Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՕՐՀՆՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ԱՆԷԾՔ – ԴԻՄԱՏԵՏՐԸ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԵԱՆ ՔԱ՞Ր ՄԸ. ՀԱՅ ՈՐՈՇ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՎԻՃԱՅԱՐՈՅՑ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՀԱՐԹԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

June 17, 2025
in Յօդուածներ
0
ՕՐՀՆՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ԱՆԷԾՔ – ԴԻՄԱՏԵՏՐԸ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԵԱՆ ՔԱ՞Ր ՄԸ. ՀԱՅ ՈՐՈՇ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՎԻՃԱՅԱՐՈՅՑ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՀԱՐԹԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Հին ասացուածք մը կ’ըսէ. «Պատը յիմարին օրագրութեան տետրակն է»։ Իհարկէ խօսքն այստեղ պատ­մական յուշարձաններու կամ եկե­ղեցիներու պատերուն վրայ փորագիր արձանագրութիւններուն չի վերաբերիր. ասոնք տեսակ մը թանկագին փաստագրեր են՝ յիշա­տակարաններ, որոնք կարեւոր տեղեկութիւններ կը հաղորդեն համապատասխան կառոյցի ինք­նութեան, շինութեան թուականին, կառուցողին, բարերարին եւ յա­րակից այլ տուեալներու մասին։

Վերոգրեալ ասացուածքը միանշա­նակ կը վերաբերի այն դեռակիրթ այցելուներուն, որոնց պատեր մրո­տելու գործը միայն նողկանք եւ ընդվզում կը յառաջացնէ։ Կապ չունի, թէ այդ պատը ինչ նպատա­կի համար կառուցուած է, կամ պատմական, հոգեւոր-մշակութա­յին ինչպիսի արժէք կը ներկայաց­նէ։ Ըլլայ ան հնադարեան ամրոցի մը պարիսպը կամ երբեմն ազգի մը հոգեւոր ընկալումները արտացոլող եւ հաւատքը արձանացնող եկեղեցիի մը պատը, միեւնոյն է, անոնց վրայ յաճախ ստիպուած կ’ըլլաս կարդալու յիմար այցելուի մը անունը կամ որեւէ մէկ տխմար արձանագրութիւն՝ անոնց վրայ յաւերժացնել կարենալու համար իր անբաղձալի ներկայութիւնը։ Ճիշդ այդպէս, մեր օրերուն այդ պատերը թուայնացուած են հիմա՝ դրսեւորուելով իբրեւ Դիմատետր, Ինսթակրամ, Եութուպ եւ այլ նմանատիպ հանրային հարթակներ։

Այս հանրային հարթակները սկըզբունքով նախատեսուած են օժանդակելու, նաեւ խթանելու մարդոց միջեւ հաղորդակցութեան կապը, երկխօսութիւն ստեղծելու կարելիութիւնը, գիտելիք եւ տեղեկութիւն հաղորդելու հնարաւորութիւնը, գոյութիւն ունե­ցող աշխարհագրական սահմաններէ այն կողմ ազգերու եւ ժողովուրդներու միջեւ կա­ռուցելու կամուրջներ, սատարելու անոնց կրթութեան եւ հոգեւոր-բարոյական զարգացումին։ Սակայն, ինչպէս միշտ, առկայ բոլոր միջոցներուն արժէքը կախում ունի, թէ անոնք ինչպէս եւ ինչ նպատակի համար կ’օգտագործուին։ Սխալ օգտագործելու եւ կանխամտածուած չարաշահումներու նպատակ հետապնդելու պարագային, անոնք սովորաբար կը յառաջացնեն ունայնութիւն, պառակտում, մարդոց մէջ կը սերմանեն ատելութիւն ու, այսպէս, հանրութեան մէջ կը դառնան «Գայթակղութեան քար»՝ չա­րաբաստիկ բառակապակցութիւն մը, Աստուածաշունչէն աւանդուած թեւաւոր խօսք մը, որ իր մէջ ոչ մէկ օրհնութիւն կը պարունակէ, այլ կը հանդիսանայ պատճառը բոլոր տեսակի չարիքներուն։

