7 Յունիս 2025-ին, ԱՄՆ-ի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը, իր հիմնադրութեան 70-ամեակի ծիրէն ներս կազմակերպած էր յիշարժան ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին պարգեւատրեց խումբ մը նուիրեալ իր անդամները, որոնք տարիներու ընթացքին իրենց գործունէութեամբ սատարած են Միութեան յառաջխաղացքին ու բարգաւաճման:
Երեկոն տեղի ունեցաւ Փասատինայի ՀԿԲՄ-ի սրահին ներս, ուր ներկայ էին ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ մարմինի անդամներ, տարբեր կառոյցներու պատասխանատուներ եւ համակիրներու ստուար բազմութիւն մը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՆՍՄՄ-ի վարչութեան անդամ Մեղրիկ Գաբրիէլեան: Ան իր ելոյթին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Այսօր, ուրախութեան, հպարտութեան եւ երախտագիտութեան զգացումներով լեցուած, բարի գալուստ կը մաղթեմ ձեր բոլորին Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան հիմնադրման 70-ամեակի յոբելենականին նուիրուած այս երեկոյին, որուն հիմնական նպատակն է նշել Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան փառաշուք յոբելենականը եօթանասունամեայ լայնածաւալ իր գործունէութեամբ` հայապահպանման եւ հայ մշակոյթի տարածման սրբազան առաքելութեան մէջ: Նաեւ, պարգեւատրել եւ մեծարել տարիներու ընթացքին Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան մաս կազմող բոլոր ազգանուէր ու անձնուէր վարչականներն ու անդամները, որոնք փրկարար ուժը հանդիսացան Սփիւռքի մէջ երկարաշունչ հայ մնալու, հայկական մշակոյթը պահպանելու եւ նորսերնդականներ պատրաստելու վսեմ աշխատանքին մէջ»:
«Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան հիմքը դրուած է 1955 թուականին Պէյրութի մէջ, խումբ մը սփիւռքահայ գրողներու եւ մտաւորականներու ջանքերով, տեսլականով եւ վճռակամութեամբ` ի նպաստ մեր հասարակութեան, մեր մշակոյթին, մեր համայնքներու զարգացման, գործելով մշակութային զանազան բնագաւառներու մէջ, որոնցմէ է՝ գրականութիւն, թատրոն, երաժշտութիւն, հայկական պարարուեստ, գինեձօններ, երգահանդէսներ, գրողներու յոբելենականներ, ոգեկոչումներ, գիրքի շնորհահանդէսներ, դասախօսութիւններ եւ այլ մշակութային միջոցառումներ, որոնք անհերքելի դեր ունեցան Սփիւռքի մէջ ազգային դէմքը, հայկական ինքնութիւնն ու գոյատեւումը պահպանելու առումով, առաւել` հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան եւ արդարութեան ձայնը լսելի դարձնելու համայն աշխարհին»:
Պարգեւատրման արարողութիւնը վարեց ՆՍՄՄ-ի վարչութեան անդամ Անի Մարսելեան, որ իր ներածական խօսքին մէջ ըսաւ. «Գնահատել, մեծարել, արժեւորել եւ պարգեւատրել. առաքինութիւններ են, որոնք կը կազմեն ազնուաբարոյ մարդոց կերպարն ու նկարագիրը, խթան դառնալով յառաջդիմութեան, նուաճումի, բարգաւաճումի եւ զարթօնքի:
«Այսօր այստեղ ենք ոչ միայն նշելու մեր միութեան յոբելենականը, այլ առանձնայատուկ խոնարհումով եւ հպարտութեամբ պարգեւատրելու եւ մեծարելու այն անհատները, որոնք տարիներ շարունակ իրենց ազնիւ ծառայութեամբ եւ հետեւողական աշխատանքով նպաստեցին մեր միութեան հզօրացման եւ բարգաւաճման, նաեւ հայրենասիրութեան եւ հայակերտման ուղեցոյց հանդիսացան բոլոր հին ու նոր սերնդականներուն, որոնք քալեցին անոնց հարթած ուղիէն` հայ երիտասարդին մէջ դրոշմելով հայապահպանման եւ գոյատեւման գիտակցութիւնը»:
Ան ողջունեց սրահէն ներս ներկայութիւնը տիար Գաբրիէլ Մոլոյեանի, որ եղած է Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան հիմնադիրներէն, Պէյրութի մէջ:
Անի Մարսելեան ապա բեմ հրաւիրեց ՆՍՄՄ-Ի ատենապետ Յարութ Տէրվիշօղլեանը եւ փոխատենապետ Միսաք Հեքիմեանը, որպէսզի կատարեն պատուոգրերու յանձնումն ու շքանշանի տուչութիւնը այն արժանի անհատներուն, որոնք Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պատմութեան մէջ ունեցած են անհերքելի նպաստ, իրենց պատուաբեր գործունէութեամբ, շարունական ծառայութեամբ եւ նուիրումով:
Այս առթիւ մեծարանքի արժանացան հետեւեալ անձնաւորութիւնները.-
Տիար Յարութ Տէր Դաւիթեան
Տիար Կիւրեղ Մանկրեան
Տիկին Ծովիկ Քէորօղլեան
Տիկին Քաթիա Խոտանեան
Տիար Ստեփան Յովակիմեան
Տիկին Սեդա Խոտանեան
Տիկին Արուսեակ Գրիգորեան
Տիար Յակոբ Գոզեան
Տիկին Լենա Խոտանեան
Տիկին Կարինէ Քոճապապեան
Տիկին Գարոլին Նալպանտեան
Տիկին Արմինէ Լաջինեան
Տիկին Անահիտ Քթըֆեան (յետմահու)
Պարգեւատրման արարողութեան յաջորդեց 70-ամեակի կարկանդակի հատումը` Գաբրիէլ Մոլոյեանի գլխաւորութեամբ:
Նոր Սերունդի ատենապետ Յարութիւն Տէրվիշօղլեան իր ելոյթին մէջ շնորհաւորեց պարգեւատրուող անձերը` ընդգծելով անոնց աւանդը Միութեան կենսունակութեան մէջ:
Երեկոն շարունակուեցաւ հայկական եւ միջազգային տոհմիկ երգերով, մասնակցութեամբ` շնորհալի արուեստագէտ, երաժիշտ-երգիչներ Նարեկ Առաքելեանի, Շանթ Դանիէլեանի եւ Սարգիս Օզսաչեանի:
Արդարեւ, գնահատելի նախաձեռնութիւն մըն էր, որ տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր: Ներկաները սրահէն բաժնուեցան յիշարժան երեկոյի մը առթած լաւագոյն տպաւորութիւններով:
«Մասիս» շաբաթաթերթ -ԱՄՆ