Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ-ԻՐԱՆԵԱՆ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

June 24, 2025
in Միջազգային
0
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ-ԻՐԱՆԵԱՆ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

 

 

Իսրայէլ-Իրան պատերազմը Կիրակի արեւածագին ապրեցաւ մեծ ցնցում մը, երբ ամերիկեան «B-2» ռազմավարական ռմբակոծիչները իրենց ծանր ռումբերը տեղացուցին հիւլէական կայաններուն վրայ՝ ներառեալ լաւապէս պաշտպանուած Ֆորտոն: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ «կործանում եզրը կը համարուի Իրանի հիւլէակայաններուն մէջ տեղի ունեցածը ճշգրտօրէն նկարագրող բառ մը:»

Ամերիկեան հարուածներուն զուգահեռ, շարունակուեցան նաեւ իսրայէլեան օդային գրոհերը, որոնք երէկ կեդրոնացան մայրաքաղաք Թեհրանի վրայ, հարուածելով զինուորական կառոյցներ եւ ելեկտրականութեան ցանցը, որուն պատճառով մայրաքաղաքի բնակչութիւնը քանի մը ժամ մատնուեցաւ խաւարի: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ ընդամէնը երկու ժամուան ընթացքին գործած է հարիւր հարուած, իսկ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց, թէ ռմբակոծումի ենթարկուած է իրանեան Պասիճի կեդրոնատեղին, յեղափոխական պահակագունդի ներքին անվտանգութեան կեդրոնը եւ Էվին բանտը, որ կը համարուի Իրանի ամէնէն տխրահռչակ արգելավայրերէն մէկը:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրուհի նշեց, թէ վեց օդակայան ռմբակոծած են Իրանի կեդրոնական, արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածներուն մէջ, Թեհրանի բնակչութեան կոչ ուղղելով հեռու մնալու զէնք արտադրող գործարաններէն եւ զինուորական կէտերէն, որոնք յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակեն դառնալ օդային յարձակումներու թիրախ:

Share62Tweet39
Previous Post

ՓԻԿՄԱԼԻՈՆԵԱՆ* ՔԱՅԼ

Next Post

ՀՐԹԻՌՆԵՐ ՔԱԹԱՐԻ ԵՒ ԻՐԱՔԻ ՎՐԱՅ

Next Post
ՀՐԹԻՌՆԵՐ ՔԱԹԱՐԻ ԵՒ ԻՐԱՔԻ ՎՐԱՅ

ՀՐԹԻՌՆԵՐ ՔԱԹԱՐԻ ԵՒ ԻՐԱՔԻ ՎՐԱՅ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.