Եկեղեցին նմանապէս շուտ ճանչցաւ հանրային հարթակներու ընձեռած խոշոր հնարաւորութիւնները եւ այն բոլոր առաւելութիւները, որոնք կ’առաջարկէին համացանցա­յին ժամանակակից կայքերու նուաճած տարածքները։ Եկեղեցիին սպասաւորները իսկոյն հասկցան, որ թուային ծառայութիւնները շատ աւելի մարդոց հասնելու կարե­լիութիւններն ունին, քան երբեւէ ան հնարաւոր պիտի ըլլար իրականացնել սեփական եկեղեցիներու պատերէն ներս։ Արդարեւ, հանրային բազմազան հարթակներու մէջ կա­թոլիկ, ուղղափառ եւ բողոքական աղբիւրներէ կան հսկայական արժէքաւոր ներդրում­ներ՝ աշխարհիկ թէ հոգեւոր ներկայացուցիչներու քարոզներ, վկայութիւններ, ներհայե­ցողական ուղղորդումներ, բարոյական խորհրդածութիւններ, որոնք միանշանակ կը նպաստեն մարդը ընելու աւելի մարդկային, ամրապնդելով անոր մէջ անձնապէս իր եւ շուրջբոլորը գնուող գոյերուն անչափելի արժէք ներկայացնելու գիտակցութիւնը։ Այս­պէս, կառուցողական նման գործունէութիւն մը որոշակի կը նպաստէ քրիստոնէական դաստիարակութեան, առօրեային մէջ հաւատքի կայացման՝ անտարակոյս բանալով հոգեւոր ձեւաւորման նոր ուղիներ։

Հայ եկեղեցին թուայնացուած ճարտարագիտութեան, հանրային հարթակներու ընձեռած այս հնարաւորութիւնները քիչ մը ուշացումով յայտնաբերեց, այնուամենայնիւ, յատկապէս վերջին տարիներուն, ան ներկայութիւն դարձաւ շարք մը համացանցային կայքերու, զորօրինակ՝ Դիմատետրի, Ինսթակրամի, այս եւ նման թուային նոյնակա­նաց­ման հարթակներու վրայ։ Գուցէ այստեղ Հայ եկեղեցիին անունով արտայայտուիլը այնքան ալ ճիշդ չէ, այլ խօսքը նոյն Եկեղեցւոյ այն սպասաւորներուն՝ որոշ եպիսկոպոս­ներու, վարդապետներու, քահանաներու, թէկուզ սարկաւագներու մասին է, որոնք այսօրուան վիճակով դարձած են մէկական աղմկայարոյց բլոգերներ։ Ցաւալին այն է, որ անոնց առցանց ելոյթներէն շատերը ուղղակի անհամապատասխան են Ս. Աւետարանի ոգիին։ Շնորհքի ընկալման, հաւատքի վկայութեան, Բանին կենաց քարոզութեան եւ քրիստոնէական հոգեւոր-բարոյական արժէքներ հաղորդելու փոխարէն՝ մեծ հիասթա­փութեամբ օրէցօր ականատես կը դառնանք աւելի ահագնացող եւ Հայ եկեղեցին ան­բարենպաստ կացութեան մէջ մղող երեւոյթի մը՝ անձնական ունայնութեան, ապակա­ռուցողական հռետորաբանութեան, ապարդիւն բանավէճերու, ընդհուպ մինչեւ ազգա­յին մակարդակի վրայ բաժանումներ ստեղծելու անարդարանալի ձգտումներու։ Ամե­նեւին չեմ կարծեր, որ ծայրայեղ եւ ինքնակոչ նախանձայուզութիւնը, չըսելու համար կրօնամոլական ծայրայեղականութիւնը, ո՛չ Եկեղեցիին եւ ո՛չ իսկ իրենց անձին օրհնութիւն մը կրնայ բերել։ Ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, որոշ եկեղեցականներ աւելի շատ բլոգերներու վերածուած են, քան հաւատաւոր հոգեւոր հովիւներու, մեզի հաղորդելու համար կեանքի իմաստ, քրիստոնէական աշխարհահայեացքի նպատակ, տիրաւանդ պատգամներու հոգեպարար բովանդակութիւն, նամանաւանդ՝ սէր, հանդուրժողու­թեան ոգի եւ խաղաղասիրութիւն, որ Լեռան քարոզի ամենաէական առաքինութիւն­ներէն մին կը կազմէ։ Հանրային հարթակներու վրայ եւ համացանցային կայքերու մէջ բլոգերական գործունէութիւն ծաւալելը յարիր չէ հոգեւորականի կոչումին, նաեւ դժուար թէ ան համատեղելի ըլլայ Քրիստոսի ուղերձին եւ մեր Մայր եւ Ս. Եկեղեցւոյ հոգեւոր ժառանգութեան հետ։

Սակայն Աւետարանը ալգորիթմ կամ նարկիզային անձնական ինքնանկար մը չէ, այլ ան գերազանցապէս կոչում է։ Քրիստոնէական հաւատքի կանչ մը, սրտի խորքէն բխող լուսաւորութիւն մը, ամբողջանուէր ծառայասիրութիւն մը եւ սրբութեան ձգտող ներքին մղում մըն է ան։ Իսկ այս կոչումը հոգեւորականը կը ծառայեցնէ ոչ թէ ինքնագովումի, այլ համակ նուիրումի, խաղաղութեան կենսագործման, համայնքաշինութեան առաքելութեան, սիրոյ, յոյսի եւ ճշմարտութեան քարոզութեան։ Եկեղեցիին ձայնը բնաւ եւ երբեք իրաւունք չունի ըլլալու թուային աշխարհի աղմուկին մէջ ժխոր մը եւս, անդուրեկան արձագանգ մը, այլ կոչ՝ լռութեան, ինքնամփոփումի, խորհրդածութեան ու հաշ­տեցման։

Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին կարիք չունի ազդեցիկ բլոգերներու, այլ՝ ճշմարիտ հոգեւոր հովիւներու, նաեւ Ս. Հոգիի առատացիր շնորհներով առլցուն հովուուհիներու։ Մարդիկ, որոնց համար իրենց կուրծքին կախած լանջախաչը ոսկեձոյլ եւ ադամանդակուռ զարդարանք մը չէ, այլ՝ հաւատքի պարտաւորեցնող ճշմարտութիւն եւ Յիսուսի հետեւելու ամբողջանուէր յանձնառութիւն։ Եպիսկոպոսներու կրած պանակէներու, վարդապետներու եւ քահանաներու կուրծքերուն կախուած լանջախաչին արժէքը ոչ թէ շուկային ոսկիի օրուան սակին առաջարկած կամ անոնց վրայ գամուած ադամանդին, զմրուխտին ու գունագեղ յակինթներուն նիւթեղէն գնահատականն է, այլ անոնց հոգեւոր իմաստը խորհրդանշող ընկալումը, որ մարմնաւորուած է Աստուա­ծամօր բարեխօսութեան եւ Քրիստոսի խաչելութեան, մահուան ու հրաշափառ յարու­թեան հաւատքի գերազանց վկայութեան մէջ։

Համացանցային կայքերն ու թուային նոյնականացման ցանցերը կրնան իբրեւ միջոց ծառայել, սակայն բնաւ եւ երբեք անոնք չեն կրնար փոխարինել ճշմարիտ հոգեւորականի կենդանի ու կենարար կոչումը։ Եթէ երբեք հայ եկեղեցականները հաւատարիմ մնան իրենց բուն իսկ կոչումին, այն հաւատքին, որ առաքելաշաւիղ աւանդութեան մը ընդմէջէն մարմնաւորած են հայոց հաւատքին լուսակարկառ ներկայացուցիչներն ու սուրբերը, հայրապետներն ու վարդապետները, սրբազան աւանդը Լուսաւորիչին, Արիստակէսին ու Վրթանէսին, Մեծն Ներսէսին, Սահակին ու Մեսրոպին, անոնց լու­սապսակ աշակերտներուն՝ Թարգմանիչ վարդապետներուն, Յովհաննէս Իմաստասէր Օձնեցիին, Գրիգոր Նարեկացիին, Շնորհալիներուն եւ Տաթեւացիներուն, նաեւ միլիո՜ն ու միլիոն այն հաւատաւոր հայութեան, որ դաժան դարերու մղձաւանջին մէջ Քրիս­տոսի եւ իր սուրբ Եկեղեցիին սիրոյն իր գետաբուխ եւ ծով արիւնը հեղեց՝ անխախտ մնալով քրիստոնէական հաւատքի ուղիղ վարդապետութեան մէջ, ապա, վստահ պէտք է ըլլալ, որ Դիմատետրն ու այլ հարթակներ ստոյգ կը վերածուին լոյսի վայրերու այսօրուան յաճախ թուայնացած գորշ աշխարհին մէջ։

 

 

 

Կուստաւ Տորէ (1832–1883) –

Նկարը կը ներկայացնէ Յիսուսի համանուն առակը՝ «Փարիսեցին եւ մաքսաւորը» (Ղկ. ԺԸ, 9–14)։

 

Share63Tweet40
Previous Post

ՀՈՐԻԶՈՆԻՆ ԵՏԻՆ ՄՆԱՑԻՆ ՇԱՊԻՆ-ԳԱՐԱՀԻՍԱՐՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ…

Next Post

ԻՐԱՆ-ԻՍՐԱՅԷԼ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԵՐՈՒ ԱՆՏԵՍՈՒՄ

Next Post
ԻՐԱՆ-ԻՍՐԱՅԷԼ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԵՐՈՒ ԱՆՏԵՍՈՒՄ

ԻՐԱՆ-ԻՍՐԱՅԷԼ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԵՐՈՒ ԱՆՏԵՍՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.