Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ

(ԱԿԱՆԱՏԵՍԻՆ ՊԱՏՄԱԾԸ) S. ԳԱԼՈՒՍՏ ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

June 15, 2025
in Յօդուածներ
0

 

 

 

Հետեւեալը գրի առնուած է Գում-գաբուի քահանաներէն Տ. Գալուստ Յ. Պօղոսեանի կողմէ, որ միակ վկան է կախաղաններու նախորդ օրը բանտին մէջ անցած դարձածին եւ մահապատիժին: Ահա թէ ի՛նչպէս կը պատմէ.

Ի՞ՆՉՊԷՍ ԿԱՆՉՈՒԵՑԱՅ

Յունիս 14-ի Կիրակի իրիկունը ժամը 9:30-ի ատենները ընթրիքս նոր աւարտած էի, երբ դուռը զարնուեցաւ ուժգնօրէն:

Մեծ զաւակս՝ Գրիգոր, բացաւ դուռը եւ քիչ յետոյ վերադարձաւ՝ ըսելով.

– Հայրի՛կ, ոստիկան մը եկած է եւ քեզ կը կանչէ:

Վար իջայ: Գաղտնի ոստիկան մըն էր եկողը, որ հարցումիս պատասխանելով ըսաւ.

– Ոստիկան տնօրէնը ձեզ տեսնել կ’ուզէ անմիջապէս:

Շատերու զինուորագրութեան խնդրին առթիւ երաշխաւոր եղած ըլլալով, կարծեցի որ այդ առիթով զիս կը կանչեն: Միեւնոյն ատեն վախը պատած էր զիս, որովհետեւ հայութեան համար է՛ն դժնդակ օրերը կ’ապրէինք: Կարծես այս մտածումս կարդալով դէմքիս վրայ, գաղտնի ոստիկանը ըսաւ.

– Մի՛ վախնաք, ձեզի անձնապէս որեւէ բան չկայ, պաշտօննիդ կիրարկելու համար կը կանչուիք:

Այս խօսքերը զիս աւելի շփոթեցուցին, որովհետեւ չէի կրնար հասկնալ թէ «պաշտօնիս կատարումը» ի՞նչ կապ ունէր թուրք ոստիկանութեան հետ:

Երբ հասանք Միւտիւրիէթ, զիս առաջնորդեցին «Թահիր օտասըն», ուր պարթեւ հասակով անձ մը «պույուրըն, պույուրըն» ըսելով իր աթոռը ինծի տուաւ, միեւնոյն ատեն սիկառ մը հրամցնելով, հրամայեց որ սուրճ մը բերեն. յետոյ ծիծաղկոտ դէմքով մը ինծի դառնալով թրքերէն ըսաւ հեգնանքով.

– Ո՛վ գիտէ ինչե՜ր կ’անցընէք մտքերնուդ, փափազ էֆէնտի:

Յետոյ առանց սպասելու իմ պատասխանիս, շարունակեց.

– Ձեր տաքգլուխներէն մէկ քանի հոգի անկախ Հայաստան մը կազմակերպել ուզեր են եւ մեծ ոճիրներ ընել ծրագրեր են: Ատոր համար անոնք ձերբակալուեցան եւ Պատերազմական ատեանին կողմէ մահուան դատապարտուեցան: Մահավճիռը առտուն պիտի գործադրուի: Ձեզի կանչեցինք, որպէսզի անոնց կրօնական պարտականութիւննին կատարել տաք:

Յետոյ հետաքրքրուեցաւ իմ ընտանեկան պարագաներովս եւ ընտանիքս մտատանջութենէ ազատելու համար հեռաձայնեց Գում-գաբուի ոստիկանատունը, որպէսզի տունը լուր տան:

Յետոյ իմացայ որ ինծի հետ խօսող այդ անձին անունն էր Քէլ Օսման պէյ:

Երեք քառորդ ժամ յետոյ Քէլ Օսման պէյ զիս յանձնեց նոյն տեղի սէր-քոմիսէրին, յանձնարարելով որ գիշերուան ժամը 2-ին զիս տանի Պատերազմական ատեան, որոշեալ պաշտօնեաներով: Յետոյ ինծի դառնալով եւ նոյն հեգնական շեշտով ու սադայէլական ժպիտով մը ըսաւ.

