15 Յունիսին լրացաւ Հնչակեան 20 գործիչներու կախաղան բարձրանալուն 110-ամեայ տարելիցը:
Մոնթեվիտէոյի ՍԴՀԿ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ միջոցառում, որուն ներկայ գտնուեցան Ուրուկուայի Արեւելեան Հանրապետութեան փոխնախագահ` Գարոլինա Քոսսէ, Խորհրդարանի նախագահ` ՍեպասԹիան Պալտոմիր, ՀՀ դեսպան Մարիամ Գէորգեան, պատգամաւորներ, դիւանագէտներ եւ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՍԴՀԿ կուսակցութեան Վարիչ ՄարմԻնի ատենադպիր` ընկեր Տիէկօ Գարամանուկեան: Պետական օրհներգներէն ետք ելոյթ ունեցաւ Առաջնորդ սրբազանը` գերաշնորհ Տէր Յակոբ Արքեպիսկոպոս Գելենտճեանը: ՍԴՀԿ ատենապետուհի` ընկերուհի Լաուրա Ասլանեան կուսացութեան անունով Սրբազան հօր յանձնեց յուշատախտակ` գնահատելով անոր չորս տասնամեակի ծառայութիւնը Ուրուկուայի մէջ:
Ելոյթ ունեցաւ Ուրուկուայի խորհրդարանի նախագահ Սեպասթիան Պալտոմիր, ով անդրադարձաւ օրուայ խորհուրդին եւ գնահատեց հայ-ուրուկուայական յարաբերություններու ներկայ փուլը:
Ապա ելոյթ ունեցաւ օրուան գլխաւոր բանախօսը` Ուրուկուայի փոխնախագահ Գարոլինա Քոսսէն: Ան իր ընդարձակ ելոյթով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան, դատապարտեց Ցեղասպանութիւնը, կոչ ըրաւ խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ յիշատակեց հնչակեան 20 նահատակներու մասին, որոնք 1915 թուականին Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացան հայ ազգի ազատագրութեան եւ Հայաստանի անկախութեան համար: Փոխնախագահը նաեւ նշեց, որ Հայաստանի եւ Ուրուկուայի պետական յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են եւ ինք պատրաստ է այդ յարաբերութիւններու առաւել զարգացման:
Ընկերուհի Լաուրա Ասլանեան, ի նշան երախտագիտութեան՝ անոր հայանպաստ կեցուածքին ու միջոցառման մասնակցութեան առթիւ, փոխնախագահ Գարոլինա Քոսսէին յանձնեց յուշատախտակ:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ ընկերուհի Լաուրա Ասլանեանի ելոյթով եւ ՍԴՀԿ-ի քայլերգով: