Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

June 17, 2025
in Գաղութային
0
ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

 

Նախաձեռնութեամբ ՍԴՀԿ «Տխրունի» Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան, Կիրակի, 15 Յունիս 2025-ին, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ յուզիչ մոմավառութիւն՝ ի յիշատակ Փարամազին եւ անոր 19 ընկերներուն, որոնք 1915-ի 15 Յունիսին Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ որպէս անմահ նուիրեալներ կախաղան բարձրացան՝ յանուն ժողովուրդի ազատութեան եւ արժանապատուութեան։

Ուսանողներուն ու երիտասարդներուն կողքին, մոմավառութեան մասնակցեցան նաեւ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանն ու անդամները, ՀՄՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Միսաք Նաճարեանը եւ պաշտօնական այլ անձնաւորութիւններ:

Ձեռնարկը սկսաւ ընկ.հի Կասիա Պարախեանի ողջոյնի խօսքով. «Այսօր կը նշենք 110-ամեակը այն օրուան, երբ օսմանեան բռնապետութիւնը կախաղան հանեց քսան հայ յեղափոխականներ, որոնց յանձնառութիւնը՝ մեր ժողովուրդի ազատ ու արժանապատիւ կեանքին, անսասան մնաց մինչեւ իրենց վերջին շունչը։ Փարամազին եւ 19 ընկերներուն յեղափոխական սկզբունքները եւ ուղեգիծը կը մնան այժմէական, որովհետեւ այսօր եւս կառչած կը մնանք մեր ազգը զօրացնող արժանիքներուն ու մեր ազգային արժանապատուութեան։ Թող այս երեկոյ ըլլայ ապացոյցը, որ ազգ մը երբ կը յիշէ իր հերոսները, երբեք չի մեռնիր»։

Ձեռնարկին մասնակիցներուն օրհնութիւն տուին Ս. Գէորգ եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներ Տ. Նարեկ աւ. քհնյ. Հեճինեանն ու Տ. Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանը։

Երիտասարդութեան պատգամը փոխանցեց Միութեան փոխատենապետ ընկ. Գրիգոր Մխճեան: «Քսաններու յիշատակը՝ Փարամազով առաջնորդուած այդ նահատակաց սերունդին, մեր ազգային ինքնութեան ու պայքարին առանցքն է։ Անոնք կեանք տուին՝ գաղափար մը ապրեցնելու համար։ Նահատակուեցան, որպէսզի գաղափարը կախաղան չբարձրանար։ Այսօր՝ 110 տարի ետք, մենք չենք մոռցած։ Մեր պայքարը նոր ձեւերու մէջ շարունակուած է՝ դպրոցին մէջ, գրիչով, շարժումով, բեմով, մշակոյթով ու ի վերջոյ՝ ոգիով։ Թող Քսաններու զոհաբերութիւնը չմնայ միայն ոգեկոչուող անցեալ, այլ դառնայ ապրող ներկայ», ըսաւ ընկ. Մխճեան:

Ապա, ընկ.հի Փաթիլ Փափազեան իր ասմունքով խօսքի վերածեց լռութիւնը, երբ ասմունքեց Գառնիկ Ադդարեանի յուզիչ «Պայազիտ» բանաստեղծութիւնը։

 

Մոմավառութիւնը կատարուեցաւ յարգանքով եւ յուզումով։ Իւրաքանչիւր մոմ կը խորհրդանշէր իւրաքանչիւր նահատակի լոյսը՝ ուղեցոյց նոր սերունդներուն համար։ Ապա հնչեց «Ուխտի հրաւէր» երգը՝ որպէս ձեռնարկի արժանավայել եզրափակում ու ՍԴՀԿ-ի պայքարի ոգիին վերանորոգ հաւատարմութիւն։

 

Այս ձեռնարկը միայն յիշողութիւն չէր, այլ՝ ապրում։ Քսաններուն կտակը կը շարունակէ տրոփել մեր սրտին մէջ։ Անոնք չյանձնուեցան, իսկ այսօր մենք, որպէս նոր սերունդ, կը վերահաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը՝ կրելու եւ շարունակելու անոնց աւանդը։ Ինչպէս անմահ Փարամազ ըսած է՝ «Դուք կրնաք մեր մարմինները կախել միայն, բայց գաղափարները՝ երբեք։ Վաղը արեւելքի հորիզոնին վրայ պիտի ողջունենք Ընկերվարական Հայաստանը»։

Share64Tweet40
Previous Post

ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

Next Post

ՀՈՐԻԶՈՆԻՆ ԵՏԻՆ ՄՆԱՑԻՆ ՇԱՊԻՆ-ԳԱՐԱՀԻՍԱՐՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ…

Next Post
ՀՈՐԻԶՈՆԻՆ ԵՏԻՆ ՄՆԱՑԻՆ ՇԱՊԻՆ-ԳԱՐԱՀԻՍԱՐՆ  ՈՒ ԱՆՈՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ…

ՀՈՐԻԶՈՆԻՆ ԵՏԻՆ ՄՆԱՑԻՆ ՇԱՊԻՆ-ԳԱՐԱՀԻՍԱՐՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ…

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.