Որպէս բողոք, «Սրբազան պայքար» շարժումին հետեւորդները հաւաքուեցան Քննչական կոմիտէին առջեւ, ուր դատապարտեցին սրբազանին ձերբակալութիւնը եւ հրապարկուած ձայնագրութիւնները համարեցին շինծու եւ ծիծաղելի: Պաշտպան փաստաբան Սերկէյ Յարութիւնեան տեղի ունեցածը որակեց քաղաքական հետապնդում, աւելցնելով թէ սրբազանին տան խուզարկումով զէնք ու զինամթերք չէ յայտնաբերուած: Ագգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը իշխանութիւնը ամբաստանեց օրէնքի եւ բարոյականութեան սահմանը հատելու մէջ: «Թշնամաբար հարուածներ հասցուցին պետականութեան բոլոր հենասիւներուն՝ Անկախութեան հռչակագրին, Սահմանադրութեան, բանակին, եկեղեցիին եւ Սփիւռքին, յանձնեցին Արցախը եւ կը փորձեն լռեցնել ազգային դիմադրութեան օճախները», նշեց խմբակցութիւնը եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ամբաստանեց հայ ժողովուրդին նկատմամբ ահաբեկչութիւն իրականացնելու, բռնատիրութեան կանոններով ապօրինի ձերբակալութիւններու մէջ: Ընդդիմութիւնը ժողովուրդին կոչ ուղղեց «միաւորուելու եւ կանխելու պետականութեան գլխաւոր սպառնալիքի՝ Հայաստանի գործող իշխանութեան հետագայ գործողութիւնները»: Ընդդիմութիւնը խոստացաւ շուտով հասնիլ իշխանափոխութեան եւ վերականգնել երկրին ու հայութեան արժանապատուութիւնը: «Սրբազան Պայքար» շարժումը իր կարգին նշեց, թէ այս արշաւը շղթայազերծելու համար իշխանութիւնը գործածած է անցեալ տարի մշակուած, սակայն կեանքի չկոչուած գործողութիւններու շինծու ծրագիրը: