արդարութեան ու ժողովրդավարութեան մէջ»:
Ապա ընկեր Անդօ Կիւլվարդեան եզրափակեց՝ ըսելով. «Ինչպէս Քսանները հաւատացին հայ ժողովուրդի յաւերժութեան, այդպէս ալ մենք կը հաւատանք, որ, հակառակ մեր ժողովուրդի դիմագրաւած ներկայի բոլոր դժուարութիւններուն, Հայաստանի ապագան պիտի ըլլայ աւելի փայլուն ու աւելի բարգաւաճ, որպէսզի Քսաններուն կտակը կատարուած ըլլայ»:
Օրուան խորհուրդին մասին ներկաներուն իր սրտի ոգեւորիչ խօսքը փոխանցեց Սիտնիի Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկեր Սեպուհ Գալփաքեան:
Այս սեղմ հաւաքին ներկաները յուշակոթողին առջեւ խոնարհեցին մէկական ծաղիկներ:
Յարգանքի մատուցման այս ներքին հաւաքը իր լրումին հասաւ «Ուխտի Հրաւէր»ի կատարումով:
Այս առիթով, ներկաները նոյն գերեզմանատան մէջ այցելեցին կարգ մը ննջեցեալ ընկերներու շիրիմներ, առ ի յարգանք Աւստրալիոյ շրջանին անոնց ծառայութիւններուն, գլխաւորաբար՝ ողբացեալ ընկեր Կարպիս Ապէճեանին շիրիմը: