Կիրակի, 15 Յունիսին, Նիկոսիոյ Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ հնչակեան քսան կախաղաններուն, որոնք 110 տարիներ առաջ Կ. Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ բարձրացան կախաղան՝ յանուն Հայաստանի անկախութեան եւ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան: Արարողութեան ներկայ էին ՍԴՀԿ Կիպրոսի վարիչ մարմինի ընկերներ, անդամներ եւ համակիրներ: Օրուան պատարագիչ եւ քարոզիչ Տէր Մոմիկ աւագ քհնյ. Հապէշեան իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Քսաններու զոհողութեան, նուիրումին եւ սխրանքին: Պատարագէն ետք, Վարիչ մարմինի ընկերներ, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Ռազմիկ Տիգրանեանի, եկեղեցւոյ բակին մէջ, ծաղկեպսակ զետեղեցին Մեծ Եղեռնի յուշարձանին առջեւ: |