Այս յօդուածի հիմնական բովանդակութիւնը գրուած է 2014 թուականի Հոկտեմբերին, «Փարամազի ազատատենջ հոգին կը սաւառնի Քոպանիի վրայ» վերնագրի տակ: Այսօր նոյն յօդուածը՝ բովանդակութեան եւ վերնագրի փոքրիկ փոփոխութիւններով եւ յաւելումներով կը ներկայացնենք մեր յարգոյ ընթերցողներուն: Բարեփոխումները կատարեցինք ժամանակին հետ համահունչ պահելու եւ նոր տուեալներ ձեռքբերուած ըլլալու պատճառով:
Իր օրին վերնագիրը տարօրինակ կը թուար կամ անկապ անիմաստ նախադասութիւն մը, ի՞նչ առնչութիւն կրնար ունենալ հարիւր տարի առաջ Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ նահատակուած Հնչակեան Փարամազը Քոպանիի մէջ տարուող կռիւներուն հետ:
Ահա պատասխանը:
2014 թուականի Հոկտեմբեր ամսուն էր, շատերս կը հետեւէինք Քոպանիի շուրջ ընթացող մարտական գործողութիւններու զարգացումներուն, յանկարծ հետեւեալ լուրը փշաքաղեց մարմինս, «Ընկ. Փարամազը զոհուեցաւ ուժ տալով Քոպանիի դիմադրութեան» վերնագրին տակ դրուած էր լայն ժպիտով երիտասարդի մը պատկերը: Մեծ հետաքրքրութեամբ սկսայ կարդալ քրտամէտ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու (YPG) մամլոյ գրասենեակի պաշտօնական կայքէջին տուած լուրը, ուր կ’ըսուէր. «Մեր ժողովուրդներուն ազատ ապագայ մը հիմնելու համար, Քոպանիի մէջ տարուող պայքարին ուս տուած ընկ. Փարամազ-Քըզըլպաշը, ժողովուրդներու վայրագ թշնամի «Իսլամական պետութիւն» (ՏԱԷՇ)-ի աւազակախումբերու դէմ պայքարի ժամանակ անմահացած է:
Հերոսին թաղումը
Քոպանիի պաշարման առաջին օրերէն յեղափոխականին յարիր աննկուն կեցուածք ցուցաբերած է ընկ. Փարամազը: Մեծ յարգանքով կը յիշենք զայն: Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք առաջին հերթին իր ընտանիքի անդամներուն, պայքարի ընկերներուն եւ մեր բոլոր ժողովուրդներուն»:
Գզըլպաշի ծնողաց հետ
Հետաքրքրութիւնս շատ արագ անհետացաւ, երբ Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Evrensel» լրատուական կայքէջին վրայ կարդացի հետեւեալը. «Նեժաթ Սուպհի Աղըրնասլը իր յեղափոխական անունը ընտրած էր 1915-ին Պայազիտ հրապարակին վրայ հայ սոցիալիստ յեղափոխական Մատթէոս Սարգիսեանի ծածկանունը՝ Փարամազ: Ան Պողազիչիի համալսարանի հասարակագիտութեան բաժինը աւարտած էր եւ կը պատրաստուէր դոկտորական թէզը պաշտպանելու երբ միացաւ Քոպանիի ազատամարտին»:
Լուրերու հեղեղը մինչեւ իրիկուն աւելի արագացաւ, Պոլիսէն մեր բարեկամները կապուելով բացատրեցին թէ ինչ պատահեցաւ, որ Նեժաթ Սուպհի ընտրեց «Փարամազ»ը իր յեղափոխական ծածկանունը: Ան ծանօթանալով Փարամազի կեանքին ու գործունէութեան, հրապուրուելով անոր յեղափոխական ոգիին եւ գործելաձեւին, Նեժաթ իր մերձաւորներուն ըսած է. «Ես ուշ ծանօթացայ Փարամազին, եւ հիմա երբ կ’երթամ մասնակցելու պայքարին իր անունը կը վերցնեմ որպէս յեղափոխական ծածկանուն»:
Յիրաւի պատահական չէր երբ այս տարի Լիբանանի մէջ Քսաններու ոգեկոչման գլխաւոր բանախօսը Փարամազին տուաւ Անատոլիայի Չէ-կեւարա անունը: Թէեւ քիչ մը ուշ, սակայն կարծես թէ պատմութիւնը սկսած է իր արժանի գնահատականը տալ Մատթէոս Սարգիսեան յեղափոխականին եւ անոր պատկանած Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան:
Յիրաւի համամարդկային յեղափոխութիւնը եւ յեղափոխականները սահմաններ չեն ճանչնար, անոնց հայրենիքը ամբողջ Երկիր մոլորակն է, եւ ամէնուր իրաւազուրկ ժողովուրդներ ազգային ազատագրական եւ ընկերային արդարութեան հասնելու համար պայքար կը մղեն:
Ո՞վ էր Փարամազ-Քըզըլպաշ՝ Նեժաթ Սուպհի Աղըրնասլըն
Ըստ տարբեր կայքէջերու, ան հասարակագէտ, թարգմանիչ եւ յեղափոխական գործիչ է, զոհուած է 2014 թուականի Հոկտեմբերի 5-ին, Սուրիոյ Քոպանիի մէջ՝ «Իսլամական պետութիւն» աւազակախումբին դէմ տարուող պայքարի ժամանակ։Ան կը կռուէր Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու (YPG) եւ Մարքսիստ-լենինիստական կոմունիստական կուսակցության (MLKP) շարքերէն ներս։
Անոր մարմինը գտնուած է 15 ամիս անց, 2015 թուականի Դեկտեմբերին, եւ նոյն ամսուայ 15-ին Քոպանիի մէջ կազմակերպուած է յուղարկաւորութիւնը։ Մայրը՝ Նուրան Աղըրնասլը, ըսած է. «Մենք անոր մարմինը յանձնեցինք այն հողերուն, ուր ան ինկաւ»։ (t24.com.tr)
Փարամազ-Քըզըլպաշի զոհուելէն ամիսներ անց, 2015 թուականի Ապրիլին, Լիբանանի շրջանէն պատուիրակութիւն մը մեկնած էր Պոլիս, Քատիր Աքընի «Փարամազ» գիրքի առաջին հրատարակութեան շնորհահանդէսին, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Հնչակեան ընկերները առիթը ունեցած էին հանդիպելու Նեժաթ Սուպհի Աղըրնասլըի մօր եւ հօր հետ եւ անոնց յանձնելու Հնչակեան կուսակցութեան ցաւակցագիրն ու Փարամազ-Քըզըլպաշի նահատակութիւնը խորհրդանշող յուշատախտակ մը:
Յիրաւի Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը իր ազգին եւ տարածաշրջանի ժողովուրդներու համեստ նուիրեալը ըլլալու կոչումը ունի: Ուստի համախմբուինք անոր նահատակներու արեամբ ներկուած նուիրական կարմիր դրօշին շուրջ, մեր ուխտը նորոգենք ծառայելու Հայաստան հայրենիքին ազգին եւ համայն մարդկութեան:
Յիրաւի Փարամազները անմահ են:
15/5/2025