Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն յայտնեց, թէ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան եւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, համագործակցութեամբ լիբանանեան բանակին, որ կը շարունակէ տեղակայուիլ Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ եւ գործադրել զինադադարի համաձայնութիւնը: Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց խաղաղապահ առաքելութիւններու հարցով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Ժան Փիէռ Լաքրուան եւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի ուժերու հրամանատար Արոլտօ Լազարօն, որոնց հետ քննարկեց հարաւի իրավիճակն ու բանակին գործունէութիւնը: «Հարաւային կայունութիւնը առանցքային է ոչ միայն Լիբանանի, այլ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար, իսկ ԵՈՒՆԻՖԻԼ կարեւոր դեր ունի այդ կայունութեան ամրապնդումին մէջ», ըսաւ Աուն եւ բացառիկ որակեց խաղաղապահներուն համագործակցութիւնը լիբանանեան բանակին հետ: Նախագահը վերստին պահանջեց սահմանային բռնագրաւեալ բլուրներէն իսրայէլեան անյապաղ նահանջ, որպէսզի բանակը շարունակէ տեղակայումը հարաւի բոլոր շրջաններուն մէջ: Ան խաղաղապահներու հրամանաարը պարգեւատրեց շքանշանով մը, առ ի գնահատանք իր նուիրուած ծառայութեան: