Հայաստանի մէջ կը շարունակուի բանավէճը պետական ու եկեղեցական անձնաւորութիւններու միջեւ: Ընդդիմադիր «Սրբազան պայքար» շարժումը երէկ յայտարարեց, թէ ոստիկանութիւնը լայնածաւալ ձերբակալութիւններ կատարած է շարժումի շարքերուն մէջ: Շարժումը տեղի ունեցածը որակեց ապօրինի, իսկ ոստիկանութիւնը երեկոյեան ազատ արձակեց ձերբակալուած մարդոց մեծամասնութիւնը:
Իշխանութիւնը զաւթելու հրապարակային կոչեր արձակելու ամբաստանութեամբ 18 Յունիսին ձերբակալուած, ապա երկու ամիս կալանաւորուած՝ «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի հիմնադիր-նախագահ Սամուէլ Կարապետեանի պաշտպանութեան խորհուրդը ապօրինի որակեց կալանքը, պնդելով որ Կարապետեանի մեղադրանքը որեւէ առնչութիւն չունի քրէական օրէնքներուն եւ իրաւունքին հետ: Իսկ Սնունդի անվտանգութեան տեսչական մարմինը երէկ շարունակեց խուզարկումները Սամուէլ Կարապետեանին պատկանող ընկերութիւններուն՝ ընդ որում «Dashir Pizza» հանրածանօթ ճաշարաններուն մէջ, որուն մասնաճիւղերուն մէկ երրորդը փակ յայտարարուեցաւ՝ որոշ խախտումներու պատճառով:
Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիթալի Բալասանեան աջակցութիւն յայտնեց գործարար Սամուէլ Կարապետեանին եւ յայտնեց, թէ կանգնած է Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ կողքին: «Այս եկեղեցին պարզապէս կրօնական կառոյց չէ, այլ մեր ինքնութեան հիմքն է», նշեց Բալասանեան՝ աւելցնելով, թէ Կարապետեան միշտ Արցախի կողքին էր թէ՛ պատերազմի, թէ՛ պետականաշինութեան ժամանակաշրջաններուն: Իսկ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ իրենք կը հետեւին Կարապետեանի գործին, որովհետեւ ան Ռուսիոյ քաղաքացի է: «Մենք չենք ուզեր միջամտել Հայաստանի ներքին գործերուն, սակայն անհրաժեշտութեան պարագային օգնութիւն պիտի տրամադրենք մեր քաղաքացիին: Կ’ակնկալենք, որ անոր օրինական բոլոր իրաւունքները պահպանուին», ըսաւ Փեսքով: