Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (2) ԶԷՅԹՈՒՆ

June 26, 2025
in Այլազան
0
ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (2)  ԶԷՅԹՈՒՆ

ԲԱՐԹՈՒՂԻՄԷՈՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԽՕՍՔԷՆ 1895-96 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԶԷՅԹՈՒՆԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆԱԽՕՐԷԻՆ

Զէյթունի բարբառով.-

«Ժողովուրդ մեր գեղացըք չիւր հումմօ շոտ ծեծվածին թուրքին հիտը. չիրք բանըհամոր գիտէք. ասիմ ձիզ պաշխօ բանը համոր չէ․ իլլէ միլլաթը․ ուրինքէ. վէ հէյուն հուղըն ազատութընը համոր․ ըմմար մեր տուշմօնը օլօմոն չի կանցոնք կըաշնացըանի։ Էօսիւր համոր պէտքէ ուր նիւրիկէն ծիծվանք թուրքին հիտը իրինց ուճախնըն անցընինք, մինէվիւր թէ պիտի գիտանէք Խուր էս տէօկիւշը առջէ տէօկիւշնուն կիմի չէ էս շօտ մինծէ. հէմ իտէմիտէննէ. չիւնքիւ պիւթիւն հէյուն ազատութընը համոր պիտի ծիծվընք. էս տէպէն ամէն մորդ մէռնըլը ջարդըվըլը ճակօտը թուղ առնու մէոնընքնը հէյու համոր է․ էկեր էս տէպէն իւժէօվ իլլինքնը պիւթիւն օզգը ազատված կունը․ էկեր Ասպոծ չէնէ ջարդվընք նը նահատոկ, մէրտիւրիւս կունընք. ըմմը պիւթիւն օզգը մուրն իվիրէն կունա․ դօք է ինտէս տէօկիւշիւ մէջ չոց գըտնըվըլ պէտքէ գիտէք, ուր օզգը չըկկաշնավա, ու ազատութըն գըատնօ. չոց ուր անըթա ասլօնը օվը գատնիլօ համոր կու բլլըվա ու կու բըլլըվա իբեուր գօտնօնը իւժօվմը վիրէն կու շուքէ զինտէն կիմի պէտքէ չուքէք տուշմունան վիրէն․ էս ըառանտ գիտացէք թուր չըսպանօծ մէռնէօղը նէ մէրտիւրիւս կունա նէտէ ար-քավութան կանը իրթօ, նէ օզգ կու հէսէպվա, ծըածկավիցէք հօտ մը իվիլ ըսպաննել. չոց ուր ամէն մորդ էս ասօծիս կիմի ծիծվանը մինք միւճէրրէթ պօզմուշ կէնինք տուշմօնը։ էտաիւր համոր հիւգ մէնէք»։

Թարգմանութիւնը.-

«Ժողովուրդ, մեր գեղացիք մինչեւ հիմա շատ պատերազմ մղեր են թուրքին դէմ․ ինչ բանի համար, գիտէ՞ք… Ես ըսեմ ձեզի՝ ուրիշ բանի համար չէ, այլ ազգի, օրէնքի, հայու հողի ազատութեան համար, բայց մեր թշնամին լման մը չկրցանք ջնջել, ատոր համար պէտք է որ այս պատերազմը անցեալ պատերազմներու չնմանցնենք․ ասիկա շատ մեծ է եւ վերջինն է, վասնզի բոլոր ազգին ազատութեանը համար պէտք է պատերազմինք․ այս անգամ ամէն մարդ մեռնիլը, ջարդուբուլդ ըլլալը աչքին թող առնէ, ասկէ ետքը մեռնինք հայու համար, ապրինք հայու համար։ Եթէ այս անգամ յաղթանակը մերը ըլլայ՝ բոլոր ազգը ազատած պիտի ըլլայ, եթէ Աստուած մի արասցէ յաղթուինք (ջարդուինք) մարտիրոս կ’ըլլանք, բայց եւ այնպէս ազգը թշուառ կը մնայ»:

 

ԵՐԳ ԶԷՅԹՈՒՆՑՒՈՑ

 

Զէյթունցի ենք, ժայռի պէս ձագ ենք

Կը թռչըտինք սարէ սար,

Ու որս գտնենք կը բզըկտենք

Եւ յօշոտենք չարաչար:

 

Զէյթունցիին կերակուրն է

Արեւնապուր ոսկրէ թան

Զոր ոսոխէ սեւ արեւն է

Կը պատրաստենք միաբան:

 

Մենք վախ չունինք ո՛չ գնդակէ

Եւ ո՛չ սուրէ երկսայրի,

Խաղ մ’է մեզի Աստուած գիտէ,

Թափել արիւն գազանի:

 

Ապառաժի քաջ զաւակաց

Վախ կամ երկիւղ ամօթ է

Զէյթունցիին պսակն փառաց

Լեռի, դաշտի կռիւն է:

 

Զէյթունցի ենք մարդ ենք կռուի

Միշտ ջարդելու ենք յօժար

Այս է կտակ մեր պապերի

Զարնել մէկի դէմ հազար։

 

Ուրեմն հաստափոր դուք հարուստներ

Գզրոց, սնտուկ բաց արէք,

Ծրարներով շատ ոսկիներ

Մեզի պաշար ղրկեցէք:

 

Եւ դուք եղբարք, օ՜ն անդր յառա՜ջ,

Զէնք ու զրահ կապեցէք,

Բա՜ւ է այլեւս լաց ու հառաչ,

Ազատութի՜ւն գոչեցէք:

 

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՉԱԳՐԵԱՆ

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԵՐԳ ԶԷՅԹՈՒՆՑՒՈՑ

Next Post

ՍԻՏՆԻԻ ՄԷՋ. ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ 110-ԱՄԵԱԿԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Next Post
ՍԻՏՆԻԻ ՄԷՋ. ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ 110-ԱՄԵԱԿԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

ՍԻՏՆԻԻ ՄԷՋ. ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ 110-ԱՄԵԱԿԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.