– Փափազ էֆէնտի, անոնց հետ երես երեսի բերուած ատենդ ըսէ որ այս աշխարհին մէջ հանդարտ չկեցողին մահը այսպէս կ’ըլլայ: Չըլլայ որ անդի աշխարհին մէջ ալ յեղափոխութիւն հանել փորձեն, որովհետեւ հոնտեղի պատիժը աւելի խիստ է:

 

ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ՄԷՋ

Մէկ-երկու ժամ այդտեղ սպասելէ յետոյ, զիս տարին դէպի Պատերազմական ատեանը: Ոտքերս ինծի չէին հպատակեր, գինովի նման կը քալէի, առանց մտածելու եւ առանց կամքի: Մտածումներս խոյս կու տային ուղեղէս եւ մեծ բան եթէ այդտեղ չինկայ մահացած:

Պատերազմական ատեանին առջեւ հասած էինք, երբ սթափեցայ, տեսնելով այն եռոտանիները, ուրկէ պիտի կախուէին քիչ յետոյ մեր նահատակները: Արիւնը գլուխս խուժեց, պաղ քրտինք մը պատեց մարմինս եւ ուժաթափ պիտի իյնայի, բայց քովիններս բռնեցին:

Ներս մտանք Պատերազմական ատեանի պաշտօնատունէն եւ առաջնորդուեցանք սենեակ մը, ուր կային սպայ մը եւ զինուորական բժիշկ մը: Դուռին մօտ նստած էին երկու գնչուներ, որոնք կը պատրաստէին կախաղանի չուանները: Սպաներ կ’երթային, կու գային դրան առջեւէն եւ կը կատակէին գնչուներուն հետ:

Ժամէն աւելի սպասեցինք հոդ:

Առաւօտուն 3 ու կէսի ատենները պաշտօնատունը սկսաւ ոգեւորուիլ: Սպաներ կու գային սուրերնին շաչեցնելով. դուռերը կը բացուէին, կը գոցուէին:

Բակին ձեղունին մէջ բոյն դրած աղաւնիներն ալ արթնցած էին եւ իրենց տխուր ղո՛ւ, ղո՛ւ, ղո՛ւ կանչովը կարծես կու լային եւ կ’ողբային մահը այն քսան կտրիճներուն, որոնք իրենք զիրենք կը զոհէին Հայաստանի համար:

Անմեղ թռչնիկներուն այդ կանչը զիս աւելի յուզեց եւ արտասուալից կը սպասէի պատահելիքին:

 

ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ներս մտցուցին 10 հոգի, որոնց մէջ էին նաեւ տոքթ.Պէննէն եւ Բանուորը: Անոնք ոտքի վրայ սպասեցին, երբ ներս մտան՝ Պատերազմական ատեանի նախագահը, անդամները, մէրքէզ քոմանտանին եւ իր օգնականը, ոստիկանական տնօրէն Պէտրի կոչուած հրէշը, ընկերակցութեամբ մէրքէզ մէմուրիներու, քոմիսէրներու, գաղտնի ոստիկաններու: Անոնցմէ վերջ ներս մտաւ երիտասարդ սպայ մը, ձեռքը բռնած ծրար մը թուղթ, եւ դառնալով դատապարտեալներուն, ըսաւ թուրքերէն.

– Պատերազմական ատեանը ձեզ մահուան դատապարտած ըլլալով, Սուլթանը վաւերացուցած է: Քիչ յետոյ մահավճիռը պիտի գործադրուի: Այս քահանան ձեր կրօնական վերջին պարտականութիւնը կատարել պիտի տայ:

Երիտասարդներէն մէկը, որուն անունը չեմ կրնար մտաբերել, որովհետեւ չափազանց յուզուած էի, երեսին վրայ ինկաւ եւ բարձրաձայն սկսաւ հեկեկալ:

Երբ պաշտօնեաները ուզեցին զայն վերցնել, իր ընկերները թող չտուին, իրենք վերցուցին եւ սկսան քաջալերել:

Հրաման ըրին ինծի կատարել արարողութիւնը:

Սկսայ արտասանել «Մեղայ Ամենասուրբը», որուն կը պատասխանէին «Մեղայ Աստուծոյ» ըսելով միաբերան:

Ջուր ուզեցի: Շիշ մը ջուր եւ գաւաթ մը բերին, որ օրհնեցի, խաչակնքեցին եւ բոլորը խմեցին անկէ:

Երբ արարողութիւնը լմնցաւ, սպայ մը զիս առաւ եւ տարաւ քովի սենեալը:

Ես կը կարծէի որ մահուան դատապարտուածները այդքան էին միայն, բայց տեսայ որ հոն ալ 10 հոգի կային:

Ամէնէն առաջ աչքիս զարկաւ հին եւ լաւ ծանօթներէս Արամ Աչըքպաշեան:

Չէի կրնար հաւատալ աչքերուս եւ վարանած կեցած էի, երբ հրամայեցին հոս ալ պէտք եղածը կատարել:

Աչըքպաշ հարցուց միւս ընկերներուն ո՛ւր ըլլալուն մասին. յետոյ խստիւ պատուիրեց որ իրենց մարմինները առանձին-առանձին չթաղեմ, այլ բոլորը միասին մէկ փոսի մէջ:

Ես հազիւ կը լսէի ըսածները, այն աստիճան ուժաթափ եղած էի հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս:

Երբ բոլոր արարողութիւնները վերջացան, ամէն մէկուն տուին թուղթ մը եւ մատիտ, իրենց կտակները գրելու համար: Յետոյ բերին մահուան ճերմակ շապիկներ եւ մէյ-մէկ հատ բաժնեցին իւրաքանչիւրին:

Այդ միջոցին մահապարտներէն մէկը դառնալով դէպի սպան, պոռաց թուրքերէն.

– Ինչպէս որ զիս մահուան դատապարտեցիր, անանկ ալ դուն հագցո՛ւր շապիկս եւ թեւերս դուն կապէ՛…

Սպան սարսափած ետ-ետ գնաց, մինչ երիտասարդը յարեց.

– Ինչո՞ւ կը սարսափիս:

Այս խօսքին վրայ սպան դողահար մօտեցաւ, հագցուց շապիկը եւ կապեց ձեռքերը:

Շապինգարահիսարցի Գառնիկ, որ մինչեւ այն ատեն լուռ կեցած էր, յանկարծ պոռաց թուրքերէն.

– Ո՛վ ոճրագործներ, եթէ ուզած երեսուն ոսկի կաշառքնիդ տուած ըլլայի, զիս ազատ կ’արձակէիք, չէ՞:

Յետոյ հանեց հաշուետետրը, սանտր մը, կարգ մը թուղթեր եւ ոսկի ժամացոյց-շղթայ մը, որ ինծի յանձնեց: Երեմիա Մանուկեանն ալ ոսկեզօծ գեղեցիկ գրիչ մը տալով ինծի, յանձնարարեց կնոջը տալ իբրեւ յիշատակ:

Երբ շապիկները հագցուցին եւ ձեռքերը կապեցին, հրաման եղաւ որ դուրս տարուին: Այդ միջոցին սպայ մը ձեռքէս առաւ աւանդները, ըսելով որ մահապարտներու պարագաներուն պիտի տայ զանոնք:

 

ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ

Քսան ընկերները տարին կեցուցին կախաղաններուն առջեւ: Մէկ-երկուքը կը դողային եւ կը դանդաղէին. բայց մեծ մասը անվեհեր կերպով կը դիմագրաւէին մահը եւ կ’արհամարհէին զայն: Այն հոգեկան կորովը, որ ցոյց կու տային անոնք, կը վարակէր զիս ալ եւ կը տոկայի այդ տեսարանին:

Ոչ մէկ տրտունջ կամ դժգոհութիւն կը լսուէր անոնց բերնէն, որովհետեւ համոզուած զինուորներն էին ազատութեան բանակին: Անոնց յիշատակը պէտք է ըլլայ անմեռ մեր նոր սերունդին համար, քալելու այդ մարտիրոսներու գծած արեան ուղիէն:

Այդ միջոցին Մերքեզ Գոմանտանին հանեց ծալլուած խոշոր թուղթ մը, համբուրեց, իր օգնականին յանձնեց, ան ալ իր կարգին համբուրելէ վերջ տուաւ ընդհանուր դատախազին, որ կարդաց Սուլթանէն վաւերացուած մահավճիռը: Այն վայրկեանին, երբ կը կարդացուէր թէ ինչ յանցանքի համար դատապարտուած էին, բոլորը միասին պոռացին, յուզուած, բայց ուժեղ ձայնով մը.

– Կեցցէ՜ Հայաստան, կեցցէ՜ Հայաստան:

Մահավճիռին ընթերցումէն յետոյ Փարամազ դարձաւ իր ընկերներուն եւ քաջալերական խօսքեր ըրաւ անոնց, հակառակ անոր որ արգելք ըլլալ կ’ուզէին, մինչ տոքթ. Պէննէ կը պոռար դահիճներու երեսին:

– Մեզ, քսանս կը կախէք, բայց քսան հազարներ պիտի հետեւին մեզի:

Լռեցուցին: Այս խօսքերը իբրեւ մէյմէկ հրաշէկ երկաթ կը մխուէին անոնց գանկերուն մէջ:

Առաջին անգամ Փարամազը տարին կառափնատին առջեւ, իսկ զիս բաժնեցին անոնցմէ եւ տարին այն սենեակը, ուր արարողութիւն կատարեր էի:

Պատուհանէն կրցայ հետեւիլ այդ տխուր տեսարանին, չուշաթափուելու համար գերմարդկային ճիգեր ընելով:

Յաջորդաբար կը տանէին եւ կը կախէին: Մէկ քանի ցնցումներ եւ կ’անշնչանային անոնք:

Յանկարծ երգի մը ձայնը լսուեցաւ:

Երուանդն էր, Բանուորը, որ երգով կը դիմաւորէր մահը, արհամարհելով զայն: Ամենայն տեղ մահը մի է

Մարդ մի անգամ պիտ’ մեռնի,

Բայց երանի, որ իւր ազգին

Ազատութեան կը զոհուի…

Երգին վերջին վանկերը խառնուեցան մահուան հռնդիւններուն հետ:

Երբ վերջացաւ սարսռազդեցիկ այդ գործը, բոլորին վիզէն կախեցին տախտակներ, որոնց վրայ իրենց մահավճիռը գրուած էր եւ լուսանկարիչ մը լուսանկարեց կախաղանները:

Ա. լուսանկարումէն յետոյ զինուորական բժիշկներ օրինական քննութիւնը կատարելով քակեցին ձեռքերը եւ կրկին լուսանկարեցին:

Քիչ վերջը եկաւ զինուորական բեռամբարձ օթոմոպիլ մը, ուր լեցուցին նահատակներուն մարմինները:

Օթոմոպիլը դուրս ելաւ «Էսկի Սերայ»ի դուռէն եւ ուղղուեցաւ Շահզատէի կողմը: Զիս տարին Պայազիտի ոստիկանական կեդրոնը, հոն թուղթ մը ստորագրել տուին եւ մէկ քանի ժամ վար դնելէ յետոյ ազատ թողուցին:

Երբ ոստիկանատունէն դուրս ելայ, խելակորոյս էի: Տեսածներս, քնատ վիճակս այն տեսակ վերի վայր ըրած էին հոգիս, որ մարդկութենէ դուրս բան մը եղած էի: Քայլերս անգիտակցաբար ուղղեցի դէպի տուն:

Հոն հասնելուս կիսամեռ ինկայ եւ առանց պատասխանել կարենալու ինծի եղած հարցումներուն, սկսայ ջղային լացով մը հեկեկալ: Քիչ մը հանդարտելէ յետոյ պատմեցի եղելութիւնը եւ գացի Մայր եկեղեցի, ուր Թաղական Խորհուրդի մէկ քանի անդամները եւ քահանայ եղբայրներս ինձ կը սպասէին: Ստիպուեցայ կրկնել պատմութիւնս, որ յուզումով լսեցին:

Զաւէն պատրիարք լսած ըլլալով ինծի պատահածը, լուր ղրկած էր: Գացի եւ դէպքը պատմեցի իր բոլոր մանրամասնութիւններով, մինչ Սրբազանը արտասուալից մտիկ կ’ընէր ըսածներս եւ սիրտը կ’արիւնէր:

Սակայն տակաւին վերջացած չէր:

Հազիւ եկեղեցի վերադարձայ, ինծի լուր բերին թէ ոստիկանական պահականոցէն զիս կանչած են: Նորէն հոն գացի, ինձ յանդիմանեցին թէ ինչո՞ւ կախուողներուն մարմինները ձգած եմ եւ գացած:

Պատասխանեցի որ իրենք զիս ճամբեցին եւ ոչ թէ ես փախայ:

Զիս քաշկռտեցին ոստիկանատունէ ոստիկանատուն, պատերազմական ատեան, միւտիրիյէթ եւ քանի ժամուան չարչարանքէ յետոյ ճամբեցին: Երբ խնդրեցի որ թոյլ տրուի ինծի երթալ եւ թաղման արարողութիւն կատարել, Պէտրի պէյ երեսիս պոռաց.

– Անանկներուն ոչ մէկ բան պէտք է, անոնք միլլէթ խայինի են:

Այսպէս վարձատրուեցան անոնք, որոնք մահը արհամարհեցին Հայաստանի համար, այսպէս խժդժօրէն նահատակուեցան իրենց կեանքի գարունին մէջ այդ անձնուրաց գործիչները եւ խոստմնալից մտաւորականները, որպէսզի «հայը որ կաթիլ-կաթիլ կը մեռնէր», ազատէր այդ մահէն:

Հանգիստ անոնց ոսկորներուն եւ օրհնութիւն անոնց յիշատակին:

 

ՈՒԽՏԱՏԵՂԻՆ

Էտիրնեգաբուի Հայոց գերեզմանատան պատին դուրսի կողմը, հասարակաց փոսի մը մէջ կը հանգչին անոնք, համաձայն Աչըքպաշի կտակին, եղբայրական քունով մը: Չկայ շիրիմ, չկան ծաղիկներ, որովհետեւ անոնք չքալեցին ծաղիկներու վրայէն, այլ նախընտրեցին փշnտ ճամբան եւ պէտք չունին ծաղիկներու:

Ուխտի վայր մըն է անիկա ընկերներու համար, մինչեւ այն օրը երբ այդ նուիրական աճիւնները կը փոխադրուին հայրենի հողին վրայ, ազատագրուած ամէն տեսակ բռնութիւններէ:

 

«ՋԱՀԱԿԻՐ», 18 եւ 25 Յունիս 1964

Share61Tweet38
Previous Post

ՓԱՐԱՄԱԶԻ ԱԶԱՏԱՏԵՆՉ ՀՈԳԻՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՍԱՒԱՌՆԻԼ ՔՈՊԱՆԻԻ ՎՐԱՅ

Next Post

ԱՆՈՒՆՍ ՓԱՐԱՄԱԶ Է

Next Post

ԱՆՈՒՆՍ ՓԱՐԱՄԱԶ Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.