Անքարայի մէջ հանդիպած են Հայաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Վահան Կոստանեանն ու Թուրքիոյ արտաքին գործերու փոխնախարար Պերիս Էքինճը:
Հանդիպման ընթացքին անոնք կարծիքներ փոխանակած են երկկողմ եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ։
Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան աւելի վաղ «Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան չէր հերքած, որ յառաջիկային վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մեկնի Թուրքիա՝ հանդիպելու նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանին: Թէ ինչ օրակարգով պիտի ըլլայ հանդիպումը, պաշտօնեան չէր բացայայտած:
Արմէն Գրիգորեան չէր նշած այցի օրը՝ ըսելով, որ վարչապետի աշխատակազմը տեղեկութիւնը կը յայտնէ:
Յունիս 5-ին վարչապետ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած էր Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ: Անոնք քննարկած էին Հայաստան–Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր ու պայմանաւորուած՝ շարունակել երկխօսութիւնը։
Փաշինեան աշխատանքային այցով Թուրքիա մեկնած էր 2023 թուականի Յունիսին եւ ներկայ գտնուած՝ Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութեան: