Արդէն երկար ժամանակէ իրանցի խումբ մը վերլուծաբաններ, փորձագէտներ ու ռազմական մասնագէտներ տարբեր ընկերային հարթակներով եւ զանազան լրատուամիջոցներոգն տուած իրենց հարցազրույցներուն մէջ խոր կասկածներ եւ լուրջ մտահոգութիւն կ’արտայայտեն, որ Իրանի տարածքին վրայ Իսրայէլի կողմէ իրականացուող օդային հարուածներն ու յարձակումները կ’իրականացուին՝ օգտագործելով նաեւ Ատրպէյճանի օդային տարածքը։
Վերոնշեալ փորձագէտներէն ու վերլուծաբաններէն մէկը Հարաւային Կովկասի հարցերով իրանցի փորձագէտ, վերլուծաբան Էհսան Մովահետեանն է, որ «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին ներկայացուցած է իսրայէլեան ռազմական օդանաւներու կողմէ Ատրպէյճանի օդային տարածքը օգտագործելու մասին վկայող շարք մը փաստարկներ։
Անդրադառնալով դիտարկման, որ օրեր առաջ տարածուած են տեղեկութիւններ, թէ Իրանի վրայ յարձակումներ իրականացնող իսրայէլեան որոշ անօդաչու թռչող սարքեր եկած են Նախիջեւանի տարածքէն՝ Թեհրանի ATU (Allameh Tabataba) համալսարանի դասախօս, քաղաքագէտ Էհսան Մովահետեան մատնանշած է, որ Իսրայէլը Ատրպէյճանի տարածքը օգտագործած է անօդաչու թռչող սարքեր արձակելու եւ Իրանի մէջ թիրախներու վրայ յարձակումներ գործելու համար, ինչի մասին կը վկայեն նաեւ ականատեսները։
«Կասպից ծովու ափին գտնուող Պանտար Անզալիի մէջ գտնուող իրանեան հակաօդային պաշտպանութիւնը քանի մը օր առաջ բախած է շարք մը փոքր անօդաչու թռչող սարքերու: Պարս Ապատի, Մողանի մէջ ականատեսները նոյնպէս յայտնած են, որ անօդաչու թռչող սարքերը հատած են Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանը եւ մտած Իրան: Իրանի պետական հեռուստատեսութեան վրայ յարձակած «F-35» կործանիչը նոյնպէս մտադիր էր սահմանը հատել Ճուլֆայէն: Հետեւաբար, այն պէտք է որ այդ նպատակով օգտագործած ըլլայ Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի օդային տարածքը»,- ըսած է Մովահետեանը:
Իրանցի փորձագէտը տարբեր ընկերային հարթակներով արդէն շարք մը հրապարակումներ կատարած է՝ փորձելով փաստարկուած ներկայացնել, որ Իսրայէլը իսկապէս կ’օգտագործէ Ատրպէյճանի տարածքը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան տարածքի տարբեր մասերու մէջ գտնուող ռազմավարական թիրախներուն հարուածներ հասցնելու համար։ Ընդ որում, ըստ փորձագէտին՝ Իսրայէլը անոր համար կ’օգտագործէ ոչ միայն Նախիջեւանի, այլեւ Ատրպէյճանի բուն տարածքը։
Մովահետեան X-ի իր էջով կատարած գրառումներէն մէկուն մէջ հերթական անգամ մեղադրանքներ հնչեցուցած է Ատրպէյճանի հասցէին՝ գրառման կից հրապարակելով եւ փաստելով, որ Կասպից ծովու ափերին յայտնաբերուած է իսրայէլեան կործանիչներէն մէկուն վառելիքի բաքը։
«Իսրայէլեան կործանիչի վառելիքի բաքի լուսանկարը՝ Կասպից ծովու ջուրերուն մէջ՝ երկրի հիւսիսը եւ Ռամսարի ափին: Կրնաք մտածել՝ միթէ Իսրայէլը Իրանի արեւմուտքին չէ՞, ուրեմն ի՞նչ կ’ընէ հիւսիսին մէջ: Պէտք է հարցնել Պաքուին, քանի որ ան տարածաշրջանին մէջ սիոնիստական վարչակարգի երկրորդ ճիւղն է: Իսրայէլի վարչակարգի խնդիրը լուծելէ յետոյ պէտք է լուծուի նաեւ Պաքուի չարիքի հարցը»,- գրած է Էհսան Մովահետեանը:
Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով Յունիս 14-ին հեռախօսազրոյց ունեցած էր Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճիի հետ՝ վստահեցնելով, որ Ատրպէյճանը թոյլ պիտի չտայ իր տարածքը օգտագործել Իրանի դէմ յարձակումներու համար։