Ամէն ինչ սկսած էր քանի մը օր առաջ, երբ Civic.am կայքը կատարած էր «Ընդդիմութեան յեղաշրջումի ծրագիրը» խորագրեալ հրապարակում մը: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համացանցի վրայ հրապարակեց յեղաշրջումի ենթադրեալ ծրագիրը եւ յայտնեց, թէ իրաւապահները կանխած են Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապակայունացնելու եւ իշխանութեան բռնութեամբ տիրանալու քրէական խոշոր ծրագիր մը՝ մշակուած կղերականներու եւ սակաւապետներու (օլիկարխներու) կողմէ: Փաշինեանի բանբեր Նազելի Պաղտասարեան տարածեց ձայնագրութիւնները եւ յայտնեց. «Այս պատմութիւնը միայն իշխանութեան դէմ ուղղուած արշաւի, իշխանափոխութեան մասին չէ: Այս պետականաքանդ խմբակը պարզապէս չ’ընդդիմանար իշխանութիւններուն, այլ անոնք կ’ատեն Հայաստանի ժողովուրդը, մեր ազգային արժէքներն ու սրբութիւնները: Հոգեւորականի քօղին տակ թաքնուած մարդատեաց հրէշը կը բացայայտէ իր իրական դէմքը», նշեց Պաղտասարեան: Իսկ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան հանգստութիւն յայտնեց, որ «սրբապիղծներուն յեղաշրջումը կանխուած է»: Անոր համաձայն, ձերբակալուած սրբազանը այլեւս կապ պիտի ունենայ բացառապէս հայկական ուժային կեդրոններուն հետ, իսկ արտերկրեայ ուժային կեդրոնները զայն պիտի չփրկեն: Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեան իր կարգին բուռն յարձակում գործեց ընդդիմութեան վրայ եւ հարց տուաւ, թէ անոնք ինչու կ’ատեն Հայաստան երկիրը, ժողովուրդն ու պետութիւնը, ընդդիմադիրները որակելով «ահաբեկիչ, պիղծ, ախտածին, քստմնելի դաւաճաններ»: Ան վերահաստատեց, թէ Հայաստանի իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին, իսկ ազատութիւնը, անկախութիւնն ու պետականութիւնը անշրջելի իրողութիւններ են: