Միւս կողմէ, Իրանի յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, թէ հրթիռներու եւ անօդաչուներու 21-րդ ալիք մը արձակած է իսրայէլեան թիրախներու ուղղութեամբ, խոստանալով նոյնիսկ պահ մը չդադրեցնել գրոհները: Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը յայտարարեցին, թէ պատերազմի սկիզբէն ի վեր կործանած են իսրայէլեան 130 անօդաչու սարք: Յորդանանեան բանակը յայտարարեց, թէ մարտագլխիկով զինուած իրանեան «Շահետ-101» տիպի անօդաչու մը ջախջախուեցաւ Ամմանի մէջ: Իրանէն արձակուած հրթիռներուն պատճառով իսրայէլեան հարաւային Աշտոտի բնակիչները քանի մը ժամ զրկուեցան ելեկտրականութենէ: Իրանի զինուած ուժերու սպայակոյտի պետ Հապիպալլա Սիարի սպառնաց հակամարժէք հակահարուած տալ ամերիկացիներուն, «որոնք խախտեցին մեր գերիշխանութիւնը եւ մեր զինուորներուն հնարաւորութիւն տուին յարձակելու տարածաշրջանին մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժերուն եւ շահերուն վրայ»: Ուստի, ամերիկեան Արտաքին գործերու նախարարութիւնը աշխարհի բոլոր շրջանններուն մէջ գտնուող ամերիկացիներուն կոչ ուղղեց ուշադիր ըլլալու հաւանական վտանգներէ: Իսկ երէկ գիշեր, Իրան յայտարարեց Քաթարի եւ Իրաքի մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժերուն խարիսխները ռմբակոծելու մասին: