Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

June 17, 2025
in Գաղութային
0
ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

Իր վիրաւոր վիճակով եւ անցնող տասնամեակին քաղաքէն հայորդիներու հսկայական արտահոսքով հանդերձ, հալէպահայութիւնը լծուած էր համայնքային եւ հասարակական գործունէութիւնը վերականգնելու աշխատանքին: Դարձեալ կը կազմակերպուին հանդիսութիւններ, ձեռնարկներ եւ ընկերային հաւաքոյթներ: Ուստի, Հնչակեան Քսան կախաղաններուն յիշատակի ոգեկոչումը դուրս պիտի չմնար հալէպահայ գործունէութեանց ծրագրէն:

Հովանաւորութեամբ հայ առաքելական, հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական համայնքապետերուն, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան «Տխրունի» ուսանողական երիտասարդական միութիւնը Կիրակի, 15 Յունիս 2025-ին, կազմակերպեց Քսաններու նահատակութեան 110-ամեակի ոգեկոչումի հանդիսութիւն:

Հայ կաթողիկէ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Աղաճանեան սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 7-ին տեղի ունեցած հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդի ներկայացուցիչ հոգշ. Տ. Մանուկ վրդ. Պարիխանեան, հայ կաթողիկէ Բերիոյ թեմի առաջնորդ արհի. Տ. Պետրոս արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, ՍԴՀԿ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի Վարիչ մարմինի անդամները, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի եւ ազգային, քաղաքական, մշակութային, բարեսիրական, կրթական, մարզական քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, պաշտօնական հիւրեր, ընկերներ, ընկերուհիներ եւ հալէպահայերու բազմութիւն մ

 

Քսաններու յիշատակը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելէ ետք, «Տխրունի»-ի անունով բացման խօսք արտասանեց ընկ.հի Անի Թունճեան-Սողոյեան, որ յիշեցուց, թէ նահատակուած հնչակեան ղեկավարները այդ օրերու քաղաքական յառաջադէմ մտածողութեան տէր անձեր էին, որոնց նպատակն էր կերտել ազատ, ինքնիշխան եւ ընկերվարական Հայաստան մը, սակայն կ’ամբաստանուէին Օսմանեան կայսրութիւնը մասնատելու եւ անկէ հողամաս անջատելու մէջ: Յիշեցնելով, թէ Հնչակեան կուսակցութիւնը քօղազերծած էր թրքական դաւը եւ զայն խափանելու համար արձակած էր ընդհանուր ինքնապաշտպանութեան կոչ, ընկ.հի Թունճեան-Սողոյեան ցաւ յայտնեց, որ հայութեան զանազան թեւեր համարուող կուսակցութիւններ, եկեղեցական իշխանութիւններ եւ մտաւորականներ մեծ մասամբ ոչ միայն խուլ եւ համր մնացին ի տես հնչող ահազանգին, այլ ՍԴՀԿ-ը որակեցին արկածախնդիր եւ յոռետես, նոյնիսկ մտերմանալով վաղուան դահիճներուն հետ: «Հայակեր հրէշը առանձին դիմագրաւելու սխրանքը խեղդուեցաւ Քսաններու արեան մէջ եւ համաթրքութեան կացինը իջաւ հայուն ծոծրակին», ըսաւ ան, յիշեցնելով ազատագրութեան համար պայքարի եւ զոհողութեան անհրաժեշտութեան մասին Փարամազի խօսքերը: Թունճեան-Սողոյեան ընդգծեց, թէ հայ ազգին ու հայրենիք Հայաստանին գոյութեան գրաւականը համազգային զօրակցութիւնն է ու միասնութիւնը: «Ազգային ուժ եւ միութիւն չկայ առանց ընկերային արդարութեան ու բոլոր քաղաքացիներուն միջեւ հաւասարութեան», ըսաւ ան՝ ահազանգելով, թէ «Անկախ Հայաստանը չի կրնար գոյութիւն ունենալ առանց տնտեսական անկախութեան»:

Ընկ.հի Կարինէ Իսկէնեան-Սարգիսեան վարեց գեղարուեստական յայտագիրը, որուն ծիրին մէջ մեներգով հանդէս եկաւ ընկ.հի Արգինա Շոհմէլեան, Յովհաննէս Շիրազի «Հայոց Տանդէական»-ը խմբային ասմունքեցին տխրունիական ընկեր-ընկերուհիներ Վանի Աբգարեան, Կարօ Ապտ էլ-Մասիհ, Ճէնի Աշթոքէնեան, Ժորժ Սայէղ եւ Միրէյ Չոփուրեան, իսկ Աւօ Սէրչէեան հանդէս եկաւ երկու մեներգով: Իւրաքանչիւր ելոյթէ առաջ ցուցադրուեցաւ հատուած մը «Քսաններու լուսաբացը» տեսանիւթէն:

Օրուան պատգամը փոխանցեց այս առթիւ Հալէպ հրաւիրուած՝ «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն ընկ. Նազօ Ճէրէճեան: Ան նախ ողջունեց հալէպահայութիւնը՝ երկար տարիներու արհաւիրքով հանդերձ կանգուն մնալուն, լոյսին ե յոյսին կառչած մնալուն, համակեցութեան եւ բարօրութեան ուղղութեամբ լաւատես եւ գործունեայ ըլլալուն համար: Ան գնահատեց Հալէպի հայ ազգային ու հոգեւորական կառոյցներուն առաջնորդներն ու առնչակից կառոյցները, իրենց շրջահայեացութեան եւ իմաստութեան համար՝ «լեզու գտնելու, համախոհ ընթանալու օրուան իշխանութեանց, քոյր համայնքներուն եւ պատկան մարմիններու հետ»: Ան դիտել տուաւ, որ Ցեղասպանութեան նախօրէին Հնչակեան կուսակցութիւնը նկատած էր Երիտ թուրքերուն հակահայ տրամադրութիւնը եւ որոշած էր ընդմիշտ վերացնել Իթթիհատի եռապետութեան վտանգը: «Փարամազն ու ընկերները Պայազիտի բարձունքէն, մարգարէանալով, արեւելքի հորիզոնին վրայ կը կանխագուշակէին ազատ ու անկախ Հայաստանը, ուր պիտի գոյակցէին տարբեր ազգեր, կրօններ եւ դասակարգեր, որովհետեւ անոնք ընկերվարականներ էին՝ հաւատաւոր ընկերային արդարութեան դաւանանքին», ըսաւ ան: Ընկ. Ճէրէճեան նշեց, որ Քսանները շեփորեցին հայոց արշալոյսը՝ արշալոյսէն իսկ առաջ եւ զոհուեցան յանուն այն հայրենիքին, որ այսօր գոյութիւն ունի: Ան ապա անդրադարձաւ մերօրեայ աշխարաքաղաքական փոփոխութիւններուն, որոնց լոյսին տակ հայութիւնը ապրեցաւ Արցախի կորուստին արհաւիրքը, մինչ Պաքուէն տակաւին կը հնչեն նկրտումներ անկախ Հայաստանի նկատմամբ: Արցախահայութեան հայրենադարձութիւնը համարելով առաջնահերթ, ընկ. Նազօ Ճէրէճեան խորհուրդ տուաւ թշնամական զառանցանքները յաղթահարելու համար ըլլալու միասնական, հեռու ներքին տարակարծութիւններէն եւ անիմաստ կիրքերէն: Ան մտահոգիչ համարեց Հայաստանէն արտագաղթը, ապա ողջունեց հայրենիք հաստատուելու որոշում կաայցուցած սուրիահայ ընտանիքները: Խօսելով ամէնուրեք տարածուած ռազմական  եւ այլամերժութեան երեւոյթներուն մասին, «Արարատ»-ի տնօրէնը յիշեցուց, թէ ընկերվարականները կը հաւատան ու կառչած են խաղաղութեան: «Ահա թէ ինչու, հայրենիքի խաղաղութիւնը անսակարկելի արժէք կը նկատենք՝ մաղթելով որ Արարատի փէշերուն խաղաղ երկինքը ըլլայ անպակաս»:

Խօսելով սուրիահայ համայնքին մասին, ընկ. Ճէրէճեան խաղաղութիւն մաղթեց Սուրիոյ բազմաշերտ բնակչութեան, տոկունութիւն եւ պայծառ օրեր՝ սուրիահայութեան, որպէսզի վերադառնան անցեալի փայլն ու հմայնքը:

Ան աւարտին ուրախութիւն յայտնեց, որ քոյր երկիրներ Սուրիան ու Լիբանանը յուսալից նոր էջ բացած են իրենց պատմութեան մէջ, մաղթելով որ իրականանան թէ՛ լիբանանցի, թէ՛ սուրիացի ազնիւ ժողովուրդներուն ազգային եւ քաղաքացիական արդար երազանքները:

Քսաններու յիշատակը ոգեկոչող եւ հնչակեան բոլոր հերոսներուն սխրանքը վեր առնող հանդիսութեան վերջին հատուածով բեմ բարձրացան ՍԴՀԿ «Տխրունի» Ուս. Երիտ. Միութեան «Ղօղանջ» երգչախումբի երիտասարդ-երիտասարդուհիները, որոնք խմբավար Ներսէս Թոփճեանի գլխաւորութեամբ կատարեցին փունջ մը ազգային երգեր:

Աւարտին, Տ. Պետրոս արք. Միրիաթեան արտասանեց իր սրտի խօսքը, շնորհաւորեց ձեռնարկը կազմակերպողները, օրուան բանախօսը, ելոյթ ունեցողները, «Ղօղանջ» երգչախումբը։ Ան նշեց, թէ մենք այսօր կ’ապրինք շնորհիւ նահատակներուն զոհողութեան, ուստի անոնց արիւնը իզուր չհոսեցաւ: «Ուզեցին կախել անոնց մարմինները, սակայն մոռցան, որ հոգին անմահ է, որ գաղափարը կը մնայ կենդանի: Մենք կանգ ու կը մնանք, որպէս հետեւորդներ այդ սրբազան գաղափարին: Մենք սրահէն դուրս պիտի գանք խանդավառուած, որովհետեւ մեր նահատակները կ’ապրին մեր արեան մէջ», շեշտեց ան, ապա բեմ հրաւիրեց հոգշ. Տ. Մանուկ վրդ. Պարիխանեանն ու վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանը` պահպանիչներով փակելու ոգեկոչումի հանդիսութիւնը:

Share64Tweet40
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՆՏԵՍՎԱՐՈՂՆԵՐԸ ԱՐԴԷՆ ՇԱՐՔ ՄԸ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ԿԸ ԲԱԽԻՆ ԻՍՐԱՅԷԼ-ԻՐԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

Next Post

ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.