Մեր ամէնէն աւանդապաշտ գաղութներէն մին է Հալէպը։ Եւ հակառակ զայն գրեթէ արիւնաքամ ընող վերջին պատերազմին (2012֊2016), հակառակ զայն ցնցած վախազդու երկրաշարժին (6 Փետրուար 2023), հակառակ քաղաքական վերջին վերիվայրումներուն ու անոնցմէ բխած անորոշութեանց, եւ այս բոլորին իբրեւ հետեւանք` հակառակ զայն նօսրացուցած արտագաղթին, Հալէպը կը շարունակէ մնալ ՇՆՉՈՂ գաղութ մը։ Ան բոլորուած է իր եկեղեցիներուն, միութիւններուն եւ կրթական հաստատութիւններուն շուրջ եւ գրեթէ նախկին թափով կը շարունակէ իր հայապահպանական առաքելութիւնը։
Հայահոծ երբեմնի թաղերը հայաթափուած են, այո՛, սակայն Հալէպ կը պահէ իր առանձնաշնորհեալ վեհութիւնը… իր պատմական բերդին պէս։
Մենք գիտէինք ու բազմիցս լսած` թէ Հալէպի հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը կ’աշխատին ու կը գործեն միասնաբար։ Հերթական հանդիպումներ կ’ունենան ամէն ամիս, գաղութը յուզող կարեւոր ու ճակատագրական հարցերու մէջ մի՛շտ կը կանգնին կողք֊կողքի։ Զիրենք կը տեսնենք հայկական բոլոր ձեռնարկներուն` առաջին շարքի վրայ, ուս֊ուսի։ Վարդանանքը կը տօնախմբեն միասին, Ապրիլեան ձեռնարկները կը հովանաւորեն միասնաբար, պետական շրջանակներու հետ իրենց յարաբերութիւնները կը համակարգեն իմաստուն ու ճկուն քայլերով եւ մի՛շտ խորհրդակցաբար։ Ահա թէ ո՛ւր կը կայանայ Հալէպի յաջողութիւնը։
Հալէպը կը հմայէ մեզ իր պարզունակ մարդոցմով, անոնց ծառայասիրութեամբ, անոնց սրտբացութեամբ։ Հալէպը ոչինչ փոխած է իր երբեմնի «երազային» թովչութենէն…։
Կարելի՞ բան էր Հալէպ գտնուիլ ու չայցելել մեր հոգեւոր պետերուն։ Մանաւանդ որ անոնք ազնուօրէն իրենց հովանաւորութիւնը շնորհած էին Քսան Կախաղաններու 110-ամեակի ոգեկոչական հանդիսութեան, ուր բանախօսելու հրաւիրուեր էինք մենք, «Արարատ»֊ի տնօրէնի հանգամանքով։
Ուրեմն, հերթաբար, մենք ափ առինք հայ երեք յարանուանութեանց կեդրոնները եւ տեսակցեցանք հոգեւոր պետերուն հետ։
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՄՕՏ
Շաբաթ, 14 Յունիսի առաւօտուն, մենք փափկավարական մեր առաջին այցը կատարեցինք Հայ աւետարանական համայնքապետարան, ուր խանդավառօրէն մեզ ընդունեց Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։
Շէնքը նոփ֊նոր էր, նորակառոյց, բազմաթիւ յարմարութիւններով օժտեալ։ Կողքին` համայնքին Բեթէլ երկրորդական վարժարանն է, որ երկու տարի առաջ նշեր է իր 100֊ամեակը։ Նոյն շրջափակին մէջ է նաեւ Բեթէլ եկեղեցին։ Այս թաղամասը, տարիներ առաջ, վեր. Սելիմեանի ջանքերով կոչուած է «Վեր. Ահարոն Շիրաճեան փողոց»։ Շիրաճեան վերապատուելին տնօրէն եղած է Հալէպի հայ որբանոցին, Եղեռնի յաջորդող առաջին տարիներուն։
Վերապատուելի Սելիմեան կը հսկէ ոչ միայն Հալէպի, այլեւ Քեսապի ու Դամասկոսի աւետարանական համայնքները։
Զրուցեցինք իր հետ Սուրիա-Լիբանանի հայութեան եւ միջինարեւելեան յարափոփոխ տագնապներուն մասին։ Համայնքապետը յայտնեց, թէ երկիրն ու քաղաքացիները կ’ապրին տնտեսական սուր տագնապ մը (տարիներէ իվեր) եւ թէ իրենց, -իբրեւ համայնք,- գլխաւոր մտահոգութիւնը համայնքի անդամներուն տնտեսական կարիքին գոհացումն է։ Այս գետնի վրայ` տրուած նպաստները, նիւթական նուէրներու բաշխումը զգալիօրէն կը թեթեւցնեն մեր հայրենակիցներուն բեռը։ Վերապատուելին աշխոյժ եւ կարգապահ անձնաւորութիւն է։
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Նոյն օրը, մեր այցելութեան երկրորդ կայքն եղաւ Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը, ուր մեզ ջերմօրէն դիմաւորեց գերապայծառ Տ. Պետրոս արք. Միրիաթեան` համայնքին երկարամեայ առաջնորդը։ Իր կողքին ներկայ էր Հ. Կոմիտաս վրդ. Տատաղլեան։
Առաջնորդարանը կը գտնուի նշանաւոր Թիլէլ պողոտային վրայ, մեր Կիլիկեան ճեմարանէն հազիւ հարիւր մեթր անդին։ Կողքին` մայր եկեղեցին է եւ «Իման» կոչուած համայնքային դպրոցը։
Գերապայծառին հետ մեր զրոյցը թաւալեցաւ Զմմառու վանքին եւ Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանի սաներուն եւ ընծայեալներուն շուրջ, մանաւանդ որ Միրիաթեան արքեպիսկոպոս վերջերս մատակարար նշանակուած է այս վերջնոյն։ Ան մեզի նուիրեց կարտինալ Աղաճանեանի մասին գիրք մը։
ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Սկզբունքով, մեր անդրանիկ այցելութիւնը պէտք է տայինք հոս` Հայ առաքելական համայնքի առաջնորդարանին։ Սակայն նկատի ունենալով որ առաջնորդ Մակար արքեպիսկոպոս Անթիլիաս մեկնած էր ժողովական պարտաւորութիւններով, ուստի, Բերիոյ Թեմի կեդրոն մեր այցը յետաձգուած էր ակամայ։
Երեքշաբթի, 17 Յունիսի առաւօտուն է որ իր գրասենեակին մէջ ողջունեցինք գերշ. Տ. Մակար արք. Աշգարեանը, որ մեզի պէս… լիբանանցի է։ Ըսուեցաւ, թէ այս պարագան աննախընթաց էր. Բերիոյ Թեմի ընտրեալ առաջնորդները, 60֊ականներէն ասդին, մի՛շտ եղած են բնիկ հալէպցիներ։ Վերջին առաջնորդները` Գաթարոյեան սրբազան (վերջերս վախճանած) եւ Շահան սրբազան (այժմ մատենադարանապետ Անթիլիասի) իրենց երկարամեայ պաշտօնավարութեամբ շա՛տ խորունկ հետքեր թողած են Հալէպի մէջ։ Իսկ Մակար սրբազանը այնքան մեծ նուիրումով ու անխոնջ ծառայութեամբ կը սպասարկէ գաղութին` որ ո՛չ ոք կը մտաբերէ անոր լիբանանցի ըլլալը…։ Ան դարձած է հարազատ հալէպցի մը ու առաջին իսկ օրէն գրաւած է իր հօտին սիրտը։
Սրբազան հօր հետ խօսեցանք համայնքը յուզող հարցերու մասին։ Զրոյցին ներկայ եղաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ պրն. Ժիրայր Ռէիսեան, որ անցեալին անդամ եղած է սուրիական խորհրդարանին եւ երկար տարիներ ալ վարեր է Ագգ. Սահակեան վարժարանի (այժմ փակուած) տնօրէնի պաշտօնը։
Մակար սրբազան մեզի նուիրեց իր հրատարակած գիրքերէն վեցեակ մը օրինակներ։ Անոնցմէ մէկուն անդրադարձեր էինք «Արարատ»-ի էջերուն մէջ, տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ։
Հայ համայնքապետերուն տրուած մեր այս այցելութեանց ընթացքին մեզի ընկերակցեցան Կիլիկեան Շրջանակի մեր ընկերներէն Հրանդ Աթթարեան, Հրաչ Գէորգեան եւ ժագ Սնունու։
Նշենք նաեւ, թէ մեր այս այցելութեանց պատշաճօրէն արձագանգեցին երեք համայնքներու դիմատետրի կայքէջերն ալ։