Ես զարմացայ։ Ու վստահաբար իմ ընթերցողներն ալ պիտի զարմանան՝ եթէ ըսուի իրենց, թէ շուրջ 50 տարի առաջ Լիբանանի մէջ կը գործէր Շապին-Գարահիսարի հայրենակցական միութիւն մը։
— Շապին-Գարահիսա՞ր…։ Ի՞նչ անուն է այս, ո՞ր մոլորակին վրայ կը գտնուի,– զարմացական հայեացքով հարց պիտի տան մեզի մեր նորահաս կամ երիտասարդ տղաքը, եթէ անոնց դիմաց արտասանէք այս երբեմնի նշանաւոր հայաբնակ բերդաքաղաքին անունը։
Այո՛, տխուր է իրականութիւնը։ Շապին-Գարահիսարը կորսուա՜ծ ու մոռցուա՜ծ քաղաք մըն է այլեւս մեզի համար։ Ամբողջ տարուան ընթացքին մէ՛կ անգամ իսկ կը լսէ՞ք անոր անունը։ Տարիներէ իվեր մէ՛կ հոգի իսկ ելա՞ծ է ձեր դիմաց ու հպարտօրէն գոչած. «Իմ մեծ հայրս շապին-գարահիսարցի էր»…։
Սերունդներու պորտալարը փրթած է իրենց անցեալին հետ։
Աշխարհագրական այն անունները, որոնք ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԳԱՂԱՓԱՐԸ կենդանի կը պահէին մարդոց սրտերուն մէջ, վերածուած են անիմանալի ու անհրապոյր բառերու…։ Մինչդեռ այդ գունագեղ անունները,– Վասպուրականը, Կարինը, Տարօնը, Տիգրանակերտը, Խարբերդն ու Բալուն, Կիլիկիան ու Շապին-Գարահիսարը,– քանի մը տասնամեակ առաջ թովիչ ազդեցութիւն ունէին մարդոց վրայ, անպայման լար մը կը թրթռացնէին հայ մարդուն հոգիին յատակը՝ երբ կ՛արտասանուէին…։ Քաղցր ու անբացատրելի ապրում մը կ՛արթնցնէին մեր ներաշխարհին մէջ ու կը խթանէին մեր իմացականութիւնը…։
Ճի՛շդ հոս էր, ահաւասիկ, մեր հայրենակցական միութիւններուն եզակի դերն ու վսեմ առաքելութիւնը։ Ապրեցնե՛լ անցեալը, թարմ ու կենդանի պահել պապենական երկրին յուշերը, սերունդները տոգորել կորսուած բնօրրանին բարոյական արժէքներով։
Եւ սակայն, քանի տկարացան մեր հայրենակցական միութիւնները, քանի մի առ մի լուծարքի կամ ձեռնթափութեան ենթարկուեցան անոնք, զուգահեռաբար սկսան հետզհետէ նահանջել հայրենակարօտ զգացումները։ Ու երբ սերնդափոխութիւնն ալ վրայ հասաւ՝ ա՛լ մեր շուրջ սկսանք փնտռել գէթ մէկ-երկու հոգի, որ կարենար գոչել. «Մեծ հայրս սեբաստացի էր», «մեծ հայրս զէյթունցի էր», «մեծ հայրս շապին-գարահիսարցի էր»…։
Երեսուն կամ քառասուն տարին բաւարար եղած է՝ որպէսզի մեր մէջ բոլորովին ցամքի հայրենակցական պատկանելիութիւնը։ Այսօր, մտէ՛ք Սուրիա-Լիբանանի մեր հայկական վարժարանները ու հոն, երկրորդական կարգերու հայ ուսանողներուն հարց տուէք, թէ ո՞րտեղացի էին իրենց պապերը։ Մեծաւ մասամբ ուս պիտի թօթուեն, պիտի կարկամին, նոյնիսկ անտեղի պիտի գտնեն այդպիսի հարցում մը։ Չէ՞ որ իրենք հալէպցի են, լիբանանցի ու թերեւս՝ մօտիկ ապագային ալ պիտի դառնան ամերիկացի՜, գանատացի՜, աւստրալիացի՜…։
Ճիշդ 55 տարի առաջ, լիբանանահայ մամուլին տրուած ծանուցում մը կ՛ըսէր, թէ Շապին-Գարահիսարի հայրենակցական միութիւնը նոյն բերդաքաղաքի հերոսամարտի ընթացքին զոհուած նահատակներուն հոգւոյն համար հոգեհանգստեան պաշտօնական արարողութիւն կատարել պիտի տար Անթիլիասի մայրավանքի տաճարին մէջ…։
Այսօր, կը խորհիմ թէ հրապարակէն չքացած է,– ուրիշ բազմաթիւ նոյնաբնոյթ միութիւններու նման,– վերոնշեալ հայրենակցական միութիւնը, իսկ Շապին-Գարահիսարն ալ մնացեր է հորիզոնին ետին՝ աչքէ ու ականջէ հեռու, միտքէ հեռու, սրտէ հեռու…։
Օ՜, որքան լաւ պիտի ըլլար, եթէ իր գոյութիւնը պահպանէր ու մինչեւ մեր օրերը հասած ըլլար Շապին-Գարահիսարի հայրենակցական միութիւնը, իբրեւ գործուն ու աշխոյժ մարմին մը։
Յունիսը, աւանդաբար, Շապին-Գարահիսարի հերոսամարտին ոգեկոչման ամիսն է։ Թող լիբանանաբնակ շապին-գարահիսարցիները հոգեհանգստեան պաշտօնով մը յիշէին իրենց նահատակները, ապա մեծով-պզտիկով համախմբուէին իրենց կեդրոնատեղիին մէջ ու այնտեղ, բանախօսի մը բերնէն, աշխարհագրական ու պատմական տեղեկութիւններ լսէին իրենց հայրենի քաղաքին մասին։ Գո՛նէ սորվէին, թէ Շապին-Գարահիսարը Սեբաստիոյ նահանգին կը պատկանէր։ Հոն ծնած էր զօրավար Անդրանիկը։ Գո՛նէ իմանային, թէ 1915-ի Յունիսին շուրջ 5000 տեղաբնակ հայեր բարձրացան քաղաքին հինաւուրց բերդը, ամրացան այնտեղ ու ամբողջ ամիս մը անհաւասար մարտեր մղեցին թուրք մեծաթիւ բանակին դէմ։ Չյուսալքուեցան, երբ հայատեաց թշնամին ռմբակոծեց բերդը թնդանօթներով, երբ անոր հրոսակները հրդեհեցին հայոց բնակարանները, թալանեցին խանութները։ Ու թող գիտնային, թէ լոկ անբաւարար զինամթերքն ու խիստ սակաւ պարէ՛նն էր որ կտրեց մէջքը շապին-գարահիսարցիին…։
Անյուսալի դաժան պայմաններու տակ՝ դաժա՜ն ճակատագիր։
Ինկա՜ւ Շապին-Գարահիսարն ալ։ Թշնամին բերդ խուժեց։ Պատմութեան մնացեալ բաժինը ենթադրելի է արդէն…
Նահատակուեցան, ի միջի այլոց, հերոսամարտի ղեկավարները՝ Ղուկաս Տէօվլէթեանն ու Աւագ Տուրիկեանը, Գարեգին Կարմիրեանն ու Շապուհ Օզանեանը, Վահան Հիւսիսեանն ու Հմայեակ Գարակէօզեանը…։
Այս բոլորը, ամենայն մանրամասնութեամբ ու սրտակեղեք պատումներով շարադրուած, պիտի գտնէք բնիկ շապին-գարահիսարցի գրագէտ ու ամերիկահայ գրականութեան համբուրելի դէմք Արամ Հայկազի «Շապին-Գարահիսար եւ իր հերոսամարտը» խորագրեալ սքանչելի յուշագրութեան էջերուն (1957)։ Արամ Հայկազ (1900-1986), իբրեւ ականատես-մասնակից մը այդ հերոսամարտին, փրկեց մեր պատմութեան կարեւոր մէկ էջը ու յետոյ գնաց պատմել, թէ ինք մազապուրծ վերապրելէ ետք բերդի սպանդէն՝ ինչպէ՛ս ապրեցաւ «չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ»…։
Շապին-Գարահիսարը մոռցուած է։ Շապին-Գարահիսարի հայրենակցական միութիւնը չքացած է հրապարակէն։ Գո՛նէ չմոռնանք Արամ Հայկազներն ու զօրավար Անդրանիկները…