Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ԵՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

June 24, 2025
in Միջազգային
0
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ԵՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

 

 

Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաա ցաւակցեցաւ Դամասկոսի Տուէյլհա թաղամասի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած եւ բոլոր սուրիացիները ցնցած ոճրային գործողութեան զոհերու հարազատներուն եւ բարի ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն: Շարաա յայտարարութեամբ մը նշեց, թէ կրօնական կառոյցի մը մէջ անմեղներ թիրախաւորած այս անարգ ոճիրը կը վերյիշեցնէ կառավարութեան եւ ժողովուրդին միասնականութեան կարեւորութիւնը՝ դիմակայելու համար հայրենիքի անվտանգութեան ու կայունութեան դէմ ցցուած վտանգները: «Այսօր միասին կը դատապարտենք ոճրագործութիւնը եւ անարդարութիւնը, խոստանալով գիշեր-ցերեկ աշխատիլ՝ յայտնաբերելու համար բոլոր անոնք, որոնք ծրագրեցին ու մասնակցեցան այս ոճիրի գործադրութեան, որպէսզի ստանան իրենց արդար պատիժը», ըսաւ նախագահը: Իսկ Սուրիոյ Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ նախանցեալ օր Մար Էլիաս եկեղեցին թիրախաւորած ահաբեկչական գործողութեան զոհերուն թիւը բարձրացած է առնուազն 25-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 63-ի: Ներքին գործերու նախարարութիւնը Կիրակի երեկոյեան յայտարարեց, թէ ՏԱՀԷՇ-էն ահաբեկիչ մը կրակ բացած է եկեղեցւոյ մէջ, ապա պայթեցուցած ականուած գօտին՝ աւեր գործելով եկեղեցւոյ մէջ: Ըստ յայտարարութեան, առնչակից մարմինները բացած են հետաքննութիւն՝ բացայայտելու ոճիրին ծալքերը եւ պահպանելու ազգային խաղաղութիւնը, շեշտելով միասնականութեան կարեւորութիւնը՝ դէմ դնելու երկրին կայունութիւնն ու ապահովութիւնը վտանգողներուն:

Share62Tweet39
Previous Post

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՍԱՍՏԿԱՑՈՒՄ

Next Post

ՔՍԱՆ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐՈՒ 110-ՐԴ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

Next Post
ՔՍԱՆ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐՈՒ 110-ՐԴ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

ՔՍԱՆ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐՈՒ 110-ՐԴ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.