Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆՈՒՆՍ ՓԱՐԱՄԱԶ Է

«Արարատ»ցի

June 15, 2025
in Այլազան
0

 

– Անունդ ի՞նչ է:

= Անունս Փարամազ է:

Օտարները, մանաւանդ Քսաններու կուսակցութեան պատմութենէն անտեղեակները հետեւեալ հարցումներէն մէկն ու մէկը անպայմանօրէն պիտի շպրտեն ենթակային երեսին, կամ յարգալից փսփսուքով պիտի հարցնեն զրուցակիցներէն մէկուն.

– Օ՜հ այս ինչ օրիժինալ անուն է: Կամ՝ ի՜նչ տարօրինակ անուն է, ինչո՞ւ այս անունը, մեծ-հօրը անո՞ւնն է արդեօք:

Քսան Կախաղաններու հերոսներուն նահատակութեան 110-ամեակն է այսօր: երբ Փարամազ լսենք, կը հասկնանք Քսան նահատակներ: Երբ Քսաններ ըսեն, Փարամազ կը նշանակէ այն: Փարամազ անունն ու Քսանները միաձոյլ հասկացողութիւններ են: Իսկ Փարամազ անունը կրողները թիւով քիչ են ու ամէն անգամ անոնց հանդիպելով տարբեր տպաւորութիւն մը կը ձգէ մեր վրայ: Ուրիշ անուններու պէս պարզ արտայայտութիւն մը չէ անոնցը: Փարամա՜զ: Այս մասին լաւ կը հասկնան հնչակեան շարքն ու անոնց պատմութեան գիտակ անձինք:

Լիբանանի մէջ մէկ ձեռքի մատներու վրայ հաշուած ծանօթներ կը կրեն մեծ յեղափոխականին անունը: 110-ամեակի առիթով մտածեցինք գնահատական ժեսթով մը վեր առնել անոնց ինքնութիւնը, մէկ առ մէկ, եւ յաջողեցանք զրուցել այդ Փարամազներէն երեքին եւ մէկուն զաւկին հետ, փափաքելով իմանալ անոնց զգացումները որպէս տէրը այդ հզօր անուան: Միեւնոյն ժամանակ, գնահատել յատկապէ՛ս անոնց ծնողքը, որոնցմէ շատեր հիմա կը ննջեն անդենականին մէջ, ըսելու համար՝ վարձքերնիդ կատար, ապրի՛ք դուք, մենք կը գնահատենք ձեր կուսակցական խիզախութիւնն ու հաւատարմութիւնը:

Անոնց հետ զրուցեցինք՝ հարցնելով պատմել իրենց անուան մասին ունեցած զգացումներուն եւ տպաւորութիւններուն մասին:

1) ՓԱՐԱՄԱԶ ՏԱԳԷՍԵԱՆ:

Վանիկ եւ Կրէյս Տագէսեաններու 3-րդ զաւակը: Ծննդեան թուական՝ 4 Մայիս 2015: Հ.Բ.Ը.Մ.-ի վարժարաններու 4-րդ դասարանի աշակերտ: Բազմատաղանդ մարզիկ՝ Հ.Մ.Մ. Ակադեմիայի ֆութպոլիստ, Հ.Մ.Մ.-ի ճատրակի դպրոցի սան, Հ.Մ.Մ.-ի կրտսերներու փինկ-փոնկի խումբի անդամ, Հ.Մ.Մ. Պէյրութի սկաուտ եւ Ազգային երաժշտանոցի Ակադեմիայի սան:

«Փարամազ անունը ինծի համար ուրախութիւն է եւ հպարտութիւն է: Ուրախութիւն է, քանի որ յատուկ անուն է: Հպարտութիւն՝ քանի որ հնչակեան հերոս մըն է եւ հայ եւ այլ ժողովուրդներու համար կեանքը զոհած է:

Ընկերներս հարցուցած են եւ միշտ կը հարցնեն անունիս մասին, մանաւանդ երբ նոր ընկերներու ծանօթանամ: Կը հարցնեն, թէ ի՞նչ կը նշանակէ Փարամազ անունը: Ես կը բացատրեմ ու կը պատմեմ հնչակեան հերոս Փարամազի մասին, թէ ինչպէս իր 19 ընկերներուն հետ կախաղան հանուած է 15 Յունիս 1915-ին, որովհետեւ անոնք կը պայքարէին ազատ ու անկախ Հայաստան մը ունենալու համար:

Ծնողքս իմ անունս Փարամազ դրած է յարգանքի եւ յիշատակի համար: Երբ ես ծնած եմ արդէն 100 տարի անցած էր անոնց կախաղան բարձրանալուն: Փարամազ կոչուած եմ, որպէսզի բոլոր աշխարհը իմանայ, որ մենք չենք մոռնար եւ միշտ պիտի յիշենք մեր հերոսները, որոնք կեանքերնին զոհեցին մեզի համար»:

 

2) ՓԱՐԱՄԱԶ ԵՓՐԵՄԵԱՆ

Ծնողքը՝ Կարօ եւ Արաքսի Եփրեմեան: Ծնած է 19 Յունիս 1992-ին: Մասնագիտութեամբ կրկէսի վարպետ է (Circus artist): Ունի սեփական կրկէսային հաստատութիւն «Circus Hub» անունով:

«Ինծի համար մեծ հպարտութիւն է կրել այս անունը: Երբ անունս լսեմ, հպարտ, զօրաւոր եւ յատուկ ըլլալու զգացում մը կ’ունենամ: Մանաւանդ, որ իւրայատուկ անուն մըն է եւ ատիկա, յատուկ ինքնութիւն մը կու տայ ինծի: Տարբեր զգացում մը կ’ունենայի դպրոցին եւ սկաուտութեան մէջ, ընկերներուս քով, իսկ հետագային ալ օտար շրջանակներու մէջ իւրայատուկ ըլլալու եւ հպարտութեան զգացումները կ’ունենայի: Եւ բնական է, որ այս «տարբեր» անուն ունենալս ինծի շփացնելու աստիճան կ’ուրախացնէր: Փարամազ անունը ինծի շունչ կու տայ, կ’ոգեւորէ:

Օտարներ երբ կը լսեն անունս, զարմանքով իրենց հետաքրքրութիւնը կը յայտնեն, կը հարցնեն անոր իմաստին մասին, ուրտեղէն յառաջացած է եւ այլն: Սա իմ ամենասպասուած եւ ուրախ պահերը կ’ըլլան: Ու հաճոյքով կը բացատրեմ, կը լուսաբանեմ Փարամազի եւ 20 Կախաղաններուն մասին: Կը պատմեմ անոնց անցած ճամբան եւ անշուշտ անոնց կախաղան բարձրանալը: Պատահած է, որ բացատրելէս ետք ժամեր շարունակենք արծարծել գաղափարական այս նիւթին մասին:

Ծնողքս ընտրած են Փարամազ անունը, քանի որ երկուքն ալ հնչակեան գաղափարապաշտ անձեր են: Ու քանի որ Փարամազը եղած է հերոս եւ աշխուժ յեղափոխական, ընտրած են որպէս հնչակեան մեծ խորհրդանիշ, սիմպոլ»:

 

3) ՓԱՐԱՄԱԶ ՃԱՆՃԱՆԵԱՆ

Ծնողաց անունը՝ Գէորգ եւ Մարի Ճանճանեան: Ծնած է 1960-ին: 6 տարեկանէն եղած է Հ.Մ.Մ. «Մասիս»ի անդամ, նախ որպէս գայլիկ, ապա՝ ֆութպոլիստ: Մինչեւ օրս կը վարէ «Մասիս» Մարզական Միութեան վարչութեան փոխատենապետի պաշտօնը, միեւնոյն ատեն ըլլալով Ս.Դ.Հ.Կ.-ի «Սապահ Գիւլ» մասնաճիւղի վարչական: Կուսակցական շարքեր անցած է «Սէֆէրեան» ուսանողական միութենէն՝ 1978-ին:

«Փարամազ անունը ինծի համար հպարտութեան առիթ է, քանի որ Փարամազ եղած է հայ ժողովուրդի քսաներորդ դարու առաջին յեղափոխական փաղանգին ղեկավարը, որուն ծրագիրը եթէ յաջողէր, հաւանաբար հայ ազգը խուսափած կ’ըլլար օսմանեան եաթաղանէն, ջարդէն։

Օտարները յաճախ կը հարցնեն անունիս իմաստին մասին, ուր ես կը բացատրեմ անոր յեղափոխական հնչակեան ղեկավար ըլլալը, որ յանուն հայութեան զոհուած է Պայազիտ հրապարակին վրայ։

Ծնողքս հնչակեաններ ըլլալով ծնած օրէս ուզած են ինձ մկրտել հնչակեան անունով եւ գաղափարով: Ես հպարտ եմ ե՛ւ իմ անունով ե՛ւ գաղափարով»։

 

4) ՓԱՐԱՄԱԶ ՏՕՆԻԿԵԱՆ

Գաղափարանուէր հնչակեան Կիրակոս Տօնիկեանի զաւակ: Ծնած է 1931-ին եւ մահացած՝ 2001 թուականին: Աշակերտած է Սահակեան լիսէի մէջ, ապա ուսումը շարունակած է Անթիլիասի Կաթողիկոսարանը եւ Ամերիկեան համալսարանէն ստացած է պսակաւոր արուեստից վկայական: 1955-էն՝ Կիրակոս Տօնիկեան եւ Որդիք հրատարակչատան սեփականատէր:

Կը պատմէ որդին՝ Ազգային երեսփոխան Կիրակոս (Կիկի) Տօնիկեանը:

«Մեծ հայրս, Կիրակոսը եղած է թունդ հնչակեան, երբեմն կուսակցական ժողովները հոս կ’ընէին, այս տպարանին մէջ, ողբ. Միհրան Սէֆէրեանի հետ միասին: Ուստի ակնկալելի էր, որ մեծ հայրս իր զաւակներէն մէկուն անունը մկրտէր հնչակեան հերոսի մը անունով: Ի դէպ, եղբօրս, Արմանի զաւկին անունը իր մեծ հօր անունով՝ Ալեքս-Փարամազ է:

Ինծի համար Փարամազ անունը սրբապատկեր մըն է (icon): Ինծի ուժ եւ կորով փոխանցող անուն մըն է: Ամէն անգամ, որ դժուարութեան մը հանդիպիմ՝ ինքզինքս կը մխիթարեմ ըսելով՝ «դուն Փարամազին տղան ես, անկարելի է, որ յուսահատիս»: Հայրս ինծի համար մեռած չէ, տակաւին հոս է, տպարանին ամէն մէկ անկիւնին մէջ տակաւին իր հետքը կայ:

Արաբերէնով օտարներ Փարամազ անունը յաճախ սխալ կը գրէին: Ամէն անգամ հարկ կ’ըլլար իրենց բացատրել ճիշդ գրելաձեւը: «Ա»-երը (արաբերէնով՝ ալըֆ) նկատի չէին առներ: Այս պատճառով հօրս անձնաթուղթը մենք երեք անգամ փոխած ենք մինչեւ որ վերջապէս ստացանք ճշգրիտ ձեւը: Պետական ինքնութեան տետրի բաժանմունքէն 3 անգամ փոխել տուած ենք «Փարամազ»ի սխալ գրութեան պատճառով:

Երբ փոքր էի, հօրս անուան մասին գաղափար չունէի: Հետագային իմացայ, որ Քսաններու հերոսին անունն է: Արաբները միշտ կը հետաքրքրուէն այդ անուան իմաստին մասին ու հայրս մեծ ոգեւորութեամբ կը պատասխանէր: Օր մը ես ու հայրս ծովեզերքը քալելու մարզանք կ’ընէինք, մեր ետեւէն անծանօթ մը արաբերէնով հարցուց. «Ինչպէ՞ս ես Փարամազ»: Հետաքրքրուեցանք, ու պարզուեցաւ որ ձայնողը Թըղրին գիւղէն հօրս մանկութեան ընկերը՝ ապագային զանազան նախարարութիւններ ղեկավարած Միշէլ Մըրն էր: Ինծի համար նախ հետաքրքրական էր, որ ոչ-հայ անձ մը կրցած էր հօրս անունը ճշգրիտ ձեւով հնչել, եւ երկրորդ՝ այդ օր Միշէլ Մըրի պատմածէն տեղեկացայ, որ Թըղրինի պարտէզին մէջ մեծ հայրս փոքր քարերով Հնչակեան զինանշանը կազմեր է:

Կը կարծեմ, որ անոնք որ այս հերոսին արժէքը գիտեն, իմաստը գիտեն եւ կը հաւատան՝ անոնք պէտք է դնեն Փարամազ անունը: Այն որ կ’անգիտանայ յեղափոխականին արժէքին՝ դնելու սիրոյն թող չդնեն»:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ

Next Post

ՓԱՐԱՄԱԶԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻՆ ԴԱՐՁԱՒ 56 ՏԱՐԵԿԱՆ

Next Post
ՓԱՐԱՄԱԶԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻՆ ԴԱՐՁԱՒ 56 ՏԱՐԵԿԱՆ

ՓԱՐԱՄԱԶԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻՆ ԴԱՐՁԱՒ 56 ՏԱՐԵԿԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.