«ԱՐԱՐԱՏ», 8-13 Յունիս 1970
Թերթին այս շաբթուան թիւերէն մէկը գրեթէ ամբողջովին նուիրուած է հնչակեան քսան կախաղաններուն։ Կուսակցութեան պատմութեան ամէնէն հանրածանօթ ու տխուր դէպքն է այս, որ տեղի ունեցած է 15 Յունիս 1915-ին, Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտի հրապարակին վրայ։ Այսինքն՝ Մեծ Եղեռնի համատարած ձերբակալութիւններուն, համընդհանուր աքսորին եւ տեղահանութեանց զուգահեռ դէպք մը։ Այլ խօսքով, կախաղան բարձրացուած հնչակեան քսան գործիչները, Փարամազի գլխաւորութեամբ, սա կամ նա ձեւով, մաս կը կազմեն Մեծ Եղեռնի նահատակ գործիչներու խումբին։
Նկատուած է, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը, հինէն իվեր, սովորութիւն դարձուցած է միշտ անջատաբար ոգեկոչել այս քսաններուն յիշատակը, ու այդ ոգեկոչումը վերածուած է,– որքան որ կրցած ենք հետեւիլ,– ազգային ու հայրենական հրատապ հարցերու վերաբերեալ կուսակցութեան տեսակէտներն ու հայեացքները բանաձեւելու հրապարակային առիթի, գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ։ Այս աւանդութիւնը անշեղօրէն կը շարունակուի առ այսօր։
Քսաններու նուիրուած այս թիւին մէջ, բացի խմբագրականէն, գրութիւններ ունին Արսէն Կիտուր, Սարգիս Նաճարեան, Հրանդ Գանգրունի եւ Պէպօ Սիմոնեան։ Արտատպուած են նաեւ քերթուածներ Կոստան Զարեանէն, Թէքէեանէն, Մանուէլ Ադամեանէն ու Գառնիկ Ադդարեանէն՝ նոյն նիւթին առնչուող։
Ռումանիայէն թղթակցութիւն մը ղրկուեր է թերթին, Քրիստիան Օտապաշեանի ստորագրութեամբ։ Կը պատմուի, թէ Պուքրէշի հայոց եկեղեցիին մէջ, Մայիս 3-ին, դասախօսական ձեռնարկով մը նշուած է Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի ու Խրիմեան Հայրիկի ծննդեան 150-ամեակը։ Այս լուրին մէջ զիս խանդավառողը բանախօսն է՝ երեւելի պատմաբան Յ. Ճ. Սիրունին։ Այս պատկառելի մտաւորականը, որ Սիպերիոյ իր աքսորավայրէն վերադառնալէ ետք շարունակեց ապրիլ Պուքրէշ ու հոն ալ կնքեց իր մահկանացուն, ի՜նչ անուշ ու հիւթեղ լեզուով մը խօսեր է երկու յոբելեարներուն մասին եւ զուգահեռներ գծեր է անոնց վաստակին շուրջ։ Ան ըսեր է. «Խրիմեան սերունդ հասցուց հայ հողին վրայ եւ այդ հողին կապեց իր հասցուցած սերունդը։ Ալիշան սերունդ ստեղծեց օտար ափերու վրայ ու զայն թթխմոր դարձուց բովանդակ հայ կեանքին համար»։
Հայաստանէն գրականագէտ Ստեփան Կուրտիկեան լուսարձակի տակ առեր է բանաստեղծ Սարմէնի (1901-1984) վերջին քերթողագիրքը՝ «Երազանք»-ը։ Սարմէն վասպուրականցի էր եւ բաւական ալ ժողովրդականութիւն կը վայելէր Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Իր վաստակն ալ բաւական հարուստ է։ Ըստ Կուրտիկեանի՝ Սարմէնի պատկանող շուրջ 200 բանաստեղծութիւններ երգի վերածուեր են հռչակաւոր երաժշտահաններու յօրինումներով։
Տեղական քանի մը կարեւոր թղթակցութիւններ կան այս շաբաթ։
Նախ՝ Վահան Թէքէեանի մահուան 25-ամեակի ձեռնարկը, նախաձեռնութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան (բանաստեղծը մահացած էր Գահիրէ, 1945-ին)։ Բացման խօսք արտասաներ է Վարուժան Պետիկեան։ Բանախօսեր են Վահէ-Վահեան, Գուրգէն Բորեան (Հայաստանէն) եւ Սաիտ Աքըլ։ Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցութիւն բերեր են Ժանէթ Գույումճեան-Իլանճեան, Կարապետ Չատըրեան եւ Սարգիս Մինասեան։ Աւարտին, եզրափակիչ խօսքով մը հանդէս եկեր է ՌԱԿ-ի ղեկավարներէն փրոՖ. Բարունակ Թովմասեան։ Ճիշդ հո՛ս է որ դժգոհութիւն կը յայտնէ «Արարատ»–ի թղթակիցը, նկատել տալով որ փրոՖ. Թովմասեան թէեւ երկարօրէն խօսեցաւ Թէքէեանի ռամկավար կուսակցականի դիմագծութեան մասին, սակայն բոլորովին անտեսեց անոր նախապէս (շուրջ ութ տարի) հնչակեան մը եղած ըլլալու փաստը…։ Այս մատնանշումը ցոյց կու տայ, թէ այդ թուականներուն գրողի մը կերպարին մէջ մենք առաւելաբար ի՛նչ կը փնտռէինք կամ անոր դիմագծութեան մէջ ի՛նչ բանի կարեւորութիւն կ՛ընծայէինք…։
Երկրորդ թղթակցութիւն մը կը վերաբերի Նոր Սերունդ մշակութային միութեան նորակազմ «Արտաւազդ» թատերախումբին կողմէ Դերենիկ Դեմիրճեանի «Քաջ Նազար» փիէսին ներկայացումին։ 7-8 անգամ ներկայացուեր է գործը եւ բաւական հետաքրքրութիւն ստեղծեր։ Յօդուածագիրը՝ Սամօ (Սարգիսեան) կը գնահատէ բեմադրիչ ԼութՖի Թապագեանի բեմական կարողութիւնները եւ կը կատարէ որոշ նշումներ։ Կը թուէ գլխաւոր դերակատարներուն անուններն ալ. Աստղիկ Չէօրէքճեան, Թաթուլ Այնէճեան, Յարութիւն Աբարտեան, Նազարէթ Աջապահեան, Կարօ Շիմշիրեան, Ղազարոս Ալթունեան։
Յաջորդ թղթակցութիւնը ստորագրեր է Սարգիս Նաճարեան։ Ան լման էջի մը վրայ տեղադրեր է Հայաստանի Պարի Պետական Համոյթին անդամ-անդամուհիներուն լուսանկարները ու խօսեր է անսամպլին Պէյրութի ելոյթներուն մասին, որոնք խանդավառութիւն ստեղծեր են գաղութին մէջ։ Այստեղ, յատկապէս մեծարուեր է Վանոյշ Խանամիրեանը՝ որպէս հմուտ պարուսոյց։ «Ան ծնած է պարելու համար», կը շեշտէ յօդուածագիրը։
Այս նոյն նիւթին կ՛առնչուի այն թղթակցութիւնը, ուր կը ներկայացուի Պարի Անսամպլին այցը Հ.Մ.Մ.-ի Պէյրութի ակումբ (29 Մայիս)։ Ուղերձով մը հիւրերը ողջուներ է Մաքրուհի Խաչատուրեան։ Կատարուեր են արտասանութիւններ, երգուեր են երգեր։ Խանդավառ ելոյթներ ունեցեր են Գէորգ Տարօնի, Տիգրան ՍարաՖեան եւ տիկ. Ազատուհի Սիմոնեան։
Այլ թղթակցութիւն մըն ալ կը խօսի Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ կանանց վարչութեան կազմակերպած «Մայրերու օր»-ուան մասին (21 Մայիս, Ռուբինեան սրահ)։ Այստեղ բանախօսեր է տիկ. Արփինէ Փիլոյեան։
Այս շաբաթ մեզ ուղղակի զարմացուց Արսէն Կիտուր, որ առաջին անգամ ըլլալով մէկդի նետելով իր ուսէն պատմաբանի քղամիդը՝ ընդարձակ յօդուածով մը երկա՜ր-երկա՜ր խօսած է… «մինի ժիւփ»երու մասին։ Այո՛, կատակ չէ որ կ՛ընեմ. պատմագիր Արսէն կիտուր կը խօսի իգական սեռի կարճ փէշերուն՝ «մինի ժիւփ»-երու յարուցած աղմկարարութեանց մասին։ Ըստ իրեն՝ կարճ փէշի «մօտա»-ն ընկերային լուրջ վէրք մըն է, որուն բուն պատճառը… «դրամատիրական անխիղճ կարգերն են»։ Դարմա՞նը…։ Ահա՛ւասիկ. «դրամատիրական կարգերու խորտակումը եւ սոցիալիստական ռեժիմի հաստատումը»։ Կ՛ուզէք՝ հաւատացէք, կ՛ուզէք՝ մի՛ հաւատաք։ Գրութիւնը տեղ գրաւած է «Արարատ»-ի 11 Յունիս 1970-ի թիւին մէջ։
Տեղական կարեւոր լուր մըն է այն ընդունելութիւն-ընթրիքը, որ հայ դասական երեք կուսակցութեանց Լիբանանի ղեկավար տարրերուն ի պատիւ սարքեր է անուանի իրաւաբան մեթր Մոհսէն Սլիմ, իր բնակարանին մէջ (10 Յունիս)։ Ան ստանձնած է եղեր պաշտպանութիւնը «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» թերթերուն՝ ընդդէմ Թուրքիոյ դեսպանատան բացած դատական հետապնդումին։ Հացկերոյթին ներկայ եղեր է նաեւ շիի համայնքի կրօնապետ Մուսա Սատր եւ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. ՈւրՖալեան։ Թղթակցութեան կից հրատարակուած է խմբանկար մըն ալ, ուր կ՛երեւին հայ կուսակցութեանց ղեկավարները (շուրջ 30 հոգի), որոնք թերեւս առաջին անգամ ըլլալով քով-քովի կու գային այսքան մեծ թիւով ու մա՛նաւանդ «հաճելի ու համերաշխական մթնոլորտի մէջ»…։ Խօսք առած է Մուսա Սատր եւ գովեստով արտայայտուած է հայոց մասին։ Պատասխան-խօսքով հանդէս եկած է փրոՖ. Շաւարշ Թորիկեան։ Իսկ հիւրընկալ իրաւաբանը (ինք ալ շիի համայնքէն) համոզում յայտներ է որ «արդարութիւնը հայ մամուլին կողմը պիտի ըլլայ»։ Լուսանկարը ոչ-յստակ ըլլալով՝ չյաջողեցանք ճշդել ինքնութիւնը հայ մասնակիցներուն։
Ամերիկայի «Երիտասարդ Հայաստան» օրկանը անդրադարձեր է Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Ամերիկայի շրջանի 87-րդ պատգամաւորական ժողովին, որ պիտի գումարուի եղեր Սփրինկֆիլտի մէջ, 13-14 Յունիսին։ Ան թելադրութիւններ կ՛ընէ մասնակից ընկերներուն, բայց միաժամանակ չի ծածկեր իր մտահոգութիւնը։ Թերթը կը գրէ. «Մեր մեծասքանչը օրէ–օր կը նահանջէ. հայ գիրն ու գրականութիւնը տեղատուութիւն կը կրեն՝ արագավազ քայլերով. հայ մշակոյթը ամէն օր քիչ մը աւելի կ՛անտեսուի. հայ մամուլը շնչահեղձ վիճակ մը կ՛ապրի։ Այս բոլորին դիմաց մեր սերունդին վրայ կ՛իյնայ պարտաւորութիւն եւ պարտականութիւն՝ ա՛լ աւելի լարել մեր ուժերը, ա՛լ աւելի համադրել մեր կարելիութիւնները, գործակցելով բոլոր այն հաստատութիւններուն հետ, որոնք լծուած են օրհասական պայքարի ազնիւ ու նուիրական գործին»։
Ու հիմա, ըստ մեր սովորութեան, քաղենք ազգային ծանուցումները.
— Լիբանանահայ գեղարուեստասիրաց միութիւնը Ազգային Երաժշտանոցի խումբ մը փրոՖէսէօրներու կատարողութեամբ պիտի ներկայացնէ եղեր «Յովհաննէս Սալիպեանէն յօրինումներ» (12 Յունիս, Իրվին Հոլի մէջ)։ Սալիպեան լիբանանահայ է եղեր, շրջանաւարտ՝ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն, ուսանած՝ Երեւանի պետական երաժշտանոցը։
— Սահակեան լիսէի տարեկան «Վարդահանդէս»-ը պիտի կայանայ եղեր 10 Յունիսին, դպրոցին սրահը։ Այս առթիւ խօսք պիտի առնեն եղեր Պէպօ Սիմոնեան եւ Սամուէլ Սարգիսեան։ Յայտագիրը ի գործ պիտի դրուի եղեր Ժ. դասարանցիներուն կողմէ։
— Նոյն Սահակեան լիսէն իր տարեկան մարզահանդէսը պիտի կատարէ եղեր 19 Յունիսին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան դաշտին վրայ, նախագահութեամբ տիար Գէորգ Երեւանեանի։
— Տասը տարեկան Աւօ Գույումճեան դաշնակի ռեսիթալ մը պիտի տայ եղեր բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպանին եւ նախաձեռնութեամբ Վիեննական Մխիթարեան երկրորդական վարժարանին (Հազմիէ)։ Յայտագրին վրայ կան եղեր Պախ, Հայտըն, Մոցարթ, Պէթհովէն, Խաչատրեան եւ այլն (18 Յունիս, Ուեսթ Հոլ)։
– Ալէյէն զատ՝ Հ.Բ.Ը.Մ. ամառնային դպրոց մը պիտի բանայ եղեր նա՛եւ Մրուժի մէջ, ղեկավարութեամբ պրն. Ե. Կրպոյեանի։ Օթոքարի սպասարկութիւն պիտի կատարուի եղեր Մթէյնէն, Խնշարայէն, Պոլոնիայէն եւ մերձակայ այլ վայրերէ։ Ի միջի այլոց՝ հայերէն ու հայոց պատմութիւն պիտի աւանդուի եղեր յա՛տկապէս օտար դպրոց յաճախող հայ պատանիներուն։
— Պուրճ Համուտի Հ.Մ.Մ.-Մասիսի 15-ամեակին առթիւ ընկերա-ընտանեկան տարեկան դաշտահանդէս մը պիտի կայանայ եղեր 14 Յունիսին, ամբողջ օրը, Հաժ Իլիասի գեղատեսիլ «Քազինօ Համետինա»-ի մէջ։ Պատուոյ հիւր պիտի ըլլան եղեր Հայաստանի Պարի Պետական Համոյթին անդամները։
— Նոյն Հաժ Իլիասի ուղղութեամբ գիւղագնացութիւն մը կազմակերպեր են եղեր նա՛եւ հաճընցիները (Հաճնոյ երիտասարդական միութիւն, 21 Յունիս)։
— Հայ կաթողիկէ ակումբը ժապաւէն մը պիտի ցուցադրէ եղեր՝ Վազգէն Ա. կաթողիկոսին Հռոմի մէջ Պօղոս Զ. պապին հետ վերջին հանդիպման մասին։ Այս առթիւ, նիւթին շուրջ պիտի արտայայտուի եղեր Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր Ներսէս ծ. վրդ. Սէթեան։
— Լիբանանահայ գրական շրջանակը հրաժեշտի երեկոյ մը պիտի սարքէ եղեր՝ Պարի Պետական Անսամպլին մօտալուտ մեկնումին առիթով։ Խօսք պիտի առնէ Գուրգէն Բորեան (գրող, մշակոյթի փոխնախարար եւ խումբին պատասխանատուն)։ Գեղարուեստական յայտագրին պիտի մասնակցին եղեր թէ՛ գաղութէն, թէ՛ հայրենի խումբէն ոմանք (15 Յունիս, Գրական շրջանակի ակումբը)։