Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՌՈՒՍԻԱ Կ’ԱՋԱԿՑԻ ԻՐԱՆԻՆ

June 24, 2025
in Միջազգային
0

  

Իրանի մէջ գործող ՄԱԿ-ի փաստահաւաք խումբը չբացառեց, որ իսրայէլեան յարձակումները խախտած ըլլան միջազգային օրէնքը՝ պատճառելով քաղաքացիական կորուստներ: Իսկ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան մէջ Իրանի ներկայացուցիչը յայտնեց, թէ հիւլէակայաններուն ռմբակոծումը պիտի պատճառէ կենսոլորտային ահաւոր վնաս: Գործակալութեան տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսի իր կարգին նշեց, թէ Իրան 13 Յունիսին տեղեկացուցած էր, որ քայլերու կը ձեռնարկէ պաշտպանելու հիւլէական նիւթերը:

Քաղաքական առումով, Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճի Մոսկուայի մէջ տեսակցեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ու յայտնեց, թէ տարածաշրջանին մէջ իսրայէլեան գործողութիւններուն հետեւանքները կը յառաջացնեն զոյց երկիրներուն մտահոգութիւնը: Քրեմլին իր կարգին դատապարտեց Իրանի հիւլէական կառոյցներուն ռմբակոծումը եւ մտահոգութիւն յայտնեց, որ յարձակումին հետեւանքները տակաւին չեն արժեւորուած: «Իրանին ռուսական աջակցութիւնը կախեալ է Թեհրանի կարիքներէն եւ մենք կը փորձենք միջնորդական ջանք թափել», նշուեցաւ Քրեմլինի յայտարարութեան մէջ:

Իսրայէլ-Իրան պատերազմի շարունակութեան լոյսին տակ, շատ կը խօսուի քարիւղի համաշխարհային գիներու կտրուկ աճի հաւանականութեան մասին: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ սակայն զգուշացուց նման քայլէ մը ու շեշտեց, թէ մօտէն կը հետեւի իրավիճակին ու «բոլորը պարտին ցած պահել քարիւղի սակագիները»:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՀՐԹԻՌՆԵՐ ՔԱԹԱՐԻ ԵՒ ԻՐԱՔԻ ՎՐԱՅ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԸ Կ’ՕԳՏԱԳՈՐԾԷ

Next Post
ԻՍՐԱՅԷԼ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԸ Կ’ՕԳՏԱԳՈՐԾԷ

ԻՍՐԱՅԷԼ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԸ Կ'ՕԳՏԱԳՈՐԾԷ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.