Իսրայէլ-Իրան օդային-հրթիռային պատերազմը մուտք կը գործէ իր երկրորդ շաբաթը ու տակաւին չկան հանդարտութեան եւ լուծումի նախանշաններ: Իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը երէկ յաւելեալ յարձակումներ գործեցին Իրանի հարաւարեւմտեան Շիրազ քաղաքին վրայ: Իսրայէլեան բանակին համաձայն, յարձակումը թիրախաւորած է իրանեան հրթիռային համակարգեր:
Իրանի յեղափոխական պահակագունդը, միւս կողմէ, յայտարարեց հրթիռային 17-րդ ալիքը արձակելու մասին, որ թիրախաւորեց իսրայէլեան դիրքեր երկրի կեդրոնական եւ հիւսիսային հատուածներուն մէջ՝ հասնելով մինչեւ ծովեզերեայ Հայֆա քաղաքը: Շտապ օգնութեան ծառայութիւնը նշեց, թէ յարձակումին հետեւանքով վիրաւորուած է առնուազն 21 մարդ՝ ներառեալ ծանր պարագաներ:
Իսրայէլեան կառավարութիւնը երէկ վաւերացուց 1500 նոր ապաստարան գործածելու ծրագիրը՝ պատրաստուելով Իրանէն հրթիռային յաւելեալ հարուածներու: Արտաքին գործերու նախարար Կիտաուն Սաէր շեշտեց, թէ արշաւը պիտի շարունակուի, նշելով որ եթէ ուշանային հարուածել Իրանը, ապա ան պիտի տիրանար հիւլէական զէնքի:
Իրանի Անվտանգութեան խորհուրդը, իր կարգին, Իսրայէլի հետ համագործակցողներուն մինչեւ 1 Յուլիս ժամկէտ տուաւ՝ յանձնելու իրենց անօդաչուները, խոստանալով ներում: Արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճի Ժընեւէն յայտնեց, թէ Իրան պիտի շարունակէ պաշտպանել սեփական գերիշխանութիւնը եւ կանխարգիլել, որ Իսրայէլն ու անոր զօրակցողները տապալեն տիրող իրավիճակը: Իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամինէի յայտնեց, թէ «Իսրայէլ այժմ կը ստանայ իր արժանի պատիժը»: Իսկ նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան վստահեցուց, որ Իրանի հարուածները պիտի ուժեղանան եւ Իսրայէլ պիտի զղջայ գործած յարձակումին համար:
Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ յաւելեալ մարտանաւեր կ’ուղղուին Միջին Արեւելք եւ ցարդ երեք կտոր կը գտնուի Միջերկրական ծովուն մէջ, երկու մարտանաւ ալ՝ Կարմիր ծովուն մէջ:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը գումարեց Իսրայէլ-Իրան պատերազմին հետեւանքները քննարկող նիստ մը, որուն ընթացքին ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ հակամարտող կողմերուն կոչ ուղղեց առիթ տալու խաղաղութեան, որովհետեւ պատերազմը կրնայ ընդարձակուիլ եւ դուրս գալ հակակշիռէ: Ամերիկացի դեսպանը յիշեցուց, թէ Իրան Հըզպալլային յորդորած էր ճակատ բանալ Լիբանանէն: