Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԻԿՄԱԼԻՈՆԵԱՆ* ՔԱՅԼ

ԱՆԻ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

June 21, 2025
in Յօդուածներ
0
ՓԻԿՄԱԼԻՈՆԵԱՆ* ՔԱՅԼ

 

451 թուական։
Վարդան Մամիկոնեան իր զինակիցներով դիմադրեց ոչ միայն կրօնական ճնշումին, այլ իր ազգը ոչնչացնելու փորձերուն։
Մեծ էր հակառակորդին ախորժակը՝ խլելու մեր ինքնութիւնը, մեր հպարտութիւնն ու ազատ՝ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու իրաւունքը։

Բայց Վարդան իր ժողովուրդը չտեսաւ որպէս վախուորած հօտ, այլ  տեսաւ որպէս Աստուծոյ հաւասար։ Ոչ թէ հպատակ, այլ որպէս կամքի կրող։
Փիկմալիոնեան հայեացք էր այդ՝ ուղղուած դեռ մարմարի մէջ կաշկանդուած, բայց աստուածային ոյժի ունակ ազգին։

Յստակ էր անոր պատգամը՝ «Չերկնչինք ու չվախնանք հեթանոսներու բազմութենէն եւ ոչ ալ մահկանացու մարդու ահռելի սուրին դէմ դարձնենք մեր թիկունքը…»։ Աւելին՝  «Դուք ունակ էք սրբութեան»։

Այսօրինակ պահերուն է, որ մարմարը կենդանութիւն կը ստանայ հաւատացող հայեացքի ներքոյ, իսկ մարդը կը յիշէ իր աստուածային ծագումը։

Վարդանանց պատերազմը սկիզբ առաւ երբ տակաւին սուրը չէր ելած իր պատեանէն։
Նախ սկսաւ մարդոց միտքին մէջ, ձեւ ստացաւ անոնց հայեացքին մէջ, եւ ի վերջոյ ծնունդ առաւ ներքին վճիռի անբեկանելի ոյժով։

Դարեր ետք…
Երբ Հայրենիք կորսնցուցինք, երբ ունեցանք «գայլի երախից ձեռքերով խլուած մի Դաւիթ մանուկ, երկանքաքարի ակռայից պրծած ողջանդամ մի սերմ»**-պետութիւն, երբ ոչ թէ սուրը զրնգաց դաշտավայրին մէջ, այլ զսպանակուեցաւ Բառը։ Չարենց նոյն այդ հայեացքը ուղղեց իր ժողովուրդին, զայն տեսաւ դաւաճանուած, հալածուած, բայց յղի՝ զարթօնքի անզուսպ իղձով։

Ան կայծ տեսաւ, պատրաստ՝ խաւարի մէջ բռնկելու եւ… փայլատակեցաւ.
«Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ոյժի մէջ է»։

ԱՆ հայեացքը սեւեռեց հայոց ցիրուցան եղած բեկորներուն վրայ ու տեսաւ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ։
Նայեցաւ ու տեսաւ վերընձիւղում՝ ուշացող, բայց անխուսափելի։

Այո՛, անխուսափելի, եթէ իւրաքանչիւրիս հայեացքը շողարձակէ կամքի ոյժ ու ոգի։

Չարենցինը քանդակ չէր։ Չարենցինը կոչ էր, պատգամ էր։ ԱՆ… Փիկմալիոն էր։
Նայեցաւ, հաւատաց, գրեց ու գնաց՝ մեզի ձգելով ոչ թէ մարմին, այլ կեանքի ուղի։

Վարդան զոհուեցաւ իր ժողովուրդին փրկութիւնը տեսնելով անոր ոգիի ազատութեան մէջ։
Չարենցը դաժանաբար լռեցուցին, որովհետեւ ան մերժեց կեղծ հայրենասիրութիւնը։

Մամիկոնեան եւ Չարենց։ Դարերու վրայ տարածուող հայ հանճարի խորհուրդ։
Անոնց հայեացքը կանգ առաւ իրենց դեռ չծնած պետութեան վրայ եւ անվարան ըսին՝  «Դուն կրնա’ս ապրիլ»։
Փիկմալիոնեան քայլ էր այդ։

Այդ քայլն է, որ ձեւաւորած է մեզ, եւ այդ քայլը շարունակական ընթացք է։

Պետութիւնները չեն սկսիր սահմաններէն։ Անոնք կը ծնին տեսիլքէն։

Կը ծնին՝

երբ հաւատաս, որ ժողովուրդդ արժանի է ազատութեան։
Երբ համոզուիս, որ ազգդ ունակ է պատմութիւն կերտելու, ոչ թէ գոհանալու միայն անցեալով։
Երբ քարին կը նայիս ու քանդակ կը տեսնես։
Երբ առաջնորդը հաւատքով կը նայի իր ժողովուրդին, իսկ բանաստեղծը՝ մթութեան մէջ յոյս կը գտնէ…

Հայեացքէն պետութիւն կը ծնի։

Կարգը մե’րն է։
Նայինք միմեանց։
Նայինք ոչ թէ խուսափուկ, վախուորած, այլ՝ արարո՛ղ հայեացքով։

 

* Ըստ յունական առասպելի Փիկմալիոն քանդակագործ մըն է, որ այնպէ՜ս կը սիրահարի իր ստեղծած անթերի արձանին, որ արձանը, ի վերջոյ, կը կենդանանայ։

** Պարոյր Սեւակ – «Եռաձայն պատարագ»:

 

 

Երեւան

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԶԷՆՔ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ԾՐԱԳՐԻՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄԸ

Next Post

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ-ԻՐԱՆԵԱՆ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Next Post
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ-ԻՐԱՆԵԱՆ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ-ԻՐԱՆԵԱՆ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.