Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ հակամարտութեան քանի մը օրուայ ընթացքին Հայաստանի որոշ տնտեսվարողներ արդէն իսկ շարք մը խնդիրներու բախած են։
Ազգային Ժողովին մէջ այս մասին յայտնած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գեւորգ Պապոյեան՝ անդրադառնալով պատգամաւոր Սերկէյ Բագրատեանի հարցումին, թէ ի՞նչ ազդեցութիւն ունի Հայաստանի տնտեսութեան վրայ այս պահին Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ ընթացող հակամարտութիւնը։
«Մի շարք բեռներ կան, որոնք հիմա Պանտար Ապպաս նաւահանգստում կանգնած են, դեռ դուրս չեն եկել, մի շարք բեռներ ճանապարհներին են կանգնած։ Եւ մենք, բնականաբար, արտահանման հետ կապուած խնդիրներ ունենք, ինչպէս նաեւ այն ներմուծողները, որոնք Իրանից եւ Իրանի տարածքով այլ երկրներից ներմուծում են անում, այս պահին բազմաթիւ խնդիրներ ունեն»,- մանրամասնած է Պապոյեան։
Ան յաւելած է, որ այս խնդիրները շատ փոքր չափով կը գտնուին Հայաստանի տիրոյթին մէջ: Նախարարը նաեւ յոյս յայտնած է, որ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ հակամարտութիւնը կ’աւարտի, եւ Հայաստանի տնտեսվարողները կը կարենան բարեկամ Իրանի տարածքով շարունակել ազատ առեւտուր իրականացնել այնպէս, ինչպէս նախապէս տեղի ունեցած է։