Թրքական Դասական Սուզանաւի Նմոյշ
Աշխարհի ներկայ խառնաշփոթ վիճակին մէջ, ամէն օր կը լսենք պատերազմներու լուրեր եւ մեզի շատ մօտիկ վայրերու մէջ ականատես կը դառնանք պատերազմներու։ Այս երեւոյթին մասին կը նշուի Աստուածաշունչի Աւետարան ըստ Մատթէոսի 24։ 6-14 մէջ։ Մինչ մարդիկ կը սպասեն լսել բարի լուրեր, ինչպէս այս կամ այն անբուժելի հիւանդութեան բուժման դեղերու գիւտ մը կամ մարդուն հոգերը թեթեւցնող նոր միջոցառումներու մասին, սակայն մենք կը լսենք միայն սպառազինուելու վերաբերեալ նոր գիւտերու, այդ առնչութեամբ յառաջացումներու եւ քաղաքական անօրէն ու հրէշային լուրերու մասին։
«Հիւլէական ներուժի խաղաղասիրական գործածութիւններու» անունին տակ, 1955-ի Սեպտեմբերին Թուրքիոյ հիւլէական գործունէութիւնը սկսաւ, Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ կայացած խորհրդաժողովէն անմիջապէս ետք։ Թրքական կառավարութիւնը 1961-ին «Չէքմէճէի կորիզային հետազօտութիւններու եւ վարժութիւններու կեդրոնին» յանձնարարած էր ունենալ մէկ մեկաուաթ կորիզային փորձարկութեան (1 MW test reactor) գործիք մը։ Թրքական ելեկտրականութեան հաստատութիւնը 1973-ին որոշեց կառուցել 80 մեկաուաթ ելեկտրականութեան արտադրութեան համար հիւլէական գործարան մը։
Թուրքիոյ կառավարութիւնը 1993-ին ծրագրեց կորիզային գործարան մը հիմնել։ Շինարարութեան գործին համար առաջարկներ ներկայացուցին զանազան ընկերութիւններ, ինչպէս «Գանատայի հիւլէական ներուժ», «Ելեկտրական Ուեսթինկհաուս – Միթսուպիշի ծանր ճարտարարուեստ» եւ «Ֆրամաթոմ Սիմընզ» ընկերութիւնները։ Թրքական կառավարութեան տնտեսական դժուարութիւններու պատճառով այս գործարանի շինութիւնը յետաձգուեցաւ ցնոր տնօրինութիւն։
Թուրքիա ԱՄՆ-ի Անհատական նախաձեռնողներու միութեան հետ հիւլէական ոլորտին մէջ համաձայնութիւն մը ստորագրեց 2008-ին։ Նման համաձայնութիւն մը գոյացաւ 2010-ին Թուրքիոյ եւ Հարաւային Քորէայի, իսկ 2012-ին Չինաստանի հետ։ Թուրքիոյ ժամանակակից հիւլէական գործունէութեան մէջ կարեւոր էր՝ 2018-ին Ռուսիոյ հետ Մերսինի Աքքույու աթոմական ուժանիւթի կայանին մէջ երրորդ կորիզային մեքենայ մը հաստատելու համաձայնագիրի ստորագրումը։
Այս հիւլէական գործարանին առնչութեամբ մտահոգութիւնը այն է, թէ կարգ մը օտար քաղաքական աղբիւրներ կ՛ըսեն, որ թէեւ Թուրքիա կը խոստանայ Աքքույուի հիւլէական գործարանը պահել իր խաղաղասիրական նպատակներուն մէջ, սակայն միշտ կասկած կայ, որ ան մօտիկ ապագային զայն պիտի վերածէ զինական արտադրութեան՝ հոն իւրանիում բերելով օգտագործելու համար։ Թուրքիա կը միտի Ռուսաստանի հետ իւրանիումի առեւտուրը զարգացնել հիւլէական զէնքերու պատրաստութեան համար ու հետեւաբար Թուրքիա տէր դառնայ հիւլէական զէնքերու։
Թրքական սուզանաւերու հիւլէական վերամշակումը
Ներկայիս միջազգային լրատուական գործակալութիւններէն ու ելեկտրոնային լուրերու ցանցերէն կը յայտարարուի՝ Թուրքիոյ հիւլէական սուզանաւերու մօտալուտ երթեւեկութիւնը Միջերկրականի եւ Սեւ ծովու մէջ։ Այս ծիրին մէջ բացառուած չէ բնաւ Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը իրենց թիւ մէկ զինակցին՝ Թուրքիոյ հիւլէական զէնքեր ունենալու ճիգին մէջ, սակայն իրենց հակակշռին տակ (Համացանցային կայքէջ https://palestine.shafaqna.com/AR/AL/9005852)։
Միջազգային լրատուտութիւնը եւ անոր զանազան միջոցները, որոնք ուղղակի ԱՄՆ-ի հակակշռին տակ են, լուրերը այնպիսի ձեւով կը ներկայացնեն որ լսողը այնպէս կը հասկնայ, թէ Թուրքիա ինքստինքեան այսպիսի որոշումներ կու տայ եւ գործադրութեան ծրագրեր կը մշակէ։ Սակայն իրականութիւնը այն է, թէ այս գործունէութեանց ետին կը կանգնին ԱՄՆ-ն ու Իսրայէլը եւ իրենց շահերուն համաձայն կ՛առաջնորդեն ու կը հսկեն Թուրքիոյ վրայ՝ որպէսզի գործէ իբրեւ իրենց հաւատարիմ ծառայողը, որ իրողապէս այդպէս է։ Պարզապէս անոնք իրենց պատերազմական զէնքերու արտադրութեան եւ գործածութեան համար մասնաճիւղեր կը բանան այլ աշխարհագրական վայրերու մէջ, այս պարագային Թուրքիոյ տարածքին վրայ։
Հայոց ցեղասպանութենէն աւելի քան հարիւր տարի ետք, աշխարհ գահավէժն ի վար կ՛ընթանայ բոլոր մարդկային արժէքներու ոլորտներուն մէջ եւ փոխանակ բարոյականութիւնը զօրանայ ու տիրական ըլլայ, յափշտակելու, տիրապետելու եւ նոր ցեղասպանութիւններ կիրառելու ախորժակներ կը սրուին եւ առիթներ կը ստեղծուին։ Այսօր, աւելի քան տարիէ մը, պաղեստինեան Կազայի շրջանին մէջ բացարձակ ցեղասպանութիւն է որ կը կատարուի սիոնիստներու կողմէ պաղեստինցիներու դէմ եւ շատ քիչեր այդ հարցը կ՛արծարծեն։ Այլ նման երեւոյթ մը տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի մէջ, երբ համաձայնուած ու ստորագրուած Լիբանանի եւ նոյնինքն Իսրայէլի կողմէ, զինադադարի «հովանի»ին տակ Իսրայէլ ինքզինքին իրաւունք կու տայ ամէն օր մարդ սպաննելու, բնակելի շէնքեր քանդելու եւ երկրագործութիւնը փճացնելու նոր արհեստավարժական յառաջացած միջոցներով, պատճառաբանելով Իսրայէլի ապահովութիւնը։ Երբ աշխարհի իրադարձութիւնները այսպէս կ՛ընթանան, մինչեւ օրս Թրքական Հանրապետութիւնը ոճրաբարոյ նենգութեամբ ու մարտնչող յամառութեամբ կ՛ուրանայ իր ժառանգած Օսմանեան պետութեան գործած Հայասպանութիւնը։ Թուրքը հրապարակ կը նետէ հազար տեսակ սուտեր ու կեղծ տեղեկութիւններ՝ գիրքերու, պռոշիւրներու, ֆիլմերու, կեղծ հեքիաթներու եւ «վաւերագրական» տեսերիզներու միջոցաւ։ Հոս ու հոն Ատրպէյճանի հետ միասնաբար կը կազմակերպէ նոյնինքն պատմութիւնն ու գիտութիւնը խեղաթիւրող «պատմութեան գիտաժողովներ», որոնց տեղ կու տան Վատիկանի նման հեղինակութիւն ունեցող կրօնական, քաղաքական ու ընկերային հաստատութիւններ, հաւանաբար վերէն եկած հրահանգով կամ փոխան նիւթական օգուտներու։
Ուրեմն, այս վիճակին մէջ Թուրքիոյ ալ առիթ կը տրուի աթոմական զինատեսակներ ունենալու, անոր օրինական նախնիներուն իրականացուցած Հայոց ցեղասպանութեան վրայէն լուռ անցնելով, փաստօրէն զինք եւ ուրիշները անուղղակիօրէն քաջալերելով նորանոր ցեղասպանութիւններ կատարելու։