Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆԵՐՔԻՆ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՎԻՃԱԿ

June 26, 2025
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆԵՐՔԻՆ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՎԻՃԱԿ

 

 

Անցնող քանի մը շաբաթներուն Հայաստանի մէջ սրող եւ կղերականներ ներգրաւած իշխանութիւն-ընդդիմութիւն առճակատումը երէկ հասաւ ցարդ իր ամէնէն վտանգաւոր կէտին, երբ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը վաղ առաւօտեան ընդդիմադիր շրջանակներուն մէջ կատարեց լայնածաւալ խուզարկումներ ու ձերբակալութիւններ՝ երկրին մէջ ենթադրեալ յեղաշրջումի ահաբեկչական ծրագիրը խափանելու եւ յանցագործները պատժելու նպատակով: Ձերբակալուեցաւ առնուազն 14 մարդ՝ ներառեալ «Սրբազան պայքար» ընդդիմադիր շարժումի առաջնորդ Բագրատ արք. Գաստանեանն ու քանի մը այլ կղերականներ, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր կազմակերպութիւններու կեդրոնական եւ շրջանային պատասխանատուներ: Երեկոյեան, ձերբակալուածները փոխադրուեցան դատարան՝ կալանքի դիմումները քննարկելու համար: Քննիչները Բագրատ սրբազանի կեցութեան վայրին մէջ կատարուած խուզարկումներէն ետք դուրս եկան փաթեթներով, իսկ սրբազանը հեգնեց տեղի ունեցածը եւ ըսաւ «ահաբեկչութիւն ըրած ենք»:

Քննչական կոմիտէն հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ յանցաւոր խումբի ղեկավարներուն եւ մասնակիցներուն բնակարաններուն խուզարկումով յայտնաբերուած են յանցագործութեան համար նախատեսուած մեծաքանակ առարկաներ: «Սրբազան պայքար» շարժումին կողմէ իշխանութեան տիրանալու նախապատրասութիւններուն հարցով նախաձեռնուած քրէական գործի շրջանակներուն մէջ աւելի քան 9 տասնեակ խուզարկումներ ըրած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ ներքին գործերու նախարարութեան ոստիկանութեան աշխատակիցները: «Գործողութիւններուն ընթացքին յայտնաբերուած են  յանցագործութիւններուն առնչուող առարկաներ եւ փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ անհերքելի փաստեր՝ ներառեալ զէնք ու զինամթերք, գործողութիւններու ծրագրեր, ներգրաւուած անձերու ցուցակներ, անօդաչու սարքեր, մետաղեայ իրեր, զինուորական տարազներ, թմրամիջոցի նմանող զանգուածներ եւ յեղաշրջումի ծրագիր», նշուեցաւ Քննչական կոմիտէի յայտարարութեան մէջ: Ընդդիմադիրներ սակայն դիտել տուին, որ առգրաւուած զէնքերը օրինական են, իսկ փամփուշտները՝ գործածուած:

Ըստ Քննչական կոմիտէին, երէկուայ արշաւին ընթացքին ձերբակալուած է առնուազն 16 անձ: Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը խուզարկեց նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեանի բնակարանը:

Քննչական կոմիտէն համացանցի վրայ հրապարակեց նաեւ ենթադրեալ յեղաշրջումը կազմակերպողներուն միջեւ ընթացած զրոյցներուն ձայնագրութիւնները, ուր կը յայտնուին անկարգութիւն ստեղծելու դաւադրութեան մանրամասնութիւնները: Համացանցի վրայ տարածուեցաւ նաեւ յեղաշրջումի ենթադրեալ ծրագրին փուլերը եւ մանրամասնութիւնները պարփակող փաստաթուղթ մը, որ իշխանութիւնը համարեց դաւադրութեան յստակ ապացոյց մը:

Բագրատ սրբազանին մեղադրանք առաջադրուեցաւ ահաբեկչութիւն նախապատրաստելու, զանգուածային անկարգութիւններ հրահրելու եւ իշխանութիւնը բռնազաւթելու յօդուածներով: Անոր փաստաբանը մեկնաբանեց իրաւապահ պարմիններուն հրապարակած ձայնագրութիւնները, զանոնք համարելով շինծու: «Նոյնիսկ ոչ-մասնագէտներուն համար լսելով կը յստականայ, թէ ձայնագրութիւնները փոփոխութեան ենթարկուած են եւ այնտեղ կան ընդհատումներ», ըսաւ Յովհաննէս Խուտոյեան, պահանջելով որ դատարան ներկայացուի ամբողջական ձայնագրութիւնը:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՄՆ-Ի ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԿԱՐԱՄԵԱՅ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻՆ

Next Post

ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԸ ՁԱԽՈՂԱԾ Է

Next Post

ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԸ ՁԱԽՈՂԱԾ Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.