Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵԾՆ ՓԱՐԱՄԱԶԻ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՈՒԽՏԸ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻ

June 24, 2025
in Գաղութային
0
ՄԵԾՆ ՓԱՐԱՄԱԶԻ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՈՒԽՏԸ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻ

 

Կիրակի, 22 Յունիս 2025-ի առաւօտեան, Ռըմէյլի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Քսան Կախաղաններ»ու նահատակներուն նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութիւնը՝ խոր ու սրբազան մթնոլորտի մը մէջ, ուր հայ ազգի ոգին կրկին խօսեցաւ ժամանակի շունչով։ Կրօնական խորհուրդի, ազգային գաղափարի եւ պատմութեան կոթողային յիշատակի միախառն այս պահը՝ սրտերու լռութեան մէջ երգեց ուխտի բանաձեւ մը, որ անցեալը վերածեց առաջնորդող փարոսի։

Մասնակցութիւնը ստուարաթիւ էր՝ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկեր Ալեք Քէօշկերեանը, Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկեր Վանիկ Տագէսեանն ու անդամները, Հ.Մ.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկեր Միսաք Նաճարեանը, Պէյրութի քաղաքապետարանի նորընտիր անդամ տիար Յովիկ Պչաքճեանը, կուսակցական եւ միութենական մասնաճիւղերու ատենապետներ եւ վարչական անդամներ, համակիրներ: Անոնք ի մի եկած էին խոնարհելու 1915-ի Յունիս 15-ին նահատակուած քսան վսեմ անուններուն յիշատակին առջեւ՝ հաւատքով, յարգանքով եւ յանձնառութեամբ։

Պատարագը եւ հոգեհանգստեան պաշտօնը նախագահեց Լիբանանի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ՝ գերաշնորհ Տէր Շահէ արք. Փանոսեան, իսկ պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հաւատարիմ հովիւը՝ Տէր Ղեւոնդ քահանայ Լոշխաճեան։

Սրբազանը իր քարոզին մէջ նախ վերարծարծեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի՝ խոր վիրապէն ելքի եւ հայ ժողովուրդի դարձին պատմական խորհրդով լեցուն էջերը, զանոնք կապելով մեր օրերու անորոշութեան, անզգոյշ աշխարհիկութեան եւ ինքնութեան հարցերուն հետ։ «Զգաստ ըլլալ, խոհեմ մնալ եւ հաւատարիմ՝ մեր անցեալին, սուրբ պարտականութիւն մըն է»,

Իր քարոզին գլխաւոր հանգոյցը, սակայն, նուիրուած էր Քսան նահատակներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մեր պատմութեան ամենապայծառ էջերէն մէկուն տառերն էին։ «Այսօր մենք հաւաքուած են նշելու համար 1915 թուականի Յունիս 15-ին Կ. Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացուած 20 հնչակեան կուսակցական գործիչներուն յիշատակը: Պատմութեան վերաբերորող ամենադժբախտ եւ ամենատխուր էջերէն մէկը կը կազմէ անոնց պատմութիւնը: Ահաւասիկ անոնց նահատակութենէն 110 տարիներ ետք մենք յարգանքով կը փորձենք ոչ միայն վերապրիլ իրենց յիշատակը, այլեւ իրենց անձնազոհութեան օրինակին ընդմէջէն կը փորձենք դաս քաղել եւ մեր կեանքին համար առաջնորդութիւն գտնել», ըսաւ սրբազանը եւ շարունակեց. «Այս նուիրական առիթը կը նշենք նախ անդրադառնալու համար, թէ մեր կեանքէն ներս ունեցած ենք նուիրեալներ, որոնք ձգտած են մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան: Նաեւ՝ որպէսզի գիտակցինք, որ մենք եթէ պայմաններու բերումով հայրենի հողին վրայ ապրելու իրաւունքէն զրկուած ենք այսօր, այս չի նշանակեր որ մենք զրկուած ենք եւ պարպուած ենք անցեալի յիշատակներէն եւ դարձած՝ աշխարհի քաղաքացիներ»: Սրբազան առաջնորդը կոչ ըրաւ ամրացնելու մեր ձեռքերը, զօրացնելու մեր դողդոջուն ծունկերը, կոչ ըրաւ միասնութեան, «որպէսզի միասնաբար դէպի վերեւ ուղղենք մեր ընթացքը: Այս նուիրական 3 առիթներով սթափինք եւ անդրադառնանք պատմութեան քայլերով մեր կեանքի ուղղութիւնը ճշդենք» եզրափակեց սրբազան հայրը:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, իբրեւ բովանդակութեան շարունակութիւն ու յիշատակութեան երկրորդ կայան, ներկաները փոխադրուեցան Հ.Կ.Բ.Մ.-ի Սահակեան–Լ. Մկրտիչեան գոլէճի շրջափակ՝ Մեծն Փարամազի կիսանդրիին առջեւ։ Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական փողերախումբը հնչեցուց քայլերգները, ապա ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ յուշարձանին առջեւ։

 

Կեդրոնական վարչութեան անունով պատգամը փոխանցեց ընկեր Ալեքսան Քէօշկերեան, որ խօսքին սկիզբը մեկնաբանեց «ուխտ» բառը՝ իր խորիմաստ ազգային եւ հոգեւոր շերտերով։ Ան ըսաւ. «Ուխտը յանձնառութիւն մըն է խղճի եւ գաղափարի միջեւ, խոստում մը՝ որ երբ կու տանք, այլեւս կը վերածուի գոյութեան ուղեգիծի։ Մեր նահատակները ներկայ են մեր խղճին մէջ։ Անոնց դիմաց մեր հաշուետուութիւնը իր էութեամբ յարատեւ պայքար մըն է՝ արժանի ըլլալու անոնց զոհաբերութեան»։

Իր խօսքին ընթացքին ընկեր Քէօշկերեան հրաւիրեց ներկաները, որ «Ուխտի հրաւէր» երգին բառերը արտասանեն ոչ իբրեւ տողեր, այլ իբրեւ անձնական պարտաւորութիւն. «Իսկ երբ մենք երգին մէջ կը դիմենք ըսելով «տո՛ւր ձեռքդ ընկեր», սա կը նշանակէ որ մենք նաեւ հաշուետու ենք հաւաքականութեան առջեւ, մեր հաւաքական խղճին առջեւ»։

Միջոցառումը փակուեցաւ երգեցողութեամբ՝ երբ «Ուխտի հրաւէր»ը դարձաւ ոչ միայն երգ, այլ հնչող խղճի թելադրանք՝ ներկաներուն հոգիին մէջ։

Այսպէս, 110 տարի անց, Մեծն Փարամազը եւ իր ընկերները նոր շունչով խօսեցան մեզի, յուշելով թէ ազգի շարունակութիւնը երաշխաւորուած է այնքան ատեն՝ որքան ականջ ունինք լսելու անցեալէն հասնող ուխտի ձայնը։

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՔՍԱՆ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐՈՒ 110-ՐԴ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

Next Post

ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ   ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄԻՆ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՆ ԵՐԿՐԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀՆ ՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Next Post
ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ     ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄԻՆ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՆ ԵՐԿՐԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀՆ ՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ   ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄԻՆ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՆ ԵՐԿՐԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀՆ ՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.