Ռուսաստանը մտավախութիւն ունի, որ Հայաստանի խորացող եւրոպական համարկումը կրնայ յանգեցնել իր օդային տարածքի փակման ռուսական ինքնաթիռներու համար. այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք՝ ելոյթ ունենալով Սան Փեթերպուրկի միջազգային տնտեսական համագումարին։
«Տեսէք, մենք ներկայիս Եւրոմիութեան հետ օդային երթեւեկութիւն չունինք։ Եւրոմիութիւնը փակած է իր երկինքը ռուսական ինքնաթիռներու համար։ Արդեօք Հայաստանը նոյնպէ՞ս պիտի փակէ իր երկինքը։ Եթէ դուք միանաք Եւրոմիութեան, ապա, այո՛, քանի որ Պրիւքսէլը ձեզի պիտի ըսէ փակել երկինքը, եւ դուք պիտի փակէք երկինքը, եւ դուք այլընտրանք չէք ունենար։ Եւ ի՞նչ», – ըսած է Ռուսաստանի փոխվարչապետը:
Օվերչուքի համոզմամբ՝ հնարաւոր սահմանափակումը պիզի ազդէ զգալի թիւով թռիչքներու վրայ եւ պիտի խաթարէ բեռնափոխադրման համակարգը։
«Շաբաթական ահա այս բոլոր հարիւրաւոր թռիչքները ո՞ւր պիտի երթան։ Թիֆլիսով պիտի անցնին, պարզ է»,- նշած է ռուսաստանցի պաշտօնեան շարունակելով․ «Նոյնը կը վերաբերի սահմանով անցնող փոխադրումներուն․ գիտէք՝ քանի որ հայկական բեռնատարը պիտի հասնի Վերին Լարս, այնուհետեւ բեռը պիտի տեղափոխուի պելառուսական կամ ռուսական բեռնատարի, որ պիտի տանի բեռը Ռուսաստան, իսկ հայ վարորդը պիտի վերադառնայ Հայաստան։ Ահա այն, ինչ իրականութեան մէջ կրնայ տեղի ունենալ»։