Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետի կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 30-ամեակին առիթով, Կիրակի, 15 Յունիս 2025-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Կաթողիկոսանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ կատարուեցաւ Գոհաբանական Աղօթք (Հայրապետական Մաղթանք)։ Պատարագեց ու յաւուր պատշաճի քարոզեց կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ գերշ. Տ. Շահան արք. Սարգիսեան։
Սուրբ Պատարագին ներկայ էին Կիլիկեան աշխարհացրիւ թեմերու թեմակալ առաջնորդ սրբազան հայրերը, մեր Սուրբ Աթոռի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամները, թեմերու ազգային իշխանութիւններու, կուսակցութիւններու, բարեսիրական ու մշակութային միութիւններու եւ քոյր կազմակերպութիւններու վերին մարմիններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ազգային բարերար Ալէքքօ Պէզիքեան, զաւակն ու թոռը՝ Զարեհ ու Անի Պէզիքեաններ։
Սուրբ Պատարագի մատուցման ընթացքին, «Տէրունական Աղօթք»էն անմիջապէս առաջ, Սուրբ Խորան բարձրացան Կիլիկեան ուխտեալ Միաբանութեան եպիսկոպոսաց դասէն խումբ մը միաբան հայրեր, գլխաւորութեամբ Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեանի։ Անոնք աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած մեր շնորհազարդ Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի առողջութեան, արեւշատութեան եւ բեղուն ծառայութեան համար։ Յիշեալ արարողութեան յաջորդեց պատարագիչ Շահան արքեպիսկոպոսի յաւուր պատշաճի քարոզը։
Անդրադառնալով մարդուս կեանքի տարիներու 30 տարիքին, քարոզիչ սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ նոյնքան երիտասարդ է Հայրապետին գնացքը այսօր, որքան երբ առաջին անգամ ընթացք առաւ իբրեւ կաթողիկոս։ Այս առումով, ան ընդգծեց Հայրապետին Արամեան Դպրոց ըլլալը, երեք բառերով ներկայացանելով՝ տեսիլքի ու ծրագրերու մարդ, առաջնահերթութիւնները ճանչցող անձնաւորութիւն եւ իր խօսքը գործի վերածող իրագործումներու մարդ։ Ան դիտել տուաւ, որ Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 30 տարիները ունեցան իրենց մարտահրաւէրները, այսուհանդերձ ան Տիրոջ օրհնութեամբ մնաց վճռորոշ եւ ունեցաւ իր խօսքը, որ թարգմանեց գործով։ Նորին Սրբութիւնը հակառակ մարմնեղէն տարիքի տարբերութեան, 30 տարեկան երիտասարդի խանդով, աւիւնով, ուժականութեամբ կը շարունակէ իր ծառայութիւնը, ընդգծեց սրբազան հայրը։
Սուրբ Պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր Դպրեվանքի սաները Վեհափառ Կաթողիկոսին ձօնուած փունջ մը երգերով շնորհաւորեցին անոր գահակալութեան 30-ամեակը։