Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՐԱՆ-ԻՍՐԱՅԷԼ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԵՐՈՒ ԱՆՏԵՍՈՒՄ

June 19, 2025
in Միջազգային
0
ԻՐԱՆ-ԻՍՐԱՅԷԼ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԵՐՈՒ ԱՆՏԵՍՈՒՄ

Հակառակ պատերազմին վերջ տալու, անոր ընդարձակումը կանխելու եւ բանակցային սեղան վերադառնալու միջազգային բազում կոչերուն, իրավիճակը խիստ լարուած կը մնայ Իրանի եւ Իսրայէլի մէջ՝ փոխադարձ հրթիռարձակումներու եւ ռազմատենչ յայտարարութիւններու լոյսին տակ:

Իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտնեց, թէ ռազմական օդանաւերը կը շարունակեն թիրախաւորել Իրանի հիւլէական եւ հրթիռային կառոյցները: Երէկ, իսրայէլեան ռազմական աւելի քան 50 օդանաւեր սաւառնած են Իրանի վերեւ եւ բազմաթիւ թիրախներ հարուածած՝ ընդ որում մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ: Բանբերին համաձայն, Իրան տակաւին զինամթերանոցներուն մէջ ունի հազարաւոր հրթիռներ եւ յստակ չէ, թէ ինչու նուազեցուցած է արձակած հրթիռներուն թիւը, բաղդատած առճակատումի առաջին օրերուն հետ:

Միւս կողմէ, Իրանի յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, թէ հրթիռարձակումի 11-րդ ալիքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով գործածած է հեռահար «Ֆաթէհ» հրթիռը, որ յաջողած է խուսափիլ իսրայէլեան հակահրթիռային պաշտպանութեան բոլոր համակարգերէն եւ ցնցել ապաստարանները: «Մեր հրթիռներով ցոյց տուինք, թէ ամբողջովին կը տիրապետենք իսրայէլեան օդային տարածքին», յայտարարեց պահակագունդը: Իրանի զինուած ուժերու սպայակոյտի պետ Ամիր Մուսաուի Թել Աւիւի եւ Հայֆայի բնակչութեան խորհուրդ տուաւ հեռանալ եւ խնայիլ իրենց կեանքը: Իսրայէլի Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Իրանէն արձակուած հեռահար հրթիռներուն հետեւանքով երէկ 94 վիրաւոր եւս փոխադրուած է հիւանդանոց:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շեշտեց, թէ իրենք 5 օրուան ընթացքին տապալած են ռազմական հաւասարակշռութիւնը, խոստանալով «յանգիլ բոլորովին տարբեր Միջին Արեւելքի մը, որ նախապէս երբեք գոյութիւն չէ ունեցած»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց, թէ ռազմական օդանաւերը կործանած են Իրանի ներքին ապահովութեան ուժերու կեդրոնատեղին: «Պիտի շարունակենք թիրախաւորել Իրանի պետական անձնաւորութիւնները, ուր որ ալ ըլլան անոնք», ըսաւ Քաց: Իսրայէլեան հրթիռները հասած են նաեւ Թեհրանի Կարմիր մահիկի կեդրոնատեղին ու զայն կործանած:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ յառաջիկայ շաբաթը վճռորոշ պիտի ըլլայ Իրանի հիւլէական թղթածրարին առնչութեամբ: «Գուցէ հարուածեմ կամ չհարուածեմ Իրանի հիւլէական կառոցները», ըսաւ Թրամփ, դիտել տալով, որ Թեհրան ուշացաւ բանակցելու, սակայն տակաւին հնարաւորութիւն կայ վերջ տալու պատերազմին եւ գտնելու խաղաղ լուծում: «Իրան հակաօդային պաշտպանութիւն այլեւս չունի եւ չեմ գիտեր, թէ մինչեւ երբ կրնան տոկալ», կարծիք յայտնեց ամերիկացի նախագահը: Ան սակայն զգուշացուց, թէ համբերութիւնը սկսած է սպառիլ, վստահեցնելով որ գիտեն Ալի Խամինէիի թաքստոցը, սակայն առայժմ չեն ուզեր զայն ահաբեկել:

Իսկ պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց, թէ 26 միլիառ տոլար յատկացուցած են հիւլէական կարողութիւնները ամրապնդելու համար, որպէսզի Միացեալ Նահանգներ մնայ աշխարհի ուժեղագոյնը:

Միւս կողմէ, Իրանի իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամինէի յայտնեց, թէ Իրանի ժողովուրդը կը մերժէ խոնարհիլ ու յանձնուիլ, այլ պիտի շարունակէ դիմակայել, ծանր պատիժ տալով Իսրայէլին: Խօսելով ամերիկեան հաւանական միջամտութեան մասին, Խամինէի ըսաւ. «Թրամփի սպառնալիքները զաւեշտալի են: Եթէ ամերիկացիները զինուորականօրէն միջամտեն, ապա պիտի մատնուին այնպիսի պարտութեան մը, որ կարելի չէ հատուցել», շեշտեց ան: Խամինէի յայտարարեց «Հայտար էլ-Ժապպար» խորագրեալ ճակատամարտի բացումը, շեշտելով թէ բռնութեամբ պէտք է վարուիլ իսրայէլեան ահաբեկչութեան նկատմամբ:

Share62Tweet39
Previous Post

ՕՐՀՆՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ԱՆԷԾՔ – ԴԻՄԱՏԵՏՐԸ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԵԱՆ ՔԱ՞Ր ՄԸ. ՀԱՅ ՈՐՈՇ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՎԻՃԱՅԱՐՈՅՑ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՀԱՐԹԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Next Post

ՇՔԱՆՇԱՆ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-Ի ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԻՆ

Next Post

ՇՔԱՆՇԱՆ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-Ի ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.