Զէյթունցի ենք, ժայռի պէս ձագ ենք
Կը թռչըտինք սարէ սար,
Ու որս գտնենք կը բզըկտենք
Եւ յօշոտենք չարաչար:
Զէյթունցիին կերակուրն է
Արեւնապուր ոսկրէ թան
Զոր ոսոխէ սեւ արեւն է
Կը պատրաստենք միաբան:
Մենք վախ չունինք ո՛չ գնդակէ
Եւ ո՛չ սուրէ երկսայրի,
Խաղ մ’է մեզի Աստուած գիտէ,
Թափել արիւն գազանի:
Ապառաժի քաջ զաւակաց
Վախ կամ երկիւղ ամօթ է
Զէյթունցիին պսակն փառաց
Լեռի, դաշտի կռիւն է:
Զէյթունցի ենք մարդ ենք կռուի
Միշտ ջարդելու ենք յօժար
Այս է կտակ մեր պապերի
Զարնել մէկի դէմ հազար։
Ուրեմն հաստափոր դուք հարուստներ
Գզրոց, սնտուկ բաց արէք,
Ծրարներով շատ ոսկիներ
Մեզի պաշար ղրկեցէք:
Եւ դուք եղբարք, օ՜ն անդր յառա՜ջ,
Զէնք ու զրահ կապեցէք,
Բա՜ւ է այլեւս լաց ու հառաչ,
Ազատութի՜ւն գոչեցէք: