«Փարամազ»ը Հ.Մ.Մ. ակումբի մուտքին
Պէյրութի մէջ, նախ՝ Հ.Մ.Մ. ակումբը եւ ապա՝ Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան գոլէճի մուտքին խրոխտ հայեացքով իր ազգակիցներն ու գաղափարակիցները ողջունող Փարամազի կիսանդրին 56 տարեկան է այսօր: Ան իր անուան տիրոջ պէս ունի յեղափոխականի ճակատագիր, անոր նման «Բանտ ու աքսորանք, գնդակ ու զնտան»ի արժանացած:
ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ
Անմահ Փարամազի կիսանդրիին բացման հանդիսութիւնը մեծ շուքով կատարուած է Քսան Հնչակեան Հերոսներու անթառամ յիշատակի ոգեկոչման օրը՝ Կիրակի, 15 Յունիս 1969-ին, Հ.Մ.Մ.-ի Պէյրութի ակումբի մուտքին։
Առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբին կողմէ լիբանանեան քայլերգը հնչած պահուն, Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ողբ. ընկեր Յարութիւն Կուժունի վար կ’առնէ Անմահ Փարամազի կիսանդրին ծածկող Հնչակեան Կարմիր դրօշը։ Իսկ «Հեռաւոր Երկիր»ը նուագուելու պահուն, Հ.Մ.Մ.եան երկու արենուշներու կողմէ մատուցուած ծաղկեպսակը ատենապետին կողմէ կիսանդրիին առջեւ կը զետեղուի։ Ապա, հայ քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ, հոգեւորական դէմքեր, լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներ, մտաւորական եւ ազգային դէմքեր, կուսակցական ընկերներ ու համակիր բարեկամներ կը փութան սրահ, ուր տեղի կ’ունենայ հոգեպարար հանդիսութիւն։ Ընկեր Գաբրիէլ Մոլոյեանի հակիրճ բացման խօսքէն ետք, յաջորդաբար ելոյթ կ’ունենան օրուան երեք բանախօսները՝ Գէորգ Տարօնի (Հ․Մ.Մ·ի Պէյրութի շրջանի քարտուղար), Տիրան Ակինեան (Սուրիոյ շրջանի հնչակեան ղեկավարներէն, Դամասկոսի Ազգ. Թարգմանչաց ճեմարանի տնօրէն) եւ Բենիամին Ժամկոչեան (կրթական մշակ, Սահակեան լիսէի տնօրէն), ինչպէս նաեւ այդ օրերուն Հայրենիքէն հիւրաբար ներկայ գտնուող՝ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէութեան բաժնի վարիչներէն պրն. Գրիգոր Պէքմէզճեանը:
Տխրունի ուսանողական միութեան անունով ուղերձ մը կը կարդայ ընկեր Յովհաննէս Ճէրէճեան, իսկ Վահան Թէքէեանի՝ Քսաններուն նուիրուած հնչեակը կ’արտասանէ ընկեր Սեդրակ Աճէմեան։
Փակման խօսքը կը կատարէ Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի ատենապետ ընկեր Յարութիւն Կուժունի։
15 Յունիս 1969
ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾԸ
Անմահին քանդակին պատրաստութեան նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Պէյրութի Տխրունի ուսանողական միութեան: Իսկ արձանին պատրաստութիւնը կ’իրականանայ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէին համագործակցութեամբ:
Հայրենի արձանագործ Գրիգոր Ահարոնեանին կ’առաջարկուի հերոսի կիսանդրիին իրագործումը: Այդ տարիներուն Հայաստանի մէջ շատ յայտնի անուն մըն էր Ահարոնեանը, որուն հիանալի արձաններն ու կիսանդրիները կը զարդարէին Երեւանի բազմաթիւ հրապարակներն ու հաստատութիւնները: Անոր գործերէն էին Շահումեանի, Միասնիկեանի, Մեսրոպ Մաշտոցի յուշարձանները, Ստեփան Շահումեանի, Չեխովի, Յակոբ Մեղապարտի քանդակները, պուլկար ժողովուրդի առաջնորդ եւ ուսուցիչ Կէորկի Տիմիթրովի կիսանդրին եւ այլն։ Գրիգոր Ահարոնեան 1946 թուականին Պուլկարիայէն հայրենադարձ էր:
Մինչեւ արձանի պատրաստութեան առաջարկը, Փարամազը իրեն համար բոլորովին անծանօթ եղած է, երբեք չէ լսած մեծ յեղափոխականին մասին:
Քանդակագործ Գրիգոր Ահարոնեան եւ Փարամազի անաւարտ կաւէ արձանը
Պէյրութէն ստացուած կենսագրական նիւթերը կարդալէն եւ Փարամազի նկարներուն եւ անոր հերոսական կեանքին ծանօթացանալէն ետք միայն համաձայնած է ստանձնել աշխատանքը եւ ներշնչումով անցած է գործի: Անմահ հերոսին պանծալի կեանքին բոլոր երեսները խորապէս ընկալելով՝ Կովկասի լեռներուն վրայէն, հայատեաց Կալիցինի մահափորձէն, մինչեւ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ որպէս կուսակցական քարոզիչ ու կազմակերպիչ, անցնելով Ղարաբաղի զանազան կեդրոններու մէջ հայ-թաթարական կռիւներէն, հասնելու համար վերջապէս Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտի հրապարակին վրայ կանգնած կախաղանի բարձունքը ու մեզի ձգած իր մարգարէաշունչ պատգամով՝ արձանագործը այն աստիճան ներշնչուած է, որ նոյնիսկ հրաժարած է իրեն բաժին հասնող պատուագինէն:
Սահակեանի մէջ
Ահարոնեան առիթով մը պատմած է արձանի պատրաստութեան ընթացքին իր ունեցած որոշ դժուարութիւններուն մասին: Տարբեր ժամանակներու, տարբեր պայմաններու տակ հանուած լուսանկարները մէկը միւսին չեն նմանած: Սակայն ան ի վերջոյ յաջողած է հերոսին բուն դիմագիծը արտայայտել, Փարամազի արձանին տալով սքանչելի հայեացք մը, որ կը մատնէ մեծ հերոսին անձնական ոգին, անբեկանելի վճռակամութիւնը եւ խիզախութիւնը։
Ինչպէս նշեցինք, Քսաններու ղեկավար Փարամազի կիսանդրիին բացումը տեղի ունեցած է Կիրակի, 15 Յունիս 1969-ին, Հ.Մ.Մ.-ի Պէյրութի ակումբի մէջ: Թէեւ ամիսներ առաջ քանդակագործին յատուկ հրաւէր ղրկուած է, սակայն արուեստագէտը չէ կրցած ներկայ գտնուիլ այս մեծաշուք հանդիսութեան։
ԿԻՍԱՆԴՐԻԻՆ ՆՍՏԱՎԱՅՐԵՐԸ
Հ.Մ.Մ.-ի ակումբի շեմքը 15 տարի Փարամազի կիսանդրիին «նստավայրը» եղած է: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենաթէժ օրերուն ահաբեկման ենթարկուած է մինչեւ օրս չբացայայտուած «անյայտ»ներու կողմէ: Այնուհետեւ վերանորոգուած ու յարմար նկատուած է զայն տեղափոխել Սին Էլ Ֆիլ, նորակառոյց Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան գոլէճի բակը, ուր մինչեւ այսօր՝ 40 տարիէ աւելի, իւրաքանչիւր ազատատենչ հայու, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի կուսակիցներու եւ համակիր բարեկամներու ուխտավայրը դարձած է: