Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը յայտարարեց, թէ նկատի առնելով քաղաքացիներուն դիմագրաւած ելեւմտական ու տնտեսական դժուարութիւնները, եւ ընկերային կայունութիւնը ամրապնդելու նպատակով, որոշուած է թիւ 158 շրջաբերականէն օգտուող աւանդատէրերուն ստացած ամսական գումարը 500-էն բարձրացնել 800 տոլարի, իսկ 166 շրջաբերականը ստորագրած աւանդատէրերուն բաժին հասած ամսական գումարը 250-էն բարձրացնել 400 տոլարի: Սոյն որոշումին գործադրութիւնը կը սկսի 1 Յուլիսին ու կը շարունակուի մինչեւ 1 Յուլիս 2026՝ երկարաձգումի հաւանականութեամբ: