Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԷՐՏՈՂԱՆԸ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

June 21, 2025
in Հայաստան
0
ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԷՐՏՈՂԱՆԸ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշախատանքային այցելութիւն տուաւ Թուրքիա, ուր Իսթանպուլի օդակայանին մէջ զայն դիմաւորեց Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Պերրիս Էքինճին: Երեկոյեան տեղի ունեցաւ Փաշինեանի տեսակցութիւնը Թուքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի հետ: Նախ տեղի ունեցաւ առանձնազրոյց, ապա՝ զոյգ պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ քննարկում: Հայաստանի վարչապետը յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահը հրաւիրած է Երեւան, մասնակցելու համար 2026-ին Երեւանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովին: Փաշինեանին Իսթանպուլի մէջ ընկերակցեցան արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը,  փոխնախարար Վահան Կոստանեանը, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը եւ այլ պաշտօնեաներ: Փաշինեան Պոլսոյ մէջ այցելեց նաեւ Կապոյտ մզկիթ եւ աթոռանիստ Սբ. Աստուածածին մայր եկեղեցի, ուր վառեց մոմ մը:

Փաշինեան նաեւ տեսակցեցաւ Թուրքիոյ հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ եւ նկարներ ու տեսագրութիւն հրապարակեց այդ հանդիպումէն: Պատասխանելով պոլսահայ ներկայացուցիչներու հարցումներուն, Փաշինեան կարեւորեց Թուրքիա այցելութիւնը, յոյս յայտնելով, որ Էրտողանի հետ տեսակցութիւնը նոր ազդակ կը հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն: «Այցելութեան հիմքին մէջ են Հայաստան-Թուրքիա միջպետական յարաբերութիւնները եւ ընթացող հոլովոյթը կը բխի երկու երկիրներու փոխադարձ շահերէն», ըսաւ վարչապետը: Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւն կնքելու հոլովոյթին մէջ իրական Հայաստանի տեսլականին:

Իսկ իշխող կուսակցութեան երեսփոխաններէն Արսէն Թորոսեան համացանցի ընկերային հաղորդակցութեանց հարթակներուն վրայ հրապարակեց Փաշինեանի Իսթանպուլ այցելութենէն լուսանկարներ, յայտարարելով թէ «բոլոր հարեւաններուն հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալը մեր գերակայութիւններէն մէկն է, որովհետեւ առանց անոր կարելի չէ զարգանալ»:

Օր մը առաջ, Թուրքիոյ նախագահը այցելած էր Մարաշ՝ բացում կատարելու ատրպէյճանական ֆինանսաւորումով կառուցուած թաղամասի մը, ներկայութեամբ իր ատրպէյճանցի պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի: Ան իր ուղերձին մէջ անդրադարձաւ Խոճալուի դէպքերուն եւ արտասանեց «Ղարաբաղի ցաւին» նուիրուած

բանաստեղծութիւն մը:

Share62Tweet39
Previous Post

 ԽՃՈՂՈՒԱԾ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԱՆՑԱԿԷՏ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.