Պատերազմին պատճառով խճողումներ յառաջացած են նաեւ Հայաստան-Իրան սահմանային անցակէտերուն վրայ, ուր բազմաթիւ իրանցիներ կը փորձեն մուտք գործել Հայաստան: Իրանի գլխաւոր հիւպատոս Մորթեզա Ապատիի համաձայն, իրանցիները ցամաքային ճամբան սկսած են աւելի գործածել՝ օդանաւային թռիչքներու չեղարկումին պատճառով: «Անոնք փախստականի կարգավիճակ չունին եւ անոնց շարքին չեն եղած հիւպատոսարանէն օգնութեան կարիք ունեցողներ», բացատրեց հիւպատոսը ու դիտել տուաւ, թէ Իրանէն Հայաստան մուտք գործողներուն մեծամասնութեան համար Հայաստանը տարանցիկ երկիր է եւ անոնք «Զուարթնոց» օդակայանէն կը մենին այլ երկիրներ: Սահմանը հատող իրանցիներուն անհրաժեշտութեան պարագային օգնութիւն տրամադրելու նպատակով, Հայկական կարմիր խաչը սահմանին վրայ տեղակայեց առաջին օգնութեան կէտ: