«The Burning Heart of the World» (Աշխարհի Այրող Սիրտը) ամերիկահայ գրող Նէնսի Գրիգորեանի վերջերս հրատարակած վէպն է, որ պատմութիւնն է Վերա Սերանոսեանի Քոլաժ արուեստագիտուհիին։ Վերա 12 տարեկանին ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Նիւ Եորք, հեռանալով լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմէն։ 2001 Սեպտեմբեր 11-ին տեղի կ’ունենան Նիւ Եորքի զոյգ աշտարակներու ահաբեկչական գործողութիւնները երբ Վերա եւ իր ամուսինը՝ Ճորճ, հոգեբանին մօտ էին։ Վերա մայր էր երկուորեակներու՝ Սոֆիի եւ Սիմոնի, որոնք մանկապարտէզ էին այդ ժամուն եւ Վերա մտահոգ էր իրենցմով։ Անոնք կ’աճապարեն վերադառնալ տուն եւ կը տեսնեն որ փոքրիկները արդէն տուն հասած են իրենց օգնականուհիին ընկերակցութեամբ։ Շուտով կը լծուին աշխատանքի՝ ապահովելով իրենց տունը արուեստական լոյսով, մոմերով, ռատիոյով եւ այլ պիտոյքներով։ Փոքրիկները քնացնելէ ետք տէր եւ տիկին կը նստին հեռատեսիլին դիմաց՝ հետեւելու ահաբեկչութեան վերջին անցուդարձերուն։
Գիրքը կազմուած է 4 բաժիններէ։ Առաջինը Լեռնալիբանանն է նախապատերազմեան շրջանին։ Երկրորդը Նիւ Եորքի իրենց կեանքն է։ Երրորդը Պէյրութն է եւ Նոր Հաճըն թաղամասը պատերազմի օրերուն, իսկ չորրորդը՝ 1915-ի պատմական Հաճընը։
Վէպը սկիզբ կ’առնէ Լիբանանի երանական օրերուն, երբ լիբանանցիներ կ’ապրէին ուրախ կեանք մը։ Սերանոսեան ընտանիքը հրաւիրուած էր մօտիկ բարեկամներու տունը լեռնալիբանան, Պոլոնիա գիւղը, ուր նաեւ պիտի գիշերէին։ Պատրաստուած էր ճոխ ճաշկերոյթ մը։ Իրենց երեք զաւակները՝ Վերա, Արմէն եւ Ռաֆֆի, շոճիներու անտառը իջած էին խաղալու։ Վերային յանձնուած էր եղբայրներուն ապահովութիւնը որպէս երիցագոյնը զաւակներուն։ Անոնք միջատներ եւ սողուններ կը բռնէին, կը վազվզէին եւ ուրախ ճիչեր կ’արձակէին։ Այր մարդիկ իրենց որսորդական զէնքերով թռչուններ կ’որսային որոնք գետին կ’իյնային տասնեակներով։ Վերայի համար անընդունելի էր այս սպանդը, որ ոճրագործութեան համազօր էր, իսկ սպաննողները ոճրագործներ էին։
Վերայի կեանքը Նիւ Եորքի մէջ, յետ աշտարակներու փլուզումին, շատ խանգարուած էր։ Ան չէր կրնար հասնիլ իր առօրեայ պարտականութիւններուն որպէս մայր եւ գործին որպէս արուեստագիտուհի։
Վերա ժամանակ չէր տրամադրեր իր փոքրիկներուն։ Սոֆի կը գանգատէր որ մաման չէր խաղար իրենց հետ եւ ամէն ատեն կը պատրուակէր թէ ուրիշ գործ մը ունէր ընելիք։ Վերա մղձաւանջային երազներ (քոշմարներ) կը տեսնէր միշտ Հաճըն թաղին մէջ, Քարանթինայի սպանդն ու արիւնլուայ մարդոց Հաճնոյ դարմանատունը վազելը։ Ամուսինը իր ձայնէն արթննալով՝ կ’ըսէր. «Այս երրորդ գիշերն է մէկ շաբթուան մէջ որ այսպէս խռովքով կ’արթննաս, անպայման դոկտ. Լէթիին հետ ժամադրութիւն մը դասաւորէ»։ Վերա կը խոստանայ, բայց կը վերյիշէ, որ ժամանակ մը առաջ նոյն հոգեբանին գացած էին, ուր ամուսինը ներկայացուցած էր իր գանգատը Վերայի իշխող եւ տիրապետող բնաւորութեան մասին, իսկ ներկայիս ալ պիտի մատնանշէր անոր ինքնամփոփ եւ կրաւորական ըլլալուն մասին։ Երեկոյ մը Վերա պզտիկներուն կարդացած ատեն յանկարծ կ’անհանգստանայ, ուստի ամուսինը կ’առնէ զաւակները իրենց անկողինը կը տանի, վստահեցնելով փոքրիկներուն որ մաման պարզապէս յոգնած է եւ այդ գիշեր ինք պիտի կարդայ իրենց սիրած պատմութիւնները։
Վերայի պաշտօնակից Միմին ուզեց տեսնել իր արուեստի գործերը՝ անոնցմէ ընտրելու իր նախընտրածները, ներկայացնելու համար արուեստի կեդրոններ։ Ան մէկդի կը դնէ չորս նկարներ, որոնց գոյները եւ ծաղիկներն ու թռչունները իր հաւանութեան կ’արժանանան։ Երբ կ’անցնի միւս գործերուն, որոնք սեւ գոյներով էին ագռաւներ, փետուրներ, կ’անհանգստանայ ու կը քննադատէ Վերան։ Ան կ’ընդունի որ Նիւ Եորքի ահաբեկչութիւնը բոլորին վրայ ազդած է, սակայն Վերա դուրս պէտք է գայ այդ մելամաղձոտ վիճակէն եւ ջանայ ստեղծագործել խինդով լեւ լաւատեսութեամբ լեցուն արուեստի գործեր։ Ան կը յայտնէ որ այդ գործերը ինք չկրնար ներկայացնել պատկերասրահներուն։ Վերա կ’անդրադառնայ որ իր ներքին փոթորկոտ կեանքը զինք ետ կը պահէ արտադրելու արուեստով յագեցած գործեր։ Բայց Վերա անկարող էր դուրս գալու իր տխուր եւ մելամաղձոտ հոգեբանական վիճակէն։
Վերայի ամուսինը գործով Պոստըն պիտի մեկնէր, այս երեւոյթը մղձաւանջային վիճակ ստեղծեց Վերայի մօտ։ Սկսաւ մտածել թէ կրնայ իր ամուսինը յանկարծ արկածի մը ենթարկուիլ շոգեկառքի կամ ինքնաշարժի միջոցաւ։ Ան չէր ուզեր առանձին մնալ տան մէջ։ Ամուսինին մեկնումէն անմիջապէս ետք հապճէպով առաւ զաւակները եւ ուղղուեցաւ դէպի Նիու Ճըրզի՝ իր ծնողաց տունը։ Մայրը զինք տեսնելով զարմացաւ որ ինչու նախօրօք չէր հեռաձայնած, Վերա մոռցած էր հեռաձայնել։ Երեկոյեան երբ ամուսինին հետ կապուեցաւ ան ալ արտայայտեց իր մտահոգութիւնը թէ որքան փորձած էր կապուիլ իր հետ թէ՛ տան թիւին եւ թէ՛ բջիջայինին, սակայն կարելի չէր եղած հասնիլ անոր։ Ամուսինը կը յայտնէ որ որոշած է աւելի կանուխ վերադառնալ տուն, ան վստահ չէր որ Վերա կարող էր իր զաւակներուն հոգածութիւնը առանձինն ստանձնել իր վրայ։
Ծնողքին տունը քնացած պահուն Վերա մղձաւանջային գիշեր մը կ’անցընէ։ Կ’երազէ որ Հաճնոյ պատսպարանն է եւ կը գլորի դէպի յատակը եւ ռումբերու ձայները կը սարսափեցնեն զինք։ Յանկարծ կ’արթննայ։ Մայրը իր ձայնը լսելով կու գայ հասկնալու համար թէ ինչ պատահած էր։ Կը հանդարտեցնէ իր աղջիկը եւ կը խնդրէ որ ան ինքզինք ամուր պահէ։ Վերա կ’ըսէ. «Ես քեզի նման պողպատեայ կամք չունիմ»։ «Դուն ալ զօրաւոր ոսկորներ ունիս”, կ’աւելցնէ մայրը։ Ծնողքին տունը եղած օրերուն Վերա կը տեղեկանայ որ մայրը եւս մղձաւանջային երազներ կը տեսնէ։ Ուրեմն ինք չէ միայն որ այդ տառապանքին մէջն է, իր զօրաւոր թուացող մայրը եւս ունի հոգեկան խոցեր։ Իսկ հայրը, խօսելով ինքն իր մասին, կ’ըսէ. «Ես որպէս վիրաւոր թռչուն եկայ այստեղ այրող երկրէ մը»։ Շատ յատկանշական արտայայտութիւն մը, որ կը պարզէ իր հօրը ներքին էութիւնը։ Լիբանանեան մղձաւանջներով լեցուն ապրած կեանքին հետեւանքները կը կրէր այս երկրին մէջ։ Ամերիկան մարդը կը դատապարտէ մեկուսացումի, որ իր դառն պատիժը կը հանդիսանայ։
Պէյրութի Նոր Հաճըն թաղամասն է որ վէպի թատերաբեմը կը հանդիսանայ քաղաքացիական կռիւներու ամբողջ տեւողութեան։ Վերա հասակ կ’առնէ այս միջավայրին մէջ եւ վէպի բոլոր դէպքերը իր տեսանկիւնէն կը ներկայացուին։ Զգայուն էակ մըն էր ան, կը դիտէր ու կը դատէր ամէն ինչ եւ յաճախ կ’ըմբոստանար եղած անարդարութեանց դէմ։ Կիրակի օրով ընտանեօք տարեդարձի մը կ’երթային,
յանկարծ կը նշմարեն խճողում մը Անթիլիասի մայրուղիին վրայ։ Կը նկատեն
որ քաթաէպները ստուգումներ կը կատարեն եւ իրենց ինքնաշարժէն առաջ գտնուող կառքին վարիչը վար կ’առնեն ու կը սկսին հարուածել գլխուն, մարմնին եւ գետին դրած կը կոխոտեն խեղճ մարդուն կուրծքին ու փորին վրայ։ Մինչ այդ արիւնը կը հոսէր ու կը տարածուէր ասֆալտին վրայ։ Զոհին կինը եւ երեխաները կու լային ու կը ճչային, սակայն ի զուր, իրենց մտիկ ընող չկար։ Ինչ էր արդեօք պատճառը այդ դաժան վերաբերումին, ոչ ոք գիտէր։ Մինչ այդ զինեալները մարմինը գետնէն մայթին վրայ նետելէ ետք կ’արտօնեն սպասող ինքնաշարժներուն ստուգումէ ետք անցնիլ յառաջ։ Վերա մինչ այդ կու լար եւ կ’ըմբոստանար այս եղած անարդարութեան դէմ։ Մայրը կը զարմանար որ ինչպէս կարելի է լալ անծանօթի մը համար։ Սակայն Վերա կ’ըսէր. «Կարելի է լալ ամբողջ աշխարհին համար», այնքան լայն ընդգրկում ունէր իր հոգին։
Այդ օրերուն լուր տարածուեցաւ Քարանթինայի սպանդին մասին, որ շատ ահաւոր էր։ Նոր Հաճնոյ շատ մօտ ըլլալով, վիրաւորներ արիւնլուայ վիճակի մէջ կու գային Հաճնոյ դարմանատունը՝ շտապ դարմանումի համար։ Տեսարանը շատ ցաւալի էր. փոքրիկներ, տարեցներ, նոյնիսկ ամբողջ մարմնով այրած մարդիկ դարմանումի կը դիմէին։ Քարանթինա այցելող Վերային հայրը կը պատմէր ճամբու եզերքը խռնուած դիակներուն մասին։ Վիրաւորներու մեծ թիւը կը պարտաւորեցնէր որ թաղի տիկիններ երթան բժիշկին մօտ օգնելու՝ որպէս օգնական հիւանդապահուհիներ։ Վերային մայրն ալ մաս կազմեց այդ խումբին եւ տուն գալով կը պատմէր իր տեսած վիրաւորներու սիրտ խոցող վիճակին մասին։ Նոր Հաճնոյ բնակիչներուն վրայ շատ սարսռազդեցիկ ազդեցութիւն գործեց Քարանթինայի այս ջարդը։
Զրոյց կը շրջէր որ մեծ պայթում մը տեղի պիտի ունենար քաթաէպներու եւ սուրիացիներու միջեւ։ Պիտի ռմբակոծուէր ամբողջ շրջանը։ Ժամանակը հասաւ եւ Սերանոսեանները ստիպողաբար պատրաստուեցան մօտակայ բարձրայարկ շէնքի մը ընդյատակեայ յարկը ապաստանելու մօտ 75 հոգի հաշուող թաղեցիներով։ Շէնքին առաջին յարկը «կարաժ» ըլլալով, մեքենաներու սեւ իւղերու հոտերն ու աղտոտութիւնը տարածուած էր գետնին վրայ եւ մթնոլորտին մէջ։ Վերա շատ դժգոհ էր այս միջավայրէն, բայց ստիպուած էր համակերպիլ։ Ընկերուհիներ Սեդան եւ Թալինը նաեւ ներկայ էին իրենց ընտանիքներով ,որ մխիթարութիւն էր Վերայի համար։ Ամէն ընտանիք իր անկիւնը ունէր, ուր զետեղուած էին իրենց անկողիններու սարքերը, առօրեայ պէտքերը եւ ուտեստեղէնները։ Վերան իր հետ բերած էր իրենց տան սոխակը՝ իր վանդակով, որ զարմանալիօրէն երբեք չգեղգեղեց այդ հեղձուցիչ մթնոլորտին մէջ։
Ռմբակոծումները շատ աւելի ուժեղ էին քան նախապէս եղածները։ Այնքան ուժգին էին որ կը թուէր թէ շէնքին սիւները շարժման մէջ դրուած էին, Ժայռերու նման մեծ զանգուածներ կարծէք ներս կ’իյնային։ Ութ օր շարունակ առանց դադարի տեւած այս անմարդկային ռմբակոծումներէն ետք լուր տարածուեցաւ որ վերջ գտած են զարկերը
եւ համաձայնութիւն հաստատուած էր կողմերուն միջեւ։ Մեծ էր ուրախութիւնը բոլորին ու պատսպարեալները դուրս եկան իրենց թաքստոցներէն։ Անոնք տեսան թաղին քարուքանդ վիճակը, պատեր ու տանիքներ փուլ եկած էին ու
պատուհաններ՝ դուրս նետուած, փողոցները քարակոյտերով ծածկուած։
Պատերազմի այս փուլէն վերջ սկսաւ Վերային մօր՝ երկրէն գաղթելու պահանջքը իր հօրմէն։ Իր համոզումն էր որ այս երկրին մէջ իրենք պիտի կորսնցնէին իրենց զաւակները՝ ծանրօրէն վիրաւորուելով կամ սպաննուելով։ Անշուշտ գլխաւոր արգելքը մեծմայրիկն էր, որ վճռած էր կրկին անգամ չառնել գաղթականութեան ցուպը։ Վերայի մայրը շատ խիստ խօսած էր իր կեսրոջ հետ եւ Վերա ամօթով մնացած էր իր մեծ մօր առջեւ։ Մեծ մայրիկը կ’ըսէր՝ «Դուք գացէք ուր որ կ’ուզէք, սակայն ես կը մնամ այս տունը որ մեծ հայրիկը շինեց։ Զիս հոսկէ միայն գերեզման կրնաք տանիլ։ Գաղթականութիւնը այրող շապիկ մըն է, որ երբեք պիտի չհագուիմ կրկին», դառնօրէն կը յարէ մեծ մայրիկը։
Մեկնումի նախօրեակին մեծ մայրիկը Վերային կը նուիրէ իր ամուսնութեան մատանին, որ մեծ հայրիկին յիշատակն է, նաեւ իր թանկարժէք օղերը։ Սակայն ամենայատկանշական նուէրը հեքիաթային փետուրն էր, որ կախարդական յատկութիւն ունէր։ Վերա զայն պիտի պահէր լաթի մը մէջ իր մօտ եւ թռցնէր զայն երբ անհրաժեշտ էր։ Մեծ մայրիկին հեքիաթները, որոնցմով մեծցած էին Վերան, Արմէնը եւ Ռաֆֆին, անկարելի է որ մոռնային։ Մեծ մայրիկէն բաժնուիլը մեծ վիշտ էր իրենց համար, այդ պատճառաւ ալ անոնք չէին փափաքեր Ամերիկա ճամբորդել։ Ինչպէս մոռնային անոր հոգածութիւնը եւ սէրը իրենց հանդէպ։
Պատերազմական օրերուն դպրոցական առօրեան շատ անկանոն էր։ Որեւէ օր ռմբակոծումներու պատճառաւ դպրոցները կրնային փակուիլ։ Վերան թաղին նախակրթարանը աւարտած ըլլալով Էշրէֆիէի Հայսքուլը պիտի յաճախէր։ Վերայի մայրը մտահոգ էր, թէ ռմբակոծումներու ատեն ինչպէս տուն պիտի գար իր աղջիկը։ Մտածեց դիմել իր զարմուհիին՝ Անահիտին, որ կը բնակէր դպրոցի հարեւանութեամբ, որպէսզի Վերան իրենց տունը պատսպարուէր վտանգաւոր օրերուն։ Վերա շուտով ընտելացաւ Անահիտի տան, քանի որ տան աղջիկը՝ Նորան, իրմէ միայն քանի մը տարիով մեծ էր եւ ուստի անոնք ընկերուհիներ դարձան։ Առաջին գիշերն իսկ Նորա գաղտնաբար կը յայտնէր Վերային, որ ընկեր մը ունէր։ Յաջորդող օրերուն Նորա, օգտուելով Վերայի մօտիկութենէն, խնդրեց իրմէ որ նամակ մը տանի իր ընկերոջ՝ գոհարավաճառ Նարեկին։ Վերա դժկամակութեամբ ընդունեց Նորայի այս առաջարկը՝ յայտնելով, որ ինք չէր ուզեր միջնորդի դերակատարութեան մէջ գտնուիլ։ Նորա կը պատճառաբանէր իր անտեղի պահանջքը անով՝ որ իր մայրը շատ խիստ հսկողութեան տակ առած էր զինք, ուստի ինք չէր համարձակեր անձամբ երթալ իր ընկերոջ խանութը։ Մէկէ աւելի անգամներ Նորա խնդրեց Վերայէն նման պատուէրներ կատարել, որ Վերա դժգոհութեամբ ընդունեց, մանաւանդ որ ան լաւ տպաւորութիւն մը չունէր Նարեկէն։ Անոր թերութիւններէն մին նաեւ Նորայէն շատ մեծ ըլլալն էր։ Օրին մէկը ծնողները լուր ունեցան այս գաղտնի յարաբերութեան մասին եւ շատ բարկացան, մանաւանդ որ Նորա յղիացած էր եւ վարկաբեկած էր իր եւ ծնողքին բարի անունը։ Ի վերջոյ հարցը փակուեցաւ ամուսնութեամբ, որմէ ետք նորապսակները ճամբորդեցին Լոս Անճելոս, ուր կ’ապրէին Նարեկի ծնողները։
Վերա եւս հեռու չէր տղոց հետ զգացական կապեր հաստատելու փորձութենէն։ Դպրոցի ուսումնական տարեշրջանը բաւական յառաջացած էր, երբ արեւմտեան Պէյրութի Քանթարի թաղամասէն Ալեքսը եկաւ եւ Վերայի դասարանը ընդունուեցաւ։ Առաջին օրէն ան լաւ տպաւորութիւն թողուց աշակերտութեան վրայ երբ ֆութպոլի դասարանային մրցումին փայլուն խաղարկութիւն ցուցաբերեց։ Վերա կը ջանար օգտակար ըլլալ Ալեքսին՝ որպէս նոր աշակերտ, հարկ եղած պարագային անոր հայթայթելով գրենական պիտոյքներ։ Ալեքս Վերային հանդէպ սկսած էր հետաքրքրութիւն ցոյց տալ, Վերա եւս անտարբեր չէր։ Երբ Ալեքս կ’իմանայ որ Վերա լաւ կը գծէ, շուտով կը խնդրէ իրմէ որ իր եւ քրոջ նկարը գծէ։ Ան կ’ուզէր իր մօր տարեդարձին անակնկալ մը ընել։
Վերա կ’ընդունի առաջարկը եւ մեծ խանդավառութեամբ կ’աշխատի երկու նկարներուն վրայ։ Ի վերջոյ կ’աւարտի գործը որ շատ յաջող դուրս կու գայ եւ Ալեքսին հաւանութեան կ’արժանանայ։ Մայրը մեծ գոհունակութեամբ կ’ընդունի այս նուէրը եւ կ’ուզէ որ Ալեքս հրաւիրէ Վերան իրենց տունը, որ դպրոցին շատ մօտ էր։ Վերա շատ ուրախ պահ մը կ’անցընէ Ալեքսենց տան մէջ իր մօր եւ քրոջ ներկայութեան։ Մայրը կը խնդրէ որ Ալեքս իր ուտը (արեւելեան նուագարան) նուագէ որպէս գնահատանք Վերային։ Այս առիթով մայրը գաղափարը կ’ունենայ խնդրել Վերայէն՝ Ալեքսը նկարել ուտ նուագած պահուն։ Վերա ուրախութեամբ կ’ընդառաջէ այս խնդրանքին եւս։ Այս պարագային Վերա պարտէր Ալեքսենց տունը գալ գծելու համար։ Օր մըն ալ Ալեքսին հետ բոլորովին առանձին կը գտնուին տան մէջ մօր եւ քրոջ բացակայութեան կ’արտայայտեն իրենց զգացումները իրարու հանդէպ։ Վերայի այս գործն ալ շատ յաջող դուրս կու գայ եւ Ալեքսի եւ իր մօրը գնահատանքին կ’արժանանայ։ Այս շրջանին Վերայի ընտանիքին ամերիկեան վիզան կը հասնի։ Վերա չի համարձակիր Ալեքսին տալ լուրը։ Դպրոցին վերջին օրն է, մեծ աշխուժութիւն կայ աշակերտներուն մօտ։ Ալեքս շատ բարկացած է, որ Վերան իրեն անձամբ լուր չէր տուած Ամերիկայի վիզային մասին եւ ինք ուրիշներէ լսած էր։ Վերա կը ջանայ բացատրել թէ ինք չէր ուզեր իրենց սիրալիր յարաբերութիւնը խանգարել։ Կը խնդրէ որ հասկացողութիւն ցոյց տայ իրեն հանդէպ։ Ալեքս կը հանդարտի եւ կ’առաջարկէ որ մօտակայ մտերմիկ սրճարանը երթան ողջերթի առիթով։ Իր մէջ տրտմութիւն եւ ուրախութիւն պարունակող այս ջերմիկ պահը կը հանդիսանայ Վերայի եւ Ալեքսի վերջին հանդիպումը։
Վէպին վերջին մասը յետադարձ ակնարկ մըն է հին Հաճընին։ Սօսին է գլխաւոր հերոսուհին, որուն կեանքը իր լրումին կը հասնի հեքիաթային վերջաւորութեամբ։ Սօսի կ’ապրէր իր ամբողջ գերդաստանով՝ հօրմով, մօրմով, մեծ մօրմով, մեծ հօրմով, հօրեղբայրներով եւ անոնց ընտանիքներով։ Այս երեւոյթը նախաեղեռնեան օրերուն կը ներկայացնէ նահապետական մեր ընտանիքին հարուստ անցեալը։ Այնպիսի անցեալ մը, որ արդի օրերէն դիտուած միայն հեքիաթներու մէջ կարելի էր գտնել։ Սօսի իր ընտանիքին երիցագոյն զաւակն էր, ունէր երկու եղբայր եւ փոքրիկ քոյր մը՝ Սիլվա։ Սօսի իր աշխոյժ մօրը հետ փուռ կ’երթար մայրիկին թխած անուշ հացերը եփել տալու համար։
Ան տան գործերուն կը հասնէր մաքրելով եւ կոկելով երկյարկանի իրենց ամբողջ տունը։ Դպրոցէն ետք եղբայրներուն դասերուն կը հետեւէր, որմէ վերջ իր դասերը կը պատրաստէր։ Ազատ ժամերուն մեծ մասը պարտէզը կ’անցընէր, բոյսերը կը ջրէր եւ թուփերը կը մաքրէր։ Պտղատու ծառերուն խնձորի, կեռասի, թութի բերքը իր եղանակին կը հաւաքէր։ Թռչունները շատ կը սիրէր, անոնք իր ափի հացի փշրանքները կու գային ուտել։ Մեծ հայրիկը գիշերները իր թոռները կը հաւաքէր իր շուրջը եւ անոնց կը պատմէր անտառի կենդանիներուն, ինչպէս՝ եղնիկին, գայլին, վայրի այծին, աղուէսին եւ արջին մասին։ Կը պատմէր թռչող ձիուն մասին, թէ ինչպէս ան երիտասարդ տիրոջը համար կարող էր թելադրել անոր արժանի աղջիկը։ Մեծ հայրիկը գիտէր անունները բոլոր թռչուններուն եւ տեղեակ էր անոնց առանձնայատկութիւններուն։ Մեծ մայրիկը օր մը Սօսին շուկայ կը տանի եւ այլ գնումներուն կողքին կը գնէ նաեւ աղաւնի մը, որ կռնակին վրայ սեւ փետուր մը ունէր։ Մէկ օր տունը պահելէ ետք կը թելադրէ Սօսիին որ դուրս հանէ եւ երեք անգամ գլխուն վրայ դարձնելէ ետք ազատ ձգէ որ թռչի։ Այդպէս ալ կ’ընէ Սօսի։ Քանի մը օր ետք նոյն աղաւնին կու գայ պարտէզ, ուր Սօսի նստած էր, եւ կը խօսի իր հետ, զարմանք պատճառելով Սօսիին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնէ որ զինք ազատ արձակած էր եւ կ’ըսէ. «Ես քեզի նուէր մը պիտի ընեմ որպէս երախտագիտութիւն։ Գէշ ժամանակներ պիտի գան եւ դուն պէտք պիտի ունենաս օգնութեան։ Ահաւասիկ քեզի այս փետուրը կու տամ որ կտոր մը լաթի մէջ պիտի տեղաւորես եւ քու վրադ պահես ցերեկ ատեն, իսկ գիշեր ատեն՝ բարձիդ տակ։ Երբ որ վտանգը մօտենայ, շուտով կը թռցնես զայն»։ Սօսին կ’ուզէ գիտնալ թէ արդեօք իր ընտանիքի անդամներուն համար ալ կարելի չէ՞ որ փետուռր օգտագործէ, Աղաւնին կ’ըսէ. «Ոչ կարելի չէ, միմիայն քեզի համար է այս փետուրը , քեզ պաշտպանելու համար»։
Աղաւնիին ըսածին համեմատ գէշ օրերը կու գան, Սօսիի հայրը թուրքերը կը տանին, ինչպէս Հաճնոյ բոլոր երիտասարդները, եւ կը սպաննեն։ Ընտանիքը տունէն գաղթական կը հանեն, մեծ հայրիկը, մայրիկը երկու եղբայրներն ու քոյրը։ Մեծ մայրիկը տան պարտէզին մէջ թաղած էին արդէն։ Ճամբու ընթացքին հետզհետէ կը մահանան մեծ հայրիկն ու մայրիկը։ Երկու եղբայրները քիւրտ փաշա մը հետը կը տանի, խոստանալով լաւ հոգ տանիլ անոնց։ Անապատին մէջ թուրք զինուորներ կը հետապնդեն Սօսին ու քոյրը, որոնք կը փախչին անոնց առջեւէն։ Երբ Սօսի կը զգայ որ վտանգը հասած է իրեն, գրպանէն փետուրը կը հանէ եւ կը թռցնէ։ Ան անմիջապէս աղաւնիի կը վերածուի։ Պզտիկ քոյրը կու լայ դառնօրէն որ քոյրը կորսնցուց եւ ինք
անտէր մնաց։ Յանկարծ աղաւնի դարձած քոյրը կը վերադառնայ իր մօտ եւ կը վստահեցնէ իրեն, որ բոլոր թռչունները պիտի օգնեն իրեն, ինք պիտի ազատի գալիք
վտանգներէն, երկար կեանք մը պիտի ունենայ եւ թոռնիկներու տէր պիտի դառնայ։ Այդ պահուն Հաճընէն ազատած մայրիկ մը իր զաւկին հետ կը մօտենայ եւ կը փափաքի իրեն տէր կանգնիլ եւ կ’ուզէ զինք իր աղջիկը դարձնել։ Քրոջը նախատեսութիւնը իրականութիւն դարձած էր արդէն։ Այդ գիշեր Սիլվա հանգիստ քուն մը կը քնանայ։
Նէնսի Գրիգորեան հատորին վերջաւորութեան, հեքիաթային աղաւնիի դերակատարութեան ընդգրկումով, լաւատեսութեամբ կ’աւարտէ վէպը։ Ան կը վստահեցնէ թէ ցեղասպանութեան ենթարկուած մեր անթիւ հայու բեկորները սահմանուած են անմահութեան։ Անոնք կ’ապրին եւ կը ներշնչեն մեզ յաւերժութեան խոստումով։
Վէպի գլխաւոր թեմաներէն մին խոցի եւ հոգեկան վէրքի (trauma) մնայուն ներկաութիւնն է դերակատարներու կեանքին մէջ։ Վերայի ապրած Լիբանանեան առաջին ողբերգութիւնը իր ներաշխարհին մէջ կը վերայայտնուի նոր ողբերգութեան մը՝ Նիւ Եորքի աշտարակներու ահաբեկումի փորձառութեամբ։ Կարելի չէ անթեղել այդ «թրոման», ան թափանցած է իր սրտին խորքը։
Տնաւեր դառնալու ողբերգութիւնը եւս կը կազմէ վէպի առանցքային թեմաներէն մին։ Գիրքին որպէս բնաբան Կոմիտասի տողերը՝ «Սիրտս նման է էն փլած տներ, կոտրեր գերաններ, խախտեր են սներ», կը բացայայտեն այն հոգեկան աւերակները, որոնց մէջ կ’ապրին Վերան եւ իր ծնողքը։ Անոնք Նիւ Եորք եւ Նիւ Ճըրզի փոխադրուելով երբեք ուրախ չեն եղած։ Անոնց սիրտը կ’ալեկոծի իրենց ծննդավայր Լիբանանի եւ հոն հաստատուած պապենական տան կարօտով։ Կը զգան տառապանքը նոր աշխարհին հետ համարկուիլ չկարենալու իրողութեան։ Անոնք կը վերահաստատեն այն իրողութիւնը, որ Վերային մեծ մայրիկը Լիբանանի մէջ իրաւունք ունէր չգաղթելու Ամերիկա որպէսզի կրկին անգամ չհամտեսէր աքսորի եւ գաղթականութեան դառն ցաւը։
Վէպին խորագիրը՝ «Աշխարհի այրող սիրտ»ը, կը խորհրդանշէ Լիբանանը, որ 15 տարի տեւող իր քաղաքացիական պատերազմով կը ներկայացուի որպէս այրող երկիր։ Այրող աշխարհին մաս կը կազմէ նաեւ Լիբանանի երդիքին տակ ապաստան գտած Կիլիկիոյ հայ գաղթական ժողովուրդը որպէս նոյն ճակատագիրը բաժնող եւ այրող աշխարհին զոհերը։
Վէպին արձակը բանաստեղծական է եւ համեմուած՝ հիւմորով։ Խօսակցական ոճը, երկխօսութիւնը լեցուն է սրամիտ դարձուածքներով։ Պատմողական լեզուն գրաւիչ է իր խոր թափանցումով, մանաւանդ գլխաւոր դերակատարներու՝ Վերայի եւ Սօսիի հոգիներու ներքին ծալքերուն։ Նէնսի Գրիգորեանի սոյն հատորը կը քանդակէ այն գլխաւոր միտքը, որ հոգեկան խոցը կարելի չէ վերացնել մարդու ներքին աշխարհէն, թէ հայ ժողովուրդի 1915 թուականի ապրած «թրոման» կարելի չէ վերացնել։ Նոյնպէս լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին ստեղծած խոցն ու արիւնոտ վէրքը կը մնան անթեղուած վէպի հերոսուհի Վերայի, ինչպէս նաեւ իր ծնողաց հոգիին մէջ։ Վէպի ընթերցումը մեզի պատճառեց գեղարուեստական վայելքի բացառիկ պահեր։
Անցեալին եւ այսօր նոյնպէս գնահատանքի խօսքեր պիտի արձանագրուին մեր թանկագին գրող Ազատուհի Սիմոնեանին, որուն գրախօսութեանը միջոցով կը ծանօթանանք լման հատորի մը բովանդակութեան: Իրաւացի է, մարդուս ապրած հոգեցնցումները դժուար է վերացնել… ժամանակի հետ ցաւը կը մնայ ցաւալի անջնջելի յուշ մը: Գրիչդ արեւներով ողողուած մնա՛ սիրելի Ազատուհի: Սիրեմ: Շաքէ Մանկասարեան