Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ հետախուզական ծառայութիւնները Պեքաայի Պրիթէլ գիւղին մէջ կատարած են խուզարկումներ, ուր ձերբակալած են հրաձգութեան ամբաստանութեամբ հետապնդուող լիբանանցի մը: Անկէ գրաւուած է զէնք ու զինամթերք: Ձերբակալուած մարդը եւ գրաւուած նիւթերը յանձնուեցան դատական պատկան մարմիններուն՝ հետաքննութիւնը ընդարձակելու նպատակով: