Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԱՐԱՄԱԶԸ ԲԱՐՁՐԷՆ ԿԸ ՀՍԿԷ ՀԱԼԷՊԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ԽՈՆԱՐՀՈՒՄԸ ՄԵԾՆ ՓԱՐԱՄԱԶԻ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԻՆ ԱՌՋԵՒ

June 24, 2025
in Գաղութային
0
ՓԱՐԱՄԱԶԸ ԲԱՐՁՐԷՆ ԿԸ ՀՍԿԷ ՀԱԼԷՊԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ԽՈՆԱՐՀՈՒՄԸ ՄԵԾՆ ՓԱՐԱՄԱԶԻ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԻՆ ԱՌՋԵՒ

 

 

Տարիներ շարունակ Հալէպի հայութիւնը դիմացաւ ժամանակի ամենադաժան փորձութիւններուն։ Պաշարում, պատերազմ, գաղթ, տնտեսական փլուզում եւ տակաւին ինքզինք երբեք չզրկեց ո՛չ իր ինքնութենէն, ո՛չ իր մշակութային ժառանգութենէն։ Այսօր, երբ քաղաքի հայկական շունչը կրկին սկսած է շաղախուիլ մանկական ձայնով, նորոգուող եկեղեցիներով, կրթական հաստատութիւններով եւ հարազատ ձեւով զօրացող միութիւններով, Հալէպը վերստին ոտքի կանգնած է։ Բայց այս վերածնունդը լոկ գոյութիւն չէ, այլ գիտակից վերադարձ է։ Վերադարձ՝ դէպի աւանդութիւններ, գաղափար, դէպի պայքար։

Երբ հալէպահայութիւնը կը բարձրանայ դէպի Մեծն Փարամազի յուշարձանը, ան կը մօտենայ ոչ միայն իբրեւ յարգող սերունդ, այլ իբրեւ ժողովուրդ մը, որ սորված է դիմակայել ամէնէն մութ ճակատագրերուն եւ մնալ կանգուն։ Խոնարհումը այս պարագային դարձած է ուղերձ: Քսանները՝ անոնք որ 1915-ի Պայազիտի կախաղաններուն վրայ յարութիւն առին գաղափարով, պէտք չէ դիտել լոկ հատուածի մը նահատակներու ոգեկոչման ձեռնարկ, այլ նահատակները բոլոր անոնց, որոնք քաղաքական ազատութեան հիմքը կը համարեն ազգային հարստութեանց արդար բաշխումը, դասակարգային հաւասարութիւնը, աշխատաւոր ուժերուն արդար վարձատրութիւնը: Այս կը պատկանի ամբողջ ազատատենչ մարդկութեան՝ բոլոր ազգերու, բոլոր խաւերու, որոնք պայքար կը մղեն յանուն խաղաղութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ ժողովուրդներու ազատ ապրելու իրաւունքի։

Ու երբ Փարամազը հեռուէն կը դիտէ, անոր հայեացքին կը պատասխանենք հպարտօրէն եւ հաւատարիմ աչքերով։

Այս տարի եւս, Փարամազի եւ իր 19 ընկերներուն նահատակութեան 110-ամեակին առիթով կազմակերպուած յարգանքի արարողութիւնը վերածուեցաւ սրբազան ուխտադրութեան պահի։ Այդ ոգիով, 15 Յունիս 2025-ի առաւօտեան լուռ եւ կարգապահ քայլերով մօտեցանք Մեծ առաջնորդի քանդակին:

Նահատակներու հանդէպ խոնարհումը կատարուեցաւ տխրունիական երիտասարդներու առաջնորդութեամբ։ Տղաք ու աղջիկներ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի դրօշներով շրջապատած էին յուշակոթողը՝ ժառանգութեան ու ներկայութեան կենդանի պատկերով։

Երկու երիտասարդներ, Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբի հնչիւններու ներդաշնակութեամբ, ծաղկեպսակը զետեղելու առաջնորդեցին Հալէպի շրջանի Վարիչ մարմինը ներկայացնող ընկերները՝ Հրանդ Աթթարեան, Հրաչ Գէորգեան ու Ժագ Սնունու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն՝ ընկեր Նազօ Ճէրէճեանը, մատուռին աջ կողմը կանգնած Փարամազի վեհանիստ կոթողին առջեւ։

Ապա բոլոր մասնակցողները կատարեցին մոմավառութիւն ու աղօթքով հոգեւոր խոնարհումի պահեր ապրեցան։

Պէյրութէն այս առիթով ներկայ էր նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի վարիչ Մարմինի մամլոյ դիւանապետ ընկեր Գէորգ Տաղլեանը, որուն ներկայութիւնը «Արարատ»ի տնօրէնին հետ ոչ միայն բարոյական սատար էր, այլ նաեւ գաղափարական շեշտ՝ Քսաններուն պատգամը նոր սերունդին փոխանցելու վճռակամութեամբ։

Մինչ գերեզմանատան լռութեան մէջ Փարամազը բարձրէն կը հսկէր արտասովոր հզօրութեամբ մը: Այսօր ան ո՛չ թէ պաղ քար էր, այլ՝ արիւնով դրոշմուած յիշողութիւն, ո՛չ միայն գեղարուեստ էր, այլ՝ հայեացք մը մեր հաւաքական խղճին։

Աւարտին, ներկաները իրենց յարգանքի տուրքը եզրափակեցին՝ «Տուր ձեռքդ ընկեր, ուխտենք միատեղ» երգի երեք տուներուն երգեցողութեամբ:

Յարգանքի արարողութենէն ետք, Ն.Ս.Մ.Մ. ակումբին մէջ, սուրճի հիւրասիրութեան ժամանակ խօսք առաւ «Արարատ» թերթի տնօրէն՝ ընկեր Ճէրէճեան։ Իր հակիրճ, բայց բովանդակային խօսքին մէջ ան երիտասարդներուն ուղղեց յստակ կոչ մը՝ լաւ սերտելու պատմութիւնը, խորանալու գաղափարներուն մէջ, ներկայ քաղաքական խառնաշփոթին մէջ հաւասարակշռութիւն գտնելու եւ չթուլնալու։ Ան յորդորեց չյուսահատիլ, հեռու մնալ կործանարար ծայրայեղութիւններէ, ներքին լարուածութիւնները սահմափակել փոխզիջումի ոգիով, հզօրացնել Հայրենիքը եւ միշտ երկխօսութիւնը ընտրել իբրեւ ազգային գոյատեւման զէնք։

Նոյն օրը՝ այսինքն 15 Յունիս 2025-ի երեկոյեան, քսան նահատակներու ոգեկոչումը շարունակուեցաւ։ Զուարթնոց եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահը իր դռները բացած էր մեծաշուք հանդիսութեան մը առջեւ, որ նուիրուած էր Քսաններու նահատակութեան 110-ամեակին։ Ձեռնարկը կը հովանաւորէին Հալէպի երեք յարանուանութեանց առաջնորդները:

Հոծ բազմութիւն մը՝ լեցուն դահլիճի մէջ, հետեւեցաւ գեղարուեստական ճաշակով պատրաստուած յայտագիրին։ Երեկոյթի պատգամը փոխանցեց Պէյրութէն յատուկ այս առիթով ժամանած «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն՝ ընկեր Նազարէթ Ճէրէճեանը, որուն խօսքը եղաւ յատուկ պատգամ՝ ցոլացնելու համար, թէ անցեալի նահատակութիւնը ինչպէս կը վերածուի ներկայի գիտակցութեան եւ ապագայի ուղեցոյցի։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ոգեւորիչ մթնոլորտով, բայց նաեւ հաւատարմութեան ուխտով՝ շարունակելու նոյն ճամբան, որ ակօսած էին քսանները, Փարամազական հաւատքով ու նայուածքով։

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ   ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄԻՆ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՆ ԵՐԿՐԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀՆ ՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Next Post

ԱՄՆ-Ի ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԿԱՐԱՄԵԱՅ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻՆ

Next Post
ԱՄՆ-Ի ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԿԱՐԱՄԵԱՅ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻՆ

ԱՄՆ-Ի ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԿԱՐԱՄԵԱՅ